Որոնել

2022.09.06 Cerimonia di chiusura della fase diocesana del processo di beatificazione di Mkhitar di Sebaste

Երանաշնորհ Մխիթար Աբբահօր մահուան 275-ամեակին առթիւ. Հայր Վահան ծ. Վրդ. Օհանեան

Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցած եւ մեր երանաւէտ հայրերէն՝ Մխիթար Սեփաստացի Աբբահօր նուիրուած ձեռնարկին թղթակցութիւնը։

Մխիթար Վրդ. Սեբաստացի, իբր հիմնադիր Մխիթարեան միաբանութեան, մեզի կը ներկայանայ որպէս բացառիկ տիպար հայ վանական, հոգեւորական, առաքեալ, հայրենասէր, գիտնական եւ հրատարակիչ: 

Իր անձը յատկանշող հիմնական տարրերը նախապայման լուսամուտը կը կազմեն՝ դիտելու եւ ճանչնալու համար նախ զինքը՝ իբր հիմնադիրը եւ գաղափարախօսը իր կեանքի ուղեգիծին, ապա նաեւ իր կողմէ հիմնադրուած Միաբանութեան ոգին, դիմագիծը, անոր ինքնութիւնը:

Այդ տեսակէտով անհրաժեշտ է ուրուագծել Մխիթար Վրդ.ի բեղուն կեանքին գոնէ ամէնէն նշանակալից հանգրուանները, անոր հոգեկան բարեմասնութիւնները եւ արժանիքները՝ դուրս ցայտեցնելու համար անոր անձին ու նկարագրին գիծերը:

Մխիթար ծնաւ ու ապրեցաւ մեր պատմութեան ամէնէն մռայլ ժամանակշրջանին: Հայ ազգային-քաղաքական կեանքը խաղաղ չէր: Պատմական այս տխուր հանգրուանին՝ Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ յայտնուեցան եկեղեցական քանի մը քաջարի անձնաւորութիւններ, որոնք մեծ ճիգերով ու ձեռնարկներով՝ եկեղեցական, վանական, ուսումնագիտական եւ մշակութային բարեկարգութիւններ ու վերաշխուժացում փորձեցին ստեղծել, բայց դժբախտաբար չունեցան մնայուն շարունակութիւն: Հայաստանի վանքերուն գրեթէ մեծ մասը, որ անցեալին եղեր էին հայութեան կրօնական եւ իմացական գիտակցութեան փայլուն կեդրոնները, հազիւ կը յաջողէին իրենց գոյութիւնը պահպանել:

Հրաչեայ Աճառեան հետեւեալ վկայութիւնը կու տայ. «Բաղէշի, Տաթեւի, Էջմիածնի եւ Նոր Ջուղայի դպրոցները տեւական չէին եղել. նոքա շատ կարճ կեանք ունեցել եւ մի փոքր ժամանակ փայլելուց յետոյ հանգել էին: Մխիթար այնպիսի հիմքերի վրայ է դնում գործը, որ նա օրից օր զարգանում է եւ իբրեւ մի լուսաւոր աստղ փայլում է հայկական հորիզոնի վրայ»:

Պատմական այս դժուարին պահուն, կը յայտնուի ահա՝ Մխիթար Սեբաստացիի անձը եւ գործը, որ թէեւ երեւոյթով համանման էր նախորդներուն, սակայն կրցաւ իր ձեռնարկը հաւաքականի վերածել եւ յաջողիլ իր հունին մէջ իսկ:

Մխիթար հայ վանական մըն էր, Սեբաստիա քաղաքէն (ծնած 7 Փետրուար 1676ին): Նախնական ուսումը եւ կրթութիւնը ստացաւ Սեբաստիոյ Ս. Նշան վանքին մէջ: 1690ական թուականներուն անցաւ Էջմիածնի վանքը, ապա Սեւանի եւ Կարինի Հնձուց վանքերը, որոնք բաւարար չեղան, դժբախտաբար, Մխիթարի ծարաւը յագեցնելու: Սիրտը վիրաւոր՝ նոր աղբիւրներ եւ ուղիներ որոնեց: 1693ի շրջանին, ուսումնական խոր հետաքրքրութենէ մղուած՝ անցաւ նաեւ Հալէպ, ուր առիթ ունեցաւ ծանօթանալու եւրոպացի մշակուած անձնաւորութիւններու: Եւրոպան սկսած էր զինք առինքնել: Ինքնաշխատութեամբ, առանձին կրցաւ անսպառ հմտութիւն եւ իմաստութիւն մթերել, զարմանք պատճառելով իր ժամանակակիցներուն:

