Որոնել

Votazione in Parlamento per la nomina del nuovo giudice costituzionale

Իտալացի Խորհրդարանականներ կոչ կ՛ուղղեն՝ Հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու

«Իտալիոյ Հանրապետութեան ներքոստորագրեալ պատգամաւորները եւ ծերակուտականները կոչ կ՛ուղղենք կառավարութեան՝ «- Ատրպէյճանի պաշտօնակիցը յորդորելու, որ ՔՈՓ 29 ժողովի ծիրին մէջ, իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում եւ իբրեւ նշան Իտալիոյ հետ բարեկամութեան, ազատ արձակէ բոլոր հայ ռազմագերիները եւ այլ պահուող անձերը, «- Ապահովելու` անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ սեփական միջոցներով, անոնց տուն վերադարձը

39 իտալացի խորհրդարանականներ Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿի Կլիմայի համաժողովի նախօրէին, հրապարակեցին կոչ մը՝ պահանջելով հայ ռազմագերիները ազատ արձակել։

 «Արմէնփրէս»ը, վկայակոչելով ANSA գործակալութիւնը՝ յայտնեց, որ կոչին մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.

 «- Նկատի ունենալով, որ 11էն 22 Նոյեմբեր 2024ին Ատրպէյճան պիտի հիւրընկալէ ՔՈՓ 29` ՄԱԿի Կլիմայի համաժողովը,

 «- Նկատի ունենալով, որ Իտալիա Պաքուի հետ շատ լաւ առեւտրական եւ քաղաքական յարաբերութիւններ ունի, ինչպէս նաեւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն՝ ուժանիւթի ոլորտին մէջ, ինչ որ Իտալիան կը դասէ Ատրպէյճանի առաջնային եւրոպական գործընկերներու շարքին,

 «- Նկատի ունենալով, որ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատումը Իտալիոյ շահերէն կը բխի, առ այդ, նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վստահութեան բարձրացման նպաստող բոլոր գործողութիւններուն եւ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան խրախուսումը,

«- Արձանագրելով, որ վերջին հակամարտութիւններէն ետք զանազան պատճառաբանութիւններով Պաքուի մէջ տակաւին կը պահուին 23 հայ ռազմագերիներ եւ այլ անձեր, որոնց ընտանիքները երկար ատենէ ի վեր կը սպասեն անոնց տունդարձին,

 «- Նկատի ունենալով, որ զանոնք ազատ արձակելը դրական ազդակ պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն համար, եւ հետագային եւս յաւելեալ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ամբողջ տարածաշրջանին եւ ինքնին ՔՈՓ 29ին վրայ,

 «Իտալիոյ Հանրապետութեան ներքոստորագրեալ պատգամաւորները եւ ծերակուտականները կոչ կ՛ուղղենք կառավարութեան՝

 «- Ատրպէյճանի պաշտօնակիցը յորդորելու, որ ՔՈՓ 29 ժողովի ծիրին մէջ, իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում եւ իբրեւ նշան Իտալիոյ հետ բարեկամութեան, ազատ արձակէ բոլոր հայ ռազմագերիները եւ այլ պահուող անձերը,

 «- Ապահովելու` անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ սեփական միջոցներով, անոնց տուն վերադարձը,

«- Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին փոխանցելու Իտալիոյ յանձնառութիւնը՝ նպաստելու տարածաշրջանին մէջ վերջնական խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն»:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2024, 09:58