Որոնել

2024.11.11 Preghiera ecumenica per i prigionieri armeni detenuti a Baku

Միջ եկեղեցական աղօթք` նուիրուած Ազրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող բանտարկուած հայ գերիներուն

Միջոցառումին մասնակցած էին քրիստոնեայ տարբեր յարանուանութիւններու հոգեւորականներ, Իտալիոյ եւ Վատիկանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ ու դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ իտալացի եւ օտարերկրեայ քաղաքացիներ։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Սուրբ Աթոռի մէջ ՀՀ դեսպան՝ Պորիս Սահակեանը։ Բոլորն ալ հաւաքուած էին հաւաքական խնդրանքով իրենց ձայները միաւորելու արդարութեան եւ ազատութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

10 Նոյեմբեր 2024թ, Ն.Ս.O.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, ինչպէս Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր եկեղեցիներու, այնպէս ալ Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աղօթք։ Սուրբ Աթոռի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչի եւ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի կողմէ կազմակերպուած Էքիւմենիկ արարողութեան նպատակն էր իրազեկել եւ աղօթել Պաքուի մէջ ներկայիս կալանաւորուած հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման համար։

Միջոցառումին մասնակցած էին քրիստոնեայ տարբեր յարանուանութիւններու հոգեւորականներ, Իտալիոյ եւ Վատիկանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ ու դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ իտալացի եւ օտարերկրեայ քաղաքացիներ։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Սուրբ Աթոռի մէջ ՀՀ դեսպան՝ Պորիս Սահակեանը։ Բոլորն ալ հաւաքուած էին հաւաքական խնդրանքով իրենց ձայները միաւորելու արդարութեան եւ ազատութեան համար։

Աղօթքէն առաջ, Բարեշնորհ Գրիգոր սարկաւագ Պոյաճեան Լեւոնեան վարժարանի կողմէ բարի գալուստով դիմեց բոլորին։

Ապա Սուրբ Աթոռի Քենթրպըրիի Արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ՝ Գերաշնորհ արքեպիսկոպոս Եան Էռնեստ հանդէս եկաւ ոգեշնչող քարոզով։ Իր ուղերձով ան ընդգծեց տառապանքի եւ անարդարութեան պայմաններուն բոլոր դաւանանքներու միջեւ միասնութեան կարեւորութիւնը․ Արքեպիսկոպոս Էռնեստ ներկաներուն յիշեցուց խաղաղութեան եւ մարդասիրութեան հետամուտ ըլլալու իրենց ընդհանուր պատասխանատուութեան մասին՝ ամրապնդելով այն խոր կապերը, որոնք կը կապեն քրիստոնէական եկեղեցիները դժուարութեան ժամանակ: Իր ուղերձին մէջ ան ըսաւ․ «Քանի որ ես հրաւիրուած եմ համերաշխ ըլլալ ձեզի հետ, քանի որ այստեղ եկած ենք աղօթելու բանտարկեալներու ազատագրման համար, ես կը ցանկամ կրկնել մեր արքեպիսկոպոս Ամենապատիւ Ժասթին Ուելպիի խօսքերը, որ յայտարարած է, որ «Հայաստանի ժողովուրդը չէ մոռցուած»։

Անգլիկան հոգեւորականը անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի հարուստ եւ փոթորկալի պատմութեան, նշելով, որ դարեր շարունակ եւ առ այսօր ան կը շարունակէ կրել խաչը, որպէս տառապանքի ու մաքառման խորհրդանիշ․ «Եւ այդ է պատճառը, որ տաժանակիր ճանապարհին մենք կանգնած ենք ձեր կողքին», - աւելցուց ան։

Արքեպիսկոպոսը նշեց, որ բանտարկուած հայ եղբայրներու ծանր վիճակը կը յիշեցնէ, որ յանուն Աստուծոյ Թագաւորութեան միշտ կան դժուարութիւններ եւ «Որպէս քրիստոնեաներ մեր բանտարկուած եղբայրներու հետ համերաշխութեան մէջ ենք, մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք հանդուրժելու տառապանքի ու փորձութիւններու կրակը եւ յաղթահարելու փոթորկալի դժուարութիւնները», - ըսաւ ան։ Ապա վստահեցուց, որ Սուրբ Գիրքը մեզի համար սփոփանքի եւ զօրութեան աղբիւր է, մէջբերեց Յիսուսի մասին բառերը, որ մեզի կը փոխանցէ Եսայի մարգարէն․ «Տէր Աստուծոյ Հոգին իմ վրայ է, որովհետեւ Տէրն օծածէ է զիս՝ աւետիս տալու հեզերուն, զիս ուղարկած է դարմանելու բեկուած սիրտ ունեցողները, ազատութիւն հռչակելու գերիներուն, արձակում՝ կալանաւորներուն» (Եսայի 61։1)։

