Որոնել

Մայա Սանտու` Մոլտովայի Նախագահ Մայա Սանտու` Մոլտովայի Նախագահ  (ANSA)

Մայա Սանտու` Մոլտովայի Նախագահ

Մոլտովայի ընտրութեան արդիւնքները քուէներու 99,46 առ հարիւրի հաշուարկէն ետք Մայա Սանտու հաւաքած է քուէներուն 55,22 առ հարիւրը, իսկ անոր մրցակից Ալեքսանտր Սթոյանոկլօ` 44,78 առ հարիւրը:

Մոլտովայի գործող նախագահ Մայա Սանտու նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին իր յաղթանակը յայտարարած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի. Պի. Սի.»-ն:

Մոլտովայի ընտրութեան արդիւնքները քուէներու 99,46 առ հարիւրի հաշուարկէն ետք Մայա Սանտու հաւաքած է քուէներուն 55,22 առ հարիւրը, իսկ անոր մրցակից Ալեքսանտր Սթոյանոկլօ` 44,78 առ հարիւրը:

Երկրի նախագահը կ՛ընտրուի 4 տարուան ժամկէտով:

3 նոյեմբերին տեղի ունեցած ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը կազմած է շուրջ 54,07 առ հարիւր, քուէարկած է շուրջ 1,7 միլիոն քաղաքացի:

Սանտու «Էքս» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ յայտարարած է, որ այս ընտրութեան ընթացքին յաղթած է Մոլտովան:

«Մոլտովա՛, այսօր դուն յաղթեցիր: Միասին մենք ցոյց տուինք մեր միասնականութեան, ժողովրդավարութեան ուժը եւ նուիրուածութիւնը արժապանապատիւ ապագային: Շնորհակալութի՛ւն, մոլտովացիներ, տան եւ արտերկրի մէջ: Քալեցէ՛ք, հպարտութեամբ, դուք ազատութիւն եք, յոյս եւ տոկունութի՛ւն: Ես հպարտ եմ, որ կը ծառայեմ բոլորիդ», գրած է Սանտուն:

Կիրակի օր Մոլտովայի մէջ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլն էր: Սանտուի մրցակիցն էր ընդդիմադիր, Մոլտովայի նախկին ընդհանուր դատախազ Ալեքսանտր Սթոյանոկլօ:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն շնորհաւորած է Սանտուն «Էքս»-ի վրայ գրելով. «Հազուագիւտ ուժ կը պահանջուի յաղթահարելու այն դժուարութիւնները, որոնց բախած էք այս ընտրութիւններուն: Ես անհամբեր կը սպասեմ ձեր հետ աշխատանքը շարունակելուն` յանուն Մոլտովայի եւ անոր ժողովուրդի եւրոպական ապագայի»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն իր կարգին շնորհաւորած է Սանտուն` ըսելով, որ ժողովրդավարութիւնը «գերակայած է բոլոր միջամտութիւններուն եւ խուսանաւումներուն»:

Լեհաստանի կառավարութեան ղեկավար Տոնալտ Թուսք նոյնպէս մեկնաբանած է Մոլտովայի ընտրութիւններուն արդիւնքը: Ըստ Թուսքի, ներկայ նախագահը կրցած է յաղթել «Մոսկուայի նախասիրածին»` հակառակ Ռուսիոյ «նախագահական ընտրութեան յարձակողական ու լայնածաւալ միջամտութեան»: Լեհաստանի վարչապետը յոյս յայտնած է, որ այդ միտումը պիտի շարունակուի այլ երկիրներու մէջ` «յառաջիկայ օրերուն եւ ամիսներուն»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2024, 08:00