1696ին ձեռնադրուեցաւ կուսակրօն քահանայ եւ 1699ին, հայ եկեղեցւոյ մէջ կիրարկուած դարաւոր աւանդութեան համաձայն, ստացաւ վարդապետական իշխանութիւն ու գաւազան՝ քարոզելու եւ ուսուցանելու իրաւասութեամբ:

Այսպէս կը սկզբնաւորէ առաքելական գործը, քարոզելով Քրիստոսի Աւետարանը Սեբաստիոյ մէջ, Կարին ու մանաւանդ Կ. Պոլիս: Գաւառներու եւ Կ. Պոլսոյ մէջ՝ Մխիթար կը վայելէ մեծ քարոզիչի մը համբաւը:

Քսան տարեկանին՝ հեռաւոր ապագաներ տեսնող գաղափարներ ունէր: Հայրենիքն ու հայ եկեղեցին իր հոգեմտաւոր աշխարհը գրկեր էին: Թափառումներու ընթացքին ականատես եղած էր Հայաստանի նիւթական թէ իմացական արգահատելի վիճակին. բռնութիւններու եւ հարստահարութիւններու տակ կը հեծէր երբեմնի հայրենիքը հայ ժողովուրդին:

Մինչ իր ժողովուրդին հետ հաղորդակցութեան մէջ էր, փորձով զգաց նաեւ անոր խոցելի վիճակը եւ ըմբռնեց թէ տգիտութիւնն է մեծագոյն արգելքը անոր հոգեմտաւոր բարելաւումին ու վերելքին: Դեռ աբեղայ 1696ին՝ կը յղանայ աշակերտներ հաւաքելու եւ գիտական ու հոգեւորական զոհաբերուող անձերու կազմակերպութիւն մը ստեղծելու գաղափարը, հաւաքաբար աշխատելու՝ հայ ժողովուրդին հոգեւոր, բարոյական եւ իմացական մակարդակը բարձրացնելու համար: Խոշոր էր յաւակնութիւնը, բայց խորունկ՝ իր հաւատքը: Մխիթար, ինքզինքը անբաժանելի միութեամբ զօդուած կը զգար իր տառապած ազգին, որուն բարիք բաշխելու միակ մտահոգութիւնը ունեցաւ մինչեւ իր կեանքին վերջը: Մխիթար կը ցանկար մնայուն միաբանութիւն մը հաստատել, որուն սեւեռակէտը ըլլար՝ հոգալ ազգի մը բոլոր թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ իմացական կարօտութիւնները: Մխիթարի երկու թեւերը, յոյսի եւ ներշնչումի աղբիւրները եղան սրբութիւնը եւ գիտութիւնը. իր ամբողջ կեանքին տեսիլքը: Բայց առանձին էր՝ հսկայ գործի մը դիմաց: 

1700 թուականին, իր 25 տարեկան հասակին, տասնեակ մը աշակերտներէ շրջապատուած, Կ. Պոլսոյ մէջ դրաւ հիմը իր երազած հաստատութեան, որ յաջորդաբար իր անունով ալ պաշտօնապէս կոչուեցաւ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ: 

Սակայն, Կ. Պոլսոյ մէջ, իրեն համար սկսան աննպաստ պայմաններ ստեղծուիլ ազգակից հակառակորդներու կողմէ: Այդ օրերուն, ամբողջ Պոլիսը խառնարան էր կիրքերու եւ բռնկած՝ կրօնական պայքարներով եւ դաւանական անդադրում վէճերով: Ա՛յնքան ծանր դէպքեր, որ պատմաբան Լէօ կը հաստատէ թէ այդ աղէտները «գուցէ աւելի մեծ վնասներ հասցուցած ըլլան հայ ազգին, քան մի ո՛րեւէ բարբարոսի արշաւանքը»:

