Որոնել

Դադիվանքը Դադիվանքը 

Ազրպէյճան բռնագրաւուած Դադիվանքը փոխանցած է Ուտի համայնքի տնօրինութեան

Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, «1993-2020 թուականներու բռնագրաւման ժամանակաշրջանին հայերը փորձած են կեղծել տաճարի պատմութիւնը` փորձելով զայն ներկայացնել իբրեւ իրենցը, իսկ ազատագրումէն ետք վերադարձուած է նախնական տէրերուն»:
Ունկնդրէ լուրը

Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան Քարվաճառ շրջանին մէջ գտնուող միջնադարեան հայկական Դադիվանքը փոխանցուած է Ուտի համայնքի տնօրինութեան:

Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, «1993-2020 թուականներու բռնագրաւման ժամանակաշրջանին հայերը փորձած են կեղծել տաճարի պատմութիւնը` փորձելով զայն ներկայացնել իբրեւ իրենցը, իսկ ազատագրումէն ետք վերադարձուած է նախնական տէրերուն»:

Ըստ «Մոնիւմընթ Ուաչ» կազմակերպութեան, 2020 թուականի պատերազմի աւարտէն ետք ազրպէյճանական պետական քարոզչամեքենան հայկական մշակութային ժառանգութեան բռնաիւրացման միտուած քարոզչութեան մէջ սկսած է աշխուժօրէն ներգրաւել Ազրպէյճանի տարածքին մէջ բնակող հայադաւան քրիստոնեայ ուտիները: Գլխաւոր պատճառը այն էր, որ ուտիները կովկասեան աղուաններու միակ քրիստոնեայ յետնորդներն են:

Մինչդեռ, Դադիվանքի վաղեմութեան ու հայկականութեան մասին կը փաստեն վանքի պատերուն վրայ պահպանուած արձանագրութիւններն ու վանքի տարածքին մէջ գտնուող հնագոյն խաչքարերը:

Վանքի կառուցման մասին պատմական տեղեկութիւններ ու վկայութիւններ կան օտար տարբեր գրականութեան մէջ եւ մասնագիտական աշխատասիրութիւններու մէջ:

Մատենագրական աղբիւրներուն մէջ Դադիվանքը առաջին անգամ կը յիշատակուի 9-րդ դարուն` «… ի խորաձորն, որ կոչի Դադոյի վանք»: Վանքի հիմնադրումը աւանդաբար կը կապուի Թադէոս առաքեալի աշակերտ Դադիի նահատակութեան:

Աւանդութեան համաձայն, վերջինս քրիստոնէութիւն տարածելու համար նահատակուած է, իսկ անոր գերեզմանին վրայ հիմնադրուած է վանքը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2024, 07:57