Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն հոկտեմբերին տեսակցած է Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ ապօրինի պահուող հայ գերիներուն հետ
Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները Պաքուի բանտին մէջ այցելած են Արցախի նախկին քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներուն:
Այս մասին յայտարարած է Կարմիր խաչի Պաքուի գրասենեակի հանրային կապերու պատասխանատուն` նշելով, որ հանդիպման ընթացքին կալանաւորուած գործիչներուն հետ դէմ առ դէմ հանդիպումներ կազմակերպուած են, անոնց համար «հարազատներու հետ կապ հաստատելու կարելիութիւն ստեղծուած է»:
Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները Արցախի նախկին ղեկավարներուն այցելած են հոկտեմբերին:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու, Ազրպէյճանի մէջ հիմա 23 հայ գերութեան մէջ է, անոնցմէ 8-ն Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարութիւնն է:
Պաքուն Արցախի նախկին պաշտօնատարներուն առաջադրած է ծանր մեղադրանքներ` ահաբեկչութենէն մինչեւ ապօրինի զինեալ խմբաւորումներու կազմակերպում: Եթէ դատարանը այդ մեղադրանքները հաստատէ, անոնք կրնան մինչեւ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուիլ:
Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունին իր կարգին յայտնած է, որ կոմիտէն հոկտեմբերին տեսակցած է Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներուն հետ:
Ամատունին նշեց, որ իւրաքանչիւրին կարելիութիւն տրուած է կապ հաստատել ընտանիքի անդամներուն հետ:
Աղբիւրը`Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