Մխիթար իրատես էր. իր գաղափարները ա՛յնքան լուսաւոր են ու արմատական, որ չեն սեղմուիր իր ժամանակին, իր շրջապատին մէջ: Եւրոպա անցնելու եւ հոն հաստատուելու պահանջը կը զօրանար իր մէջ: Արեւելքի խառնարանին վրայ կարելի չէր վստահիլ, ոտքի պահել հաստատութիւն մը եւ ստեղծել փափաքուած գործունէութիւնը: Հալածանքները աւելի հասունցուցին այդ միտքը: Պէտք է անցնէր Արեւմուտք՝ իր անզուսպ երազը իրականացնելու համար: Որոշ հետապնդումներու հետեւանքով, Մխիթար եւ իր համախմբած աշակերտները վերջնականօրէն կը հեռանան Պոլիսէն եւ գաղտնաբար կը մեկնին Յունաստանի Մորէայի շրջանի Մեթոն բերդաքաղաքը, Վենետիկի հասարակապետութեան գաղթավայրին մէջ: 

1715ին, հազիւ տասներկու տարի Մեթոնի մէջ վանական ծաղկեալ եւ կազմակերպուած կեանք մը ապրելէ յետոյ, կրկին անգամ կը հարկադրուի տեղափոխուիլ վենետիկ քաղաքը. ծագած էր թուրք-վենետիկեան պատերազմը: Վենետիկեան կայազօրը անկարող՝ դիմադրելու օսմանեան գերակշիռ ոյժերուն, կը ստիպուէր Մեթոնը լքել օսմանցիներուն ձեռքը: Նահանջող բանակին հետ Մխիթար կ'անցնէր Վենետիկ:

Վենետիկը անշուշտ, պատահաբար ընտրուած վայր մը չէր: Անիկա ծովեզերեայ վաճառաշահ քաղաք էր Եւրոպայի մէջ եւ տպագրական ու մշակութային եռուն կեդրոն: Վենետիկի մէջ կար արդէն հայկական համեստ գաղութ մըն ալ, մեծ մասով ձեւացած Հայ վաճառականներէ:

1717ին, Մխիթարի խնդրանքին վրայ, Վենետիկի ծերակոյտին մէկ արտօնագիրով, տասնվեց միաբանակիցներով վերջնականօրէն կը հաստատուի Ս. Ղազար կոչուած փոքրիկ կղզիին վրայ: Իր իսկ ճարտարապետութեամբ կը յաջողի կղզիին վրայ վանական համալիրի մը կառուցումի ծրագիրը իրականացնել: Այդ օրէն սկսեալ, Մխիթարեան մայրավանքը պիտի դառնար երկրորդ Հայաստան, ԺԸ.րդ դարու հայկական վերածնունդի ամէնէն կենսունակ կեդրոնը:

Նոր ժամանակներու դժուարահաճ պատմաբան՝ Լէօ կ'աւելցնէ իր կարծիքը.- «Մենք եկանք հասանք մի իսկապէս մեծ մարդու, որ մի ամբողջ դարագլուխ է կազմում... Մխիթարի դերը հայոց պատմութեան մէջ անհունապէս մեծ է...: Վստահ կարելի է ասել որ մի ամբողջ դար, որ գիտութիւն եւ լոյս էր մատակարարում, մեր մտաւոր զարգացման պատմութեան մէջ՝ կարելի էր եւ պէտք է անուանել ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԴԱՐ: Այդ մեծ դպրոցի հիմքը դրուեց Մխիթարի ձեռքով եւ նրա ծրագրով, նրա աւանդներով է գործում մինչեւ այսօր:

«Նա էլի եռանդով նուիրուեց իր գաղափարին: Մի ուրիշը կը յուսահատէր կրած անյաջողութիւններից ու տանջանքներից, կը թողնէր զարգանալու, միաբանութիւն հաստատելու միտքը: Բայց Մխիթար այստեղ եւս ցոյց էր տալիս կամքի ահագին ոյժ: Ո՛չ մի բան չէր կարող նրան թեքել ու կոտրել, կասեցնել ընտրած ուղղութիւնից»:

«Հիմնելով միաբանութիւն, Մխիթար Աբբան գծեց նրա առջեւ գործունէութեան ճանապարհներ... իր ամբողջ աբբայութեան ժամանակ Մխիթարը գրեթէ մենակ էր տանում գրական աշխատանքը եւ այդ բանի մէջ ցուցադրում մի հսկայական ջանասիրութիւն, որ այնուհետեւ դառնում էր Մխիթարեանների յատկանիշը»:

