ՀՀ մշտական բնակչութիւնը կը կազմէ 3 միլիոն 67 հազար մարդ. Վիճակագրական կոմիտէ
ՀՀ վիճակագրական կոմիտէն հրապարակած է մշտական բնակչութեան վերաբերեալ տեղեկագիր: Ըստ ամփոփագրի՝ 2024 թուականի հոկտեմբեր 1-ի դրութեամբ ՀՀ մշտական բնակչութիւնը կը կազմէ 3 միլիոն 67 հազար մարդ:
Ամենախիտ բնակեցուած համայնքը մայրաքաղաքն է: Երեւանի մէջ կ՚ապրի 1 միլիոն 136 հազար մարդ: Վարչական շրջաններէն առաւել շատ բնակչութիւն ունին Մալաթիա-Սեբաստիա, Նոր Նորք, Էրեբունի վարչական շրջանները: Ամենաքիչ բնակեցուած վարչական շրջանը Նուբարաշէնն է: Վիճակագրական տուեալներու համաձայն՝ այստեղ կ՚ապրի 12 հազար մարդ:
Մարզերը եւս աչքի կ՚իյնան բնակչութեան անհաւասար բաշխուածութեամբ: Բնակչութեան կեդրոնացուածութեամբ առաջին տեղը Կոտայքի մարզն է՝ 292 հազար քաղաքացի: Խիտ բնակեցուածութեամբ կ՚առանձնանան նաեւ Երեւանին առաւել մօտ գտնուող մարզերը՝ Արարատը եւ Արմավիրը: Ամենանոսր բնակեցուած մարզը Հայաստանի ամենափոքր մարզն է՝ Վայոց ձորը՝ 49 հազար մարդ:
Ընդհանուր առմամբ՝ Հայաստանի բնակչութիւնն առաւելապէս կեդրոնացուած է քաղաքային բնակավայրերու մէջ՝ 1 մլն 976 մարդ:
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