Որոնել

Լիբանան Լիբանան  (AFP or licensors)

Իսրայէլի Լիբանանի դէմ շղթայազերծած պատերազմին հետեւանքով Լիբանանի վնասները անցած են 5 միլիառ տոլարը

Իսրայէլի հետ պատերազմէն Լիբանանի տնտեսական կորուստները գերազանցած են հինգ միլիառ տոլարը, յայտարարած է Լիբանանի ժամանակաւոր կառավարութեան վարչապետ Նաճիպ Միքաթին Կազայի հատուածին եւ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին նուիրուած արաբա-իսլամական գագաթնաժողովի բացման ժամանակ։

Անոր խօսքով՝ ոչ մէկ երկիր առանձին կրնայ կրել նման հսկայական աւերածութիւններու բեռը, առաւել եւս Լիբանանը, որ հինգ տարի շարունակ կը բախի վատթարացող եւ աննախադէպ տնտեսական եւ ֆինանսական ճգնաժամի: Այս կապակցութեամբ Միքաթին կոչ ըրած է օգնութիւն տրամադրող երկիրներուն «աջակցելու լիբանանեան պետական, սահմանադրական, ինքնիշխան եւ ֆինանսական հաստատութիւններուն եւ շարունակելու շտապ մարդասիրական, պարէնային եւ բժշկական օգնութիւն ուղարկելը»:

«Մենք կը գտնուինք ֆինանսական հիմնադրամի ստեղծման գործընթացի մէջ, որ աջակցութիւն պիտի ստանայ ՄԱԿ-ի հսկողութեան տակ գտնուող եղբայրական եւ բարեկամ երկիրներու ներդրումներէն, պայմանաւ, որ վերակառուցման ծախսերը ենթարկուին միջազգային յուսալի վերահսկողութեան», -աւելցուցած է Միքաթին:

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2024, 07:30