Որոնել

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել   (REUTERS)

Պորել. «Կազայի մէջ պատերազմը մանուկներու դէմ պատերազմ է»

Պորել նշեց, որ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը չափ ու սահման ունի, եւ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը չ՛արդարացներ Կազայի մէջ քանդումի տարողութիւնը:

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց, որ Կազայի մէջ պատերազմը մանուկներու դէմ պատերազմ է, որուն ընթացքին օրական 50 մանուկ կը սպաննուի:

Պորել նշեց, որ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը չափ ու սահման ունի, եւ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը չ՛արդարացներ Կազայի մէջ քանդումի տարողութիւնը:

«Այս շրջանին մէջ խաղաղութիւն կարելի է հաստատել միայն «երկու պետութիւններ» լուծումի գործադրութեան միջազգային դաշինքի ճամբով», ընդգծեց Պորել:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2024, 07:30