Մխիթար մեծ ձեռնհասութեամբ կը ղեկավարէ Միաբանութեան վարչական, տնտեսական, հրատարակչական, կրօնական, կրթական եւ վանական կենցաղը, զբաղելով միաժամանակ սուրբ գրային, մեկնողական, աստուածաբանական, լեզուական ու թարգմանական իր գրաւոր աշխատանքներով: Կը սորվեցնէ իր սաներուն յատկապէս աշխատիլ հաւաքական մտայնութեամբ եւ ոյժերով, գիտական չափանիշներով եւ կաճառական նկարագիրով:

Մխիթարի օրինակին հաւատարմօրէն հետեւեցան իր հաստատութեան անդամագրուող միաբանները, ջանալով իրագործել անոր գաղափարականը եւ կատարելագործել ընդհանուր ծրագիրը: Հայ մշակոյթի պատմութեան պատմագէտներու կարծիքով, Մխիթարեան վարդապետները, իրենց կրօնական վարքագիծով, գիտակից նուիրումով ու գիտական լուրջ աշխատանքներով, Ս. Ղազարի վանքը յաջողեցան դարձնել հայ մշակոյթի ամէնէն գործօն կեդրոնատեղին: Պատմագէտ Լէոն համոզուած էր այս իրականութեան երբ կը հաստատէր.- «Մի անօրինակ բեղմնաւոր գրական գործունէութեամբ՝ Ս. Ղազարի վանքը դարձաւ մի երեւոյթ, որի նմանը չէ տեսել մեր ամբողջ պատմութիւնը»:

Արշակ Չօպանեան, սքանչացած Մխիթարի օրինակէն եւ անոր Միաբանութեան վսեմ գաղափարականի եւ գործունէութեան հմայքէն՝ կը գրէր.- «Մեր Մխիթարը, արժանաւոր յաջորդ Սահակի եւ Մեսրոպի, անոնց պէս հերոս մը՝ ինքն ալ՝ հոգեկան քաջութեան եւ մտաւոր կորովի, անոնց պէս հիմնադիր ամբողջ լոյսով շինուած գործի մը որ անջնջելի է: Ազգ մը որ Մխիթարի պէս նկարագիր մը արտադրած է, իրաւունք չունի ինքնիրմէ յուսահատելու: Ո՛չ մէկ հայկական հաստատութիւն ա՛յնքան խորունկ ու տեւական ազդեցութիւն մը չէ ունեցած հայոց վրայ...ո՛րքան Մխիթարի տունը»:

«Եթէ Հայ եկեղեցին, իր կարգին կը գրէր Փրոֆ. Հրանդ Փաստրմաճեան, հայութեան համար եղաւ պատնէշ մը, որուն ետին, դարեր շարունակ, հայերը կրցան պատսպարուիլ եւ սպասել ազգային զգացումի վերազարթումին, պէտք է խոստովանիլ, որ այդ զարթօնքը կարելի պիտի չըլլար գուցէ՝ առանց Մխիթարեան հաստատութեան սքանչելի գործին, ստեղծուած հայորդիի մը (Մխիթար Վրդ.ի) կողմէ, որուն նմանները ամէնէն աւելի ուժեղ կերպով իրենց անձնական կնիքը դրոշմեցին հայ ժողովուրդի նկարագրին վրայ:

Մխիթար, իսկական ռահվիրայի մը անվարան տոկունութեամբ, Ս. Ղազարի մայրավանքին մէջ յաջողեցաւ իր ծրագիրը, մարմնաւորել ու կերտել իր տեսլականը, որուն ծխնիները եղան երեք հիմնական գաղափարներ: Անոնց իրականացումը, երեք տարբեր մարզերու մէջ, առաջ բերաւ կենսական բարենորոգումներ:

