«Լիբանանն ու Իսրայէլը պատրաստակամութիւն յայտնեցին կարճ ժամանակի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան հասնելու» Յայտնեց Սալիվըն
Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն յայտարարեց. «Լիբանանն ու Իսրայէլը պատրաստակամութիւն յայտնեցին կարճ ժամանակի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան հասնելու»:
«Լիբանանի մէջ զինադադարի չհասանք, եւ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կ՛արձանագրուի», նշեց Սալիվըն:
Իսրայէլացի լաւատեղեակ աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մենք կը կասկածինք, թէ կարելի ըլլայ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման մօտալուտ համաձայնութեան հասնիլ»:
«Հըզպալլայի կողմէ զինադադարի համաձայնութեան ոտնահարման պարագային Իսրայէլի զինք հարուածելու պատասխանելու իրաւունքի պահանջին մերժումը կրնայ բանակցութիւնները վտանգի ենթարկել», նշած է աղբիւրը:
«Առանց այդ պայմանի հաստատ չէ, եթէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պիտի կարենայ համաձայնութեան վերաբերեալ նախարարաց խորհուրդի հաւանութիւնը ստանալ», աւելցուց իսրայէլացի լաւատեղեակ աղբիւրը:
Իսրայէլի սփիւռքի հարցերու նախարար Ամիհայ Շիքլի նշեց. «Լիբանանի վրայ պատերազմին վերջ տուող համաձայնութիւնը պէտք է ծովային սահմանագծման համաձայնութեան չեղեալ նկատում պարունակէ»:
«Համաձայնութիւնը պէտք է պարունակէ վտարումը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն, որոնք իրենց առաքելութեան մէջ ձախողեցան», յայտնեց նախարարը:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