Ուստի, ըստ արքեպիսկոպոսին մենք կոչուած ենք, հաւատքով դիմագրաւելու կեանքի դժուարութիւնները՝ այն համոզմամբ, որ մենք Աստուծոյ ձեռքերու մէջ ենք։ Աւելցուց, որ որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր՝ Քրիստոսով մենք կոչուած ենք իրար սիրելու եւ կիսելու, ինչպէս Յիսուսը կը պատուիրէ մեզի․ «Սիրեցէ՛ք զիրար, ինչպէս ես սիրեցի ձեզ» (Յովհ. 13։34)։ Սէրը կրնայ մարդիկ փրկել յուսահատութենէն, անօգնականութենէն, հիւանդութենէն եւ ներշնչէ նոր յոյս։

Իր քարոզի վերջը արքեպիսկոպոս Էռնեստը կարեւորեց միասնական աղօթքի պահը, որ կենսունակութիւն կը հաղորդէ մեր հոգեւոր ճանապարհին եւ համոզմունք յայտնեց, որ Տիրոջ օգնութեամբ, անգամ եթէ մեր սպասումները անմիջապէս չիրականանան, մենք չենք վհատուիր, չենք տկարանար։ Քանզի Տէրը այստեղ է, եւ ան բարեգութ է։

Պատարագի աւարտին, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Գերաշնորհ Տ․ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ընդունեցին նախաձեռնութեան մասնակցելու հրաւէրը եւ ընդգծեց, որ այս միասնութեան եւ համերաշխութեան բացառիկ առիթ դարձաւ՝ հեռու դաւանաբանական տարբերութիւններէն։ Ապա յատուկ երախտագիտական խօսքեր ուղղեց Սուրբ Աթոռի Անգլիկան Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Եան Էռնեստ արքեպիսկոպոսին՝ իր ներկայութեան եւ ունեցած շարունակական ներդրման միջկրօնական երկխօսութեան աշխատանքներուն։

Իր խօսքով Սրբազան Հայրը կարեւորեց ընդհանրական հաւատքի արժէքը, որպէս արդարութեան եւ խաղաղութեան որոնման շարժիչ ուժ, յատկապէս յանուն անոնց, որոնք չեն կրնար պայքարիլ իրենց իրաւունքներուն համար։ Սրբազանը նշեց, որ պէտք է հաստատակամ մնանք պարտականութեան մէջ՝ պաշտպանելու բոլոր մարդոց իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը, որոնք անտեսուած են եւ առաւել ե՛ւս կարիքաւոր։

Ան ըսաւ, որ լռութեան մէջ անարդարաբար տառապող մեր հայրենակիցները Աստուծոյ սիրելի զաւակներ են, եւ ընդգծեց, որ առ Աստուած առաքուած աղօթքը ոչ միայն անոնց ազատութեան համար է, այլ որպէսզի աշխարհին մէջ տիրեն փոխըմբռնում, յարգանք եւ կարեկցանք։ Սրբազանը յոյս յայտնեց, որ իշխանատէրերը լսեն բարի կամքի մարդոց կոչը եւ կարեկցանք ցուցաբերեն, որ բնորոշ է իւրաքանչիւր մարդ էակին։

Ամփոփելով, Սրբազանը Հայրը անդրադարձաւ Տիրոջ ուսմունքներուն՝ սիրոյ, շնորհքի եւ ներումի մասին, որոնք ուժ կու տան պայքարելու աշխարհի մէջ արդարութեան, ողորմութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար։ Ան մաղթեց, որ ներկաներու աղօթքները շարունակեն աջակցիլ առաւել կարիքաւորներուն եւ անոնց ապագայ գործերը վկան են Տիրոջ ուսմունքներուն հաւատարիմ մնալը։

Աղբիւրը`  Սուրբ Աթոռի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցչութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2024, 11:21