Մխիթարի առաջին մեծ արժանիքը եղաւ բարեկարգումը հայ վանական անկեալ կարգերուն, անոնց կրօնաւորական յօրինուածքին, ուզելով վերապրեցնել հայ վանականութեան նախկին կարգապահութիւնը: Իր հիմնած միաբանութիւնը, իր տեսակին մէջ, առաջինն էր հայ իրականութենէն ներս: Մխիթար իր գաղափարը յստակ եզրերով կը յայտնէր իր աշակերտներուն, հիմնարկութեան օրն իսկ, յստակելով անոնց թէ զիրենք չէր հաւաքած իր շուրջ, ազգի միւս վարդապետներուն նման՝ յաջորդաբար արձակելու համար զիրենք՝ յետ ընդհանուր կազմաւորում եւ ուսում ջամբելու, այլ ընդհակառակը՝ իրենց հետ միասին կազմելու համար վանական միաբանութիւն մը՝ հնազանդութեան մնայուն կապերով:

Երկրորդ ձեռնարկեց հայ ժողովուրդի իմացական, գրական եւ մշակութային զարթօնքին: Յատուկ գուրգուրանք եւ կարեւորութիւն ցուցաբերեց հայ ձեռագիր մատեաններուն, որոնք հայուն անցեալի արժէքներուն եւ արժանիքներուն պերճախօս վկաները կը մնան. անոնք յետագային պիտի տպագրուէին եւ հայ ժողովուրդը պիտի ճանչնար իր իմացական գանձարանը, իր մշակոյթը, պատմութիւնը մանաւանդ:

Երրորդ մայր գաղափարը՝ Մխիթար Վրդ.ի եկեղեցական դաւանական ուղղութիւնն էր, որով նոր հորիզոններ բացաւ միութենական մարզէն ներս: Որպէս կտակ աւանդեց իր աշակերտներուն՝ կրօնքի եւ ազգասիրութեան երկու անշփոթ գաղափարներու վարդապետութիւնը՝ առանց մէկը միւսին զոհելու:

Իր գաղափարները եւ որդեգրած դիրքը՝ կրօնական մտածողութեան մէջ անկիւնադարձ մը բերին, որ թէեւ ամէնուն հասկնալի եւ մատչելի չեղաւ, բայց հսկայ խմորում մը յառաջացուց հայ իրականութենէն ներս: Հայ եկեղեցւոյ հարազատ դաւանանքի մասին՝ ան աննախապաշար տեսակէտեր ունէր: Մխիթար խորապէս համոզուած էր թէ հայ եկեղեցին սկիզբէն «աւետարանական» կեցուածք ունեցած է, նկատմամբ եկեղեցիներու հաղորդակցութեան հարցին, ինչպէս արտայայտուած է Մատթէոսի աւետարանի իր ընդարձակ մեկնութեան մէջ:

Ուստի իրեն համար դաւանափոխութեան հարց երբեք գոյութիւն չունէր՝ Արեւմուտքի հետ կրօնական հոգեւոր հաղորդակցութիւն մշակելու համար:

Մխիթար համոզուած էր խորապէս հայ եկեղեցիին էական ուղղափառութեան՝ հակառակ դաւանաբանական ինչ ինչ բանաձեւումներու այլազանութեան, զերծ՝ վարդապետական մոլորութիւններէ, հակառակ որոշ խմբակներու ծայրայեղ ձգտումներուն ու միակողմանի մօտեցումներուն:

Մեծ Սեբաստացին, հետեւելով Շնորհալիի մը կամ Լամբրոնացիի մը լուսաշող օրինակին, պատգամախօսը կը դառնար քրիստոնէական միութեան եւ միջ-եկեղեցական ազնիւ հաղորդակցութեան:

Դարեր ետք միայն Արեւմուտքի եկեղեցին գիտակցեցաւ եւ գնահատեց Մխիթարի եւ անոր միաբանութեան եկեղեցական հաղորդակցութեան ու միութեան ոգին, անոր այժմէականութիւնը եւ ազգային կեցուածքը:

Մխիթար, մղուած իր այս սեփական ուղիղ սկզբունքէն ու տեսակէտէն, չխորհեցաւ երբեք բաժնուիլ Հայ կաթողիկոսներու հոգեւոր հաղորդակցութենէն, որոնց անունները անվարան դրոշմեց միշտ իր հրատարակութիւններու ճակատին: Ան սերտօրէն կապուած մնաց իր ազգային եկեղեցական սրբազան աւանդութիւններուն:

Իր կրօնական համոզումներու օրինակելի կեցուածքով, կը դառնար «Միութենական Ոգիի» իսկական ռահվիրայ մը:

