ԵՈՒՆԵՍՔՕն մտահոգ է Արցախի մէջ մշակութային արժէքներու ոչնչացման մասին զեկոյցներով
ԵՈՒՆԵՍՔՕի Մշակոյթի եւ արտակարգ իրավիճակներու կազմակերպութեան տնօրէն, 1954ի Լա Հէյի ուխտին եւ անոր երկու արձանագրութիւններու (1954 եւ 1999 թուականներ) քարտուղար Քրիսթա Փիքաթ «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Արցախ արդէն երկար տարիներէ ի վեր կը գտնուի ԵՈՒՆԵՍՔՕի ուշադրութեան կիզակէտին. կառոյցը մտահոգուած է տարբեր ծագում ունեցող եւ տարբեր տեսակի մշակութային արժէքներու ենթադրեալ ոչնչացման մասին զեկոյցներով:
Ան այս հաստատումը կատարեց՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ դիրքորոշում ունի ԵՈՒՆԵՍՔՕն այն գծով, որ Սեպտեմբեր 2023ին Արցախի դէմ սանձազերծուած ռազմական յարձակումէն ետք Ատրպէյճան ամբողջութեամբ իր տիրապետութեան տակ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը եւ սկսաւ համակարգուած կերպով ոչնչացնել տեղւոյն հայկական մշակութային ժառանգութիւնը:
Փիքաթ մանրամասնութիւններ տալով՝ յայտնեց, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕի գլխաւոր տնօրէնը եւս վերջին հակամարտութեան ընթացքին փափաք յայտնեց ԵՈՒՆԵՍՔՕի թեքնիք առաքելութիւն մը ուղարկել տարածաշրջանը՝ գնահատելու իրավիճակը, ինչպէս նաե կարիքները եւ այն, թէ ԵՈՒՆԵՍՔՕն ինչպէ՛ս կրնայ օգնել պահպանելու եւ պաշտպանելու այս բազմազան ժառանգութիւնը:
«Համապատասխան կողմերուն հետ բարձրագոյն մակարդակի բանակցութիւններ կատարուեցան՝ առաքելութիւն ուղարկելու համար: Այժմ, երբ իրավիճակը փոխուած է, այս առաքելութիւնը այլեւս չի կրնար ուղարկուիլ Լա Հէյի 1954ի «Զինեալ բախումներու պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» ուխին համաձայն: Մենք հիմա Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ կը քննարկենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք աջակցիլ անոնց», դիտել տուաւ Փիքաթ:
Ան աւելցուց, թէ՝ նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը ստիպուած եղած է փախուստի դիմելու եւ հաստատուելու Հայաստան, նախորդ տարի ԵՈՒՆԵՍՔՕն գլխաւոր տնօրէնի մշակոյթի գծով օգնականին գլխաւորութեամբ առաքելութիւն ուղարկեց Հայաստան՝ առաջարկելու կառոյցին աջակցութիւնը եւ օգնութիւնը ու իմանալու, որ եթէ անոնց կարիքները բաւարարուած են, թէ՛ կրթական եւ թէ ընկերային-հոգեբանականական առումներով:
«Բացի այդ, ուղարկուած առաքելութիւնը նաեւ փորձեց հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք աջակցիլ, օրինակ, ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման, այն կենդանի ժառանգութեան, որ ունին այս համայնքները: Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ համայնքը իրական կերպով քննարկէ, թէ որոնք են իր սովորութիւնները եւ աւանդութիւնները, զորս պահպանելու կարիք ունի», նշեց Փիքաթ՝ ընդգծելով, որ անհրաժեշտութեան պարագային, եթէ կան աւանդութիւններ, որոնք անհետացման եզրին են, կարելի է նաեւ փնտռել միջոցներ՝ զանոնք պահպանելու համար:
Ըստ Փիքաթի՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕն շատ կը փափաքի աշխատիլ այս համայնքներուն եւ, անշուշտ, իշխանութիւններուն հետ՝ մշակոյթի ոլորտին մէջ կազմակերպութեան գործունէութեան ծիրին մէջ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները թոյլ տան ԵՈՒՆԵՍՔՕի դիտորդական խումբին ծանօթանալու եւ վերահսկողութեան տակ պահելու հայկական այն մշակութային ժառանգութիւնը, որ դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցած է Արցախի մէջ՝ ան կրկնեց, որ կառոյցը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ քննարկումներու մէջ է:
«Կ՛ուզէի նաեւ նշել, որ այժմ 1954ի Լա Հէյի ուխտը ունի դիտարկման ժամանակաւոր գործիքակազմ մը, որ կրնայ գործարկուիլ որեւէ անդամ պետութեան մը կողմէ: Այնպէս որ, անիկա նաեւ անդամ երկիրներու եւ կոմիտէի որոշումն է, թէ ԵՈՒՆԵՍՔՕն ինչպէ՞ս կրնայ ներգրաւուիլ եւ աջակցիլ երկիրներուն», եզրափակեց Փիքաթ:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