Որոնել

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատրեան եւ Միացեալ Նահանգներու նոր ընտրուած նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատրեան եւ Միացեալ Նահանգներու նոր ընտրուած նախագահ Տանըլտ Թրամփ 

Հայաստանի նախագահը շնորհաւորեց Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը՝ բարձր գնահատելով շրջանին մէջ Ամերիկայի դերը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատրեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու նոր ընտրուած նախագահ Տանըլտ Թրամփին` Միացեալ Նահանգներու 47րդ նախագահի պաշտօնին ընտրուելուն առիթով:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատրեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու նոր ընտրուած նախագահ Տանըլտ Թրամփին` Միացեալ Նահանգներու 47րդ նախագահի պաշտօնին ընտրուելուն առիթով:

«Վստահ եմ, որ ձեր փորձն ու հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ սեփական երկրի ու ժողովրդի հանդէպ պատասխանատուութիւնը լաւագոյնս կը ծառայեցնէք ի նպաստ հզօր պետականութեան պահպանման եւ ամրապնդման: Բարձր ենք գնահատում Միացեալ Նահանգների դերակատարութիւնն ու ջանքերը մեր տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման գործում: Մեծապէս կարեւորում ենք Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգների միջեւ առկայ երկկողմ յարաբերութիւնները, որոնք շարունակում են վերընթաց զարգանալ` ընդգրկելով համագործակցութեան նորանոր ոլորտներ, որտեղ յատուկ նշանակութիւն է տրւում Ռազմավարական երկխօսութեան ձեւաչափին: Հայ-ամերիկեան սերտ եւ բազմաշերտ փոխգործակցութեան զարգացման գործում իր ուրոյն ներդրումն ունի նաեւ Ամերիկայի հայ համայնքը, որը կամրջող դեր է կատարում երկու պետութիւնների եւ ժողովուրդների միջեւ բարեկամութեան խորացման ուղղութեամբ», կ՛ըսուի Խաչատրեանի ուղերձին մէջ:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2024, 07:00