Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած Համերգ՝ Յունաստանի մէջ
14 Նոյեմբերին, Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Աթէնքի Ֆրանսական հիմնարկի ու Ֆրանսայի դեսպանութեան համագործակցութեամբ տեղի ունեցած է Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած համերգը։
Ձեռնարկին սկիզբը ցուցադրուած է Ազնաւուրի մասին պատմող հակիրճ ֆիլմ մը, որուն յաջորդած է «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր եւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Նիքոլա Ազնաւուրի տեսաուղերձը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեան եւ Յունաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան խորհրդական Ալեքսանտր Տիպօ: Վերջինս անդրադարձած է Ազնաւուրի մշակութային ժառանգութեան՝ նշելով, թէ մեծ պատիւ է սոյն ձեռնարկը Ֆրանսայի մշակոյթի տան մէջ հիւրընկալելը: «Ազնաւուր ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան մարմնաւորումն է, որ այսօր արդիական է առաւել քան երբեք», ընդգծած է ան:
Հայաստանի դեսպանն ալ իր խօսքին մէջ ըսած է. «Կարեւոր է նշել Ազնաւուրի յիշատակը Յունաստանի մէջ, նկատի ունենալով որ ան վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին եղած է Յունաստանի ամէնէն ծանօթ ու սիրուած ֆրանսացի երգիչը: Երբ 1920-ականներուն անոր ընտանիքը կը փորձէր փախուստ տալ թուրքերու յարձակումներէն, յաջողած է հասնիլ Թեսաղոնիկէ եւ բնակութիւն հաստատել Խարիլաու շրջանը, ուր բնակիչները սիրով ընդունած են զայն»։
Իր խօսքի աւարտին դեսպան Մկրտչեան յայտնած է. «Սոյն ձեռնարկը յարգանքի տուրք է ոչ միայն երգի հսկային, այլ նաեւ մարդու մը, որուն ձայնը, ուղերձներն ու գործողութիւնները ժամանակին ընդմէջէն՝ գլելով սահմանները համախմբած են բոլոր սերունդները՝ զգացումներու եւ համամարդկային արժէքներու շուրջ»։
Համերգին հնչած են Ազնաւուրի ծանօթ ստեղծագործութիւնները Սարօ Զաւէնի մեկնաբանութեամբ եւ պարային ներկայացումով։
Երեկոյթին ներկայ եղած են Յունաստանի կառավարութեան եւ խորհրդարանի անդամներ, օտար երկիրներու դիւանագէտներ, հոգեւոր առաջնորդներ եւ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Աղբիւրը` Ազատ օր
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