Մխիթար, իր հրատարակչական բեղուն աշխատանքով, դարձաւ նաեւ մեր մեծագոյն հրատարակիչը:

Մինչեւ 1700 թուականը՝ հայ տպագրութեան պատմութիւնը կը հաշուէր միայն 180 գիրք. ատիկա եղած էր երկու դարերու հայ արտադրանքը: Մխիթար Վրդ. առանձին 55 հատոր հրատարակեց, որոնցմէ 14ը ինքնագիր:

Յօրինեց դարագլուխ կազմող առաջին «Հայկազեան Բառարան»ը» որ լոյս տեսաւ 1749ին, իր մահէն երեք շաբաթ յետոյ: Մերօրեայ Հայաստանի լուրջ պատմագէտներէն Փրոֆ. Շուշանիկ Նազարեան՝ կը հաստատէ.- «Եթէ Մխիթար Սեբաստացին ուրիշ ոչինչ արած չլինէր, ապա հոյակապ, անօրինակ եւ անծերանալի Հայկազեան Բառարանը՝ 18րդ դարի հայ գրական կեանքի առաջին ամենամեծ կոթողը՝ բաւական էր, որպէսզի անմահանար Մխիթար Սեբաստացու անունը»: 

Շաւարշ Նարդունի 1949ին «Գեղունի»ի էջերուն մէջ կը գրէ.- «Իր ժամանակին մէջ մեծ, իր ժամանակէն ալ դուրս մեծ, այս հզօր միտքը՝ որ Մխիթար կը կոչուի՝ զիս կը շփոթեցնէ իր գործին ահագնութեամբ: Ի՜նչ միտք է այս, Աստուա՜ծ իմ, մտքի ի՜նչ խորութիւն Սեբաստացի այս հայուն, որ ո՛չ համալսարան է տեսած, եւ ո՛չ ալ խաղաղ ինքնաշխատութեան ժամանակ է ունեցած. ընդհակառակն երկրէ երկիր՝ հալածական, խաւարին մէջ՝ թափառական, ապահովաբար գերագոյն ներշնչումով մը լեցուած, Մեծերուն մէջ Մեծ այս տաղանդաւոր Հայը կը խորհի հիմնել համալսարան մը, եւ, ձեռնարկած մէկ գործին (Հայկազեան Բառարանի) առաջադրութեանց մէջ, ուր կը զեղու իր սիրտը կարկաչահոս առուակի մը պէս, բազմաթիւ գեղեցիկ մտածումներու կարգին, ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կարելի է փրկել հայ լեզուն.- Զի թէ ո՛չ էր շնորհեալ մեզ Տեառն զբառգիրք, փոքր միւս եւս, եւ խրթնացեալ ի վայելչութենէ լեզուն մեր վեր ի վայր կործանիւր»: 

Հայկազեան բառարանի յառաջաբանին մէջ կոթողուած կը գտնենք հայրենասէր Մխիթարի խօսքերը՝ իբր վկայութեան անխորտակելի հրիտակ:

«Խոնարհ սրտով քեզի կը նուիրեմ, ո՜վ Հայ ժողովուրդ, իմ երկար տարիներու աշխատանքիս պտուղը, իբր սիրոյ ձօն: Սրտագին կը տենչամ իմ վաստակս քեզի պարգեւել եւ բոլոր անոնց՝ որ պայմաններուդ մէջ կը գտնուին. որովհետեւ ինչ որ իմս է՝ անիկա քեզի կը պատկանի, եւ ինչ որ քուկդ է՝ անիկա իմս ալ է: Անոր համար՝ ինծի պարծանք է քեզի ծառայել, մանաւանդ թէ ասիկա լրումն է իմ եւ իմիններուս պաշտօնին. որովհետեւ սկիզբէն ի վեր, ինչպէս ես, այս Միաբանութիւնն ալ սահմանուած է Հայ ժողովուրդի մշակութային ծառայութեան եւ Աստուծոյ փառքին»:

Հրատարակչական ասպարէզին մէջ Մխիթարի մեծագոյն գործերէն մէկը եղաւ հայերէն «Աստուածաշունչ»ի հրատարակութիւնը (1733-1735) (եօթը լեզուով՝ 1645ին Փարիզ տպագրուած Աստուածաշունչի մը հետ բաղդատելէ եւ անհրաժեշտ ճշտումներ ընելէ յետոյ), գեղարուեստական բարձր ճաշակով եւ քննական ոգիով:

