Այսօր` Միացեալ Նահանգներու նախագահի ընտրութիւն
Այսօր Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի կ՛ունենայ նախագահի ընտրութիւնը: Քուէարկողները ամբողջ երկրի տարածքին կ՛ուղղուին քուէարկութեան կեդրոններ` քուէարկելու համար ընտրութեան երկու մրցակիցներէն մէկուն` Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիսին կամ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփին:
Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Քամալա Հարիս երէկ յայտնեց, որ արդէն նամակատան ճամբով քուէարկած է, եւ ըսաւ, որ տեղի ունենալիք նախագահական պայքարը պիտի ըլլայ «լարուած»:
Հարիս վստահութիւն յայտնեց սեփական յաղթանակին նկատմամբ:
«Մենք կը պատրաստուինք յաղթելու: Ատոր պատճառներէն մէկը մեր քուէարկութիւնն է», ըսաւ ան «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ ընտրողներուն ուղղուած իր տեսաուղերձին մէջ:
Հարիս քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց իրենց կարելին ընելու` արտայայտելու իրենց դիրքորոշումը Միացեալ Նահանգներու նախագահի ընտրութեան մէջ` նշելով, որ անոնց քուէն ունի վճռորոշ նշանակութիւնը:
«Ձեր քուէն ձեր ուժն է», ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:
Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն երէկ իր կարգին յայտնեց. «Միջին Արեւելքի մէջ իրարանցումին վերջ պիտի տամ, եւ իմ իշխանութեանս չորս տարիներուն ընթացքին ահաբեկչութիւն չկար, եւ որեւէ պատերազմի մէջ չմտայ»:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