Որոնել

Լիբանան, պատերազմ, ռմբակոծում Լիբանան, պատերազմ, ռմբակոծում  (AFP or licensors)

Իսրայէլեան բանակը Լիբանանի մէջ իր ցամաքային գործողութեան երկրորդ փուլին սկսաւ

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ հիւսիսային Լիբանանի Աքքար նահանգի Այն Եաաքուպ գիւղին մէջ գտնուող շէնքի մը վրայ գիշերանց իսրայէլեան օդային յարձակումի մը պատճառով արձանագրուած են 8 զոհեր եւ 14 վիրաւորներ:

Իսրայէլի հիւսիսային տարբեր շրջաններուն մէջ ահազանգներ հնչեցին, երբ Լիբանանէն արձակուած անօդաչու թռչող սարքեր շրջան մուտք գործեցին: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ իր ուղղաթիռները Աքքայի վերեւ կը հետապնդեն Լիբանանէն եկած շարք մը անօդաչու թռչող սարքեր: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը յայտնեց, որ Հայֆայի արեւելքը գտնուող Նշերի մէջ ժողովրդային կեդրոնի մը մօտ անօդաչու թռչող սարք մը պայթած է:

Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարունակեց հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի վրայ իր յարձակումները:

Իսրայէլեան օդուժը յարձակումներ գործեց Քֆարրըմման, Սըտտիքին, Շամահ, Մաժտալ Զուն, Տապաալ, Ժապալ Պութմ եւ Զըպքին գիւղերուն վրայ:

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ հիւսիսային Լիբանանի Աքքար նահանգի Այն Եաաքուպ գիւղին մէջ գտնուող շէնքի մը վրայ գիշերանց իսրայէլեան օդային յարձակումի մը պատճառով արձանագրուած են 8 զոհեր եւ 14 վիրաւորներ:

Ապահովական աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ յարձակումի պատճառով քանդուած շէնքին մէջ կը բնակէր հարաւային Լիբանանէն տեղահանուած ընտանիք մը` նշելով, որ յարձակումին թիրախը նշեալ ընտանիքի մէկ անդամն էր, որ Հըզպալլայի անդամ է:

«Ժազիրա» կը նշէ, որ ասիկա առաջին անգամն է, որ իսրայէլեան օդուժը Իսրայէլի հետ սահմանէն  աւելի քան 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող շրջանը կը թիրախաւորէ:

Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտեան Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու մէջ կարգ մը շէնքերու բնակիչներու հրամայեց անոնցմէ հեռանալ: Աւելի ուշ, իսրայէլեան օդուժը Հարաւային արուարձաններուն վրայ աւելի քան 13 իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը Լիբանանի մէջ իր ցամաքային գործողութեան երկրորդ փուլին սկսաւ»:

«Մաարիւ» նշեց, որ գործողութեան երկրորդ փուլին նպատակը Լիբանանի մէջ կարգաւորման բանակցութիւններուն հարցով Հըզպալլայի վրայ ճնշում բանեցնելն է:

Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «իսրայէլեան բանակի 36-րդ զօրամասը սկսաւ ցամաքային գործողութիւնը մինչեւ հարաւային Լիբանանի մէջ գիւղերու երկրորդ գիծը խորացնել»:

Հըզպալլա իր կարգին յայտարարեց, որ «Ֆետի 1» եւ «Մալաք 2» հրթիռներով հրթիռակոծած է Հայֆայի հիւսիսը գտնուող Քարիոթ շրջանը:

Կուսակցութիւնը հրթիռակոծեց Վերին Գալիլիոյ մէջ գտնուող Քաֆար Պլում բնակեցման վայրը: Հըզպալլայի մարտիկները հրթիռակոծեցին նաեւ Քաֆար Եովալ եւ Տիշոն բնակեցման վայրերը:

Հըզպալլայի մարտիկները առաւօտեան ժամը 10:15-ին Նապաթիէի վերեւ թռիչք կատարող իսրայէլեան «Հերմես 450» տիպի անօդաչու թռչող սարքի մը դէմ դնելով ստիպեցին, որ Լիբանանի տարածքէն հեռանայ: Անոնք նաեւ հարաւային Լիբանանի արեւմտեան շրջանին վերեւ թռիչք կատարող նոյն տիպի անօդաչու թռչող սարքի մը ստիպեցին հեռանալ լիբանանեան օդային տարածքէն:

Հըզպալլա յայտարարեց, որ տեսակարար հրթիռներով թիրախաւորած է Թել Աւիւի հարաւը գտնուող օդուժի «Թել Նով» ռազմակայանը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2024, 07:45