Մխիթարի ժամանակակից Կ. Պոլսոյ անուանի Պատրիարքը՝ Յովհաննէս Կոլոտ, երբ ձեռք կ'անցընէ Մխիթարի մեկնողական երկերուն գլուխ-գործոցը՝ «Մեկնութիւն Մատթէի» ընդարձակ աշխատանքը, աննախընթաց նուաճում մը նկատելով եւ շօշափելով անոր մէջ խտացուած Մխիթարի աստուածաբանական հմտութիւնը եւ հոգեկան բացառիկ տարածքը, գիտակից եւ աննախանձ հոգիով, որ յատուկ է առաքինի հոգեւորականներուն, քարոզի մը ընթացքին յայտարարած է թէ «Այսօր, Հայ Եկեղեցւոյ մէջ մեծ լոյս մը ծագեցաւ: Այս գիրքը Աստուծոյ կողմէ իբր գանձ տրուեցաւ մեզի»:

Ուրիշ աղբիւրէ մը կ՚իմանանք թէ նոյն Պատրիարքը՝ Ս. Գէորգ Եկեղեցիի բեմէն, հաւատացեալ բազմութեան առջեւ արտասանած է նաեւ սա խօսքերը՝ Մխիթար Վրդ.ին մասին. «Աստուած հաստատուն թող պահէ Հայր Աբբային աթոռը, որովհետեւ գիրքերով լեցուց մեր ազգը եւ փոքր Լուսաւորիչ եղաւ մեր ազգին»:

Ծառայել հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր կարիքներուն, մաս պիտի կազմէր Մխիթարի հետեւորդներուն ուղեգիծին: Պահպանել անոր ծէսը, վերականգնել անոր լեզուն, նուիրականացնել անոր պատմութիւնը, սերունդները կրթել ազգային, բարոյական ու գիտութեան լոյսով: Հայրենասիրութիւնը կամ ազգասիրութիւնը, ա՛յս ձեւով ըմբռնուած, կը դառնար անկասկած՝ քրիստոնէական գերազանց ու գործօն առաքինութիւն մը, առինքնող դրօշի նման՝ դարերով պիտի ծածանէր Մխիթարի վանքին վրայ:

Մխիթար Սեբաստացիին կեանքը չդադրեցաւ 74 տարեկանին, 1749ի Ապրիլ 27ին: Ան շարունակեց ապրիլ իր յաջորդներուն մէջ եւ հակառակ բազմատեսակ դժուարութիւններու՝ դարերով տոկաց, գործեց հայ Ազգին եւ Հայ Ժողովուրդի հոգեմտաւոր լուսաւորութեան, կամ Մխիթարի իսկ բառերով՝ «Ի հոգեւոր յօգուտ եւ ի լուսաւորութիւն ազգիս մերոյ Հայկազնոյ»:

Մխիթարեան վարդապետները, իրենց ծագումէն ի վեր, իրենց հիմնադիրին օրինակով, խիզախօրէն ընդառաջեցին իրենց ժողովուրդի կարօտութիւններուն ու դարձան փարոս՝ հոգեւորական գիտութիւններու եւ մշակոյթի, ընդհանրապէս ամէնքէն ճանչցուած ու գնահատուած:

Այսօր ալ՝ անոնք կանչուած են ատոր, հաւատարիմ մնալով իրենց բնիկ պատմութեան ու սեփական շնորհապարգեւին, իմաստուն եւ քաջարի բացուածքով՝ մարդկութեան միշտ աւելի նորանոր պահանջներուն, որ աննահանջ ու յարափոփոխ կը յառաջանայ:

Անոնք մեծ պիտի մնան ա՛յնքան ատեն, ո՛րքան հաւատարիմ մնան Մխիթար Վրդ. Սեբաստացիի անզուգական ոգիին, նպատակին ու ծրագիրին՝ միշտ ժամանակակից մտայնութեամբ ու բացուածքով եւ ժամանակակից ձեւերուն ու պայմաններուն յարմարցումով:

 Հայր Վահան  ծ. Վրդ. Օհանեան 

 Միաբան Մխիթարեան ուխտի 

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2024, 08:43