Պերլին խիստ մտահոգիչ կը նկատէ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակը
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակը, լրատուամիջոցներու աշխատակիցներու, գործիչներու եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու ձերբակալութիւնները խիստ մտահոգիչ նկատեց:
Ըստ «Թուրան» լրատու գործակալութեան՝ 21 Նոյեմբերին, Պաքուի մէջ ՔՈՓ 29ի ծիրին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս հարցը լուսարձակի տակ առնելով՝ Պերպոք յայտարարեց, որ Գերմանիա կ՛աջակցի անոնց ազատ արձակման եւ այդ հարցին պիտի անդրադառնայ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումին ընթացքին։ Ան շեշտեց, որ, անկախ կլիմայի այս համաժողովէն, Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակը Պերլինի եւ Պաքուի միջեւ միշտ քաղաքական քննարկումներու մաս կազմած է:
«Կան նաեւ Գերմանիոյ հետ սերտ կապեր ունեցող դէպքեր», դիտել տուաւ Պերպեք` շեշտելով քաղաքական բանտարկեալ Կուպատ Իպատօղլուի` երկրէն հեռանալու արգելքը:
«Ազատութիւն»ը կը հաղորդէ, որ 53ամեայ Իպատօղլու ճաղերուն ետին կը գտնուի նախորդ տարուընէ ի վեր՝ Ալիեւի ընտանիքին վերաբերող փտածութեան գործարքներուն մասին հրապարակումներէն ետք: Նախքան ձերբակալուիլը, ան յայտարարած էր, թէ 44օրեայ պատերազմին պատճառով, Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած շրջաններուն մէջ շինարարութեան ծրագիրները փտած մեթոտներով կը կատարուին: Արեւմուտքի շարունակական քննադատութիւններէն ետք այս տարուան Ապրիլին անոր խափանման միջոցը փոխուեցաւ տնային բանտարկութեան:
Պաքուի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու հարցին անդրադարձաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր 21 Նոյեմբերին, Ուաշինկթընի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, թէ արդեօք ՔՈՓ 29ը Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցով կորսուած կարելիութի՞ւն է՝ Միլըր ըսաւ. «Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ իր ուշադրութեան կեդրոնը պահել այդ հարցը եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը որեւէ համաժողովի հետ կապ չունի: Այդ գործընթացը տեղի կ՛ունենայ այստեղ ամէն օր. Անիկա սկսած է նախքան ՔՈՓ 29էն եւ պիտի շարունակուի անկէ ետք եւս»:
22 Նոյեմբերին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը: Այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Կը նշուի, որ քննարկուեցան տարածաշրջանին մէջ յետ-պատերազմ իրավիճակը, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը եւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին մէջ եղած հարցերը:
«Նախարար Պայրամով անգամ մը եւս մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի դէմ համակարգուած կողմնակալ եւ անհիմն զրպարտիչ արշաւին գծով», կը նշեալ նշուի հաղորդագրութեան մէջ։
Հանդիպումին ընթացքին նախարարները անդրադարձան նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման, տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման եւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ միացեալ ծրագիրներու իրականացման: Պերպոք կարեւոր նկատեց Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորումը՝ ընդգծելով Գերմանիոյ պատրաստակամութիւնը աջակցելու խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն:
Նախարարները քննարկեցին նաեւ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ երթեւեկային հաղորդակցութեան կապերու բարելաւման կարելիութիւնները, որոնք կրնան նպաստել տնտեսական աճին եւ համագործակցութեան խորացման:
Հանդիպումին աւարտին կողմերը վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը շարունակելու երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