Որոնել

Լիբանան Լիբանան 

Իսրայէլեան բանակին կողմէ կրակոցի դէպքերը կը շարունակուին.

2-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցան իսրայէլեան ուժերու կողմէ կրակոցները, սակայն այս անգամ մարդկային վնասներ արձանագրուեցան:

Իսրայէլեան բանակը երէկ հարաւային Լիբանանի մէջ շարք մը գիւղերու բնակիչները զգուշացուց ցնոր տնօրինութիւն Շեպաա, Հպարիէ, Մարժաայուն, Առնուն, Եոհմոր, Քնէյթրա, Շաքրա, Պարաաշիթ, Եաթեր, Մանսուրի գիծէն ու մերձակայքէն հարաւ չուղղուիլ:

Իսրայէլեան բանակը թելադրեց «չվերադառնալ հետեւեալ գիւղեր` Տհէյրա, Թիպէ, Թիրի, Նաքուրա, Ապու Շաշ, Ըպըլ Սաքքա, Պայատա, Ժըպպին, Խրէյպէ, Խիամ, Խըրպէ, Մաթմուրա, Մարի, Ըտէյսէ, Քլէյաա, Ըմ Թութէ, Սալիպ, Առնուն, Պընթ Ժպէյլ, Պէյթ Լիֆ, Պլիտա, Պնը Հիան, Պուսթան, Այն Արապ Մարժաայուն, Տըպին, Տպաալ, Տէյր Միմաս, Տէյր Սրիան, Զալութիէ, Մհայպիպ, Մէյս Ժապալ, Սայսաթ,  Մարուահին, Մարուն Ռաս, Մարքապա, Ատշիթ Քուսէյր, Այն Ըպըլ, Այնաթա, Այթա Շաապ, Այթարուն, Ալմա Շաապ, Արապ Լուէյզէ, Քազուհ, Ռուպ Թլաթին,  Ռամիէ, Ռմէյշ, Ռաշայա Ֆխար, Շեպաա, Շիպին, Շամաա, Թալլուսա»:

Երէկ եւս, 2-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցան իսրայէլեան ուժերու կողմէ կրակոցները, սակայն այս անգամ մարդկային վնասներ արձանագրուեցան:

Լիբանանի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը Թալ Նահասի Պըրժ Մլուք գիւղին մէջ տուն մը ռմբակոծած է:

«Նաշրա» հաղորդեց, որ Պընթ Ժպէյլի մէջ իսրայէլեան ուժերու կողմէ կրակոցի պատճառով վիրաւորներ արձանագրուած են:

«Հատաս» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան գնդացիրներէ կրակոց արձակուած է Լիբանանի Այթարուն գիւղին ուղղութեամբ:

«Արապիա» իր կարգին հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը կրակած է եւ հրետանիով ռումբեր արձակած Պընթ Ժպէյլի եւ Այթա Շաապի ուղղութեամբ` աւելցնելով. «Մինչեւ հիմա իսրայէլեան ուժերու Կապոյտ գիծին ուղղութեամբ նշմարելի հեռացում չկայ»:

«Արապի» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծած է հարաւային Լիբանանի մէջ Մարքապա եւ Մէյս Ժապալ գիւղերու մերձակայքը:

Լիբանանի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Խիամի վրայ իսրայէլեան հրետանիէ արձակուած ռումբ մը ինկած է, եւ գնդացիրներով կրակոցներ կ՛արձակուին:

«Ախպար» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը Խիամի մէջ երկու անձեր առեւանգած է, երբ իրենց հօրեղբօր յուղարկաւորութեան կը մասնակցէին: Սակայն «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ իսրայէլեան բանակը Խիամի գերեզմանատան մէջ քաղաքացիներ խոշտանգած է եւ ոեւէ անձ չէ առեւանգած:

Լիբանանի պետական լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծած են Թալլուսան, Մարքապան եւ Պենի Հայանը, եւ քարշակներով քանդած Մարքապա գիւղին մէջ տուներ եւ ձիթապտուղի ծառերը:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ կոչ ուղղեց` անմիջապէս դադրեցնելու Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը խախտող բոլոր արարքները:

Իսրայէլեան բանակը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դարձեալ յայտնեց, որ կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 7:00 Լիթանի գետէն հարաւ ուղղուիլը կամ շրջանին մէջ տեղափոխուիլը արգիլուած է:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2024, 08:00