Որոնել

Լիբանան. Տեղահանուածները իրենց բնակավայրերը կը վերադառնան Լիբանան. Տեղահանուածները իրենց բնակավայրերը կը վերադառնան  (AFP or licensors)

Լիբանան. Տեղահանուածները կը շտապեն իրենց բնակավայրերը վերադառնալ

Զանգուածային վերադարձի պատճառով Սայտայի մայրուղիի դէպի հարաւ տանող ճամբուն, Պեքայի միջազգային մայրուղիին եւ Հարաւային արուարձաններու մուտքերուն վրայ խճողումներ ստեղծուեցան:

Հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու եւ Պեքայի բնակիչները զինադադարի համաձայնութեան յայտարարութենէն եւ մասնաւորաբար ուժի մէջ մտնելէն ետք սկսան վերադառնալ իրենց բնակավայրերը:

Զանգուածային վերադարձի պատճառով Սայտայի մայրուղիի դէպի հարաւ տանող ճամբուն, Պեքայի միջազգային մայրուղիին եւ Հարաւային արուարձաններու մուտքերուն վրայ խճողումներ ստեղծուեցան:

Ի տես անոնց շարժումին, իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն կոչ ուղղեց` «չուղղուելու դէպի գիւղեր, որոնց դատարկումը պահանջեցինք, կամ մեր ուժերուն ուղղութեամբ»:

Ան նշեց. «Ձեզ տեղեակ պիտի պահենք ձեր տուներ անվտանգ տունդարձի ժամկէտէն»:

Լիբանանեան բանակը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ զինադադարին ուժի մէջ մտնելէն ետք աշխատանք կը տանի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայման անհրաժեշտ քայլերը որդեգրելու եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ծիրին մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի հետ համագործակցութեամբ գործադրելու իր առաքելութիւնը:

Լիբանանեան բանակը քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` չշտապելու ուղղուիլ առաջնագիծի գիւղեր եւ գիւղաքաղաքներ, ուր ներթափանցած են իսրայէլեան ուժերը` սպասելով զինադադարի համաձայնութեան հիմամբ անոնց հեռացման:

Բանակը շեշտեց շրջաններուն մէջ տարածուած բանակայիններու ցուցմունքներուն հետեւելու կարեւորութիւնը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2024, 08:02