Որոնել

Ռիատի վեհաժողովը Ռիատի վեհաժողովը  

Ռիատի վեհաժողովը դատապարտեց Իսրայէլի ոճիրները եւ Պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը պահանջեց

Արաբական-իսլամական վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը զգուշացուց իսրայէլեան մագլցումին շրջանային ու միջազգային առումով վտանգէն եւ դատապարտեց Կազայի մէջ Իսրայէլի ոճիրներն ու ցեղասպանական քաղաքականութիւնը:

Երէկ Ռիատի մէջ տեղի ունեցաւ արաբական-իսլամական վեհաժողովը, որուն բացման արարողութեան ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման Իշխանը յայտնեց. «Պաղեստինցի ժողովուրդին վրայ Իսրայէլի յարձակումները շարունակելը կը խոչընդոտէ խաղաղութեան հաստատման ջանքերը»:

Ան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է շարունակել 1967-ի սահմաններով եւ Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան պետութեան ստեղծման հասարակաց ջանքերը` շեշտելով պաղեստինեան իշխանութեան դերի կրճատման մերժումը:

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը դատապարտեց Լիբանանի հողերը թիրախաւորող եւ անոր գերիշխանութիւնը ոտնահարող զինուորական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ մերժեց իրանեան հողերուն վրայ կատարուող յարձակումները:

Խորհրդաժողովին մասնակցողներուն շարքին էին Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը, Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը եւ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին:

Միքաթի իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղեց. «թիկունք կանգնելու լիբանանեան պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն եւ շարունակելու մարդասիրական օժանդակութիւններու ուղարկումը»:

Միքաթի նաեւ կոչ ուղղեց «անմիջապէս դադրեցնելու Լիբանանի վրայ յարձակումը, անմիջապէս զինադադար հաստատելու եւ վերականգնելու թիւ 1701 որոշումի իր բոլոր կէտերով գործադրումը»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտնեց. «Պէտք է դադրեցնել Լիբանանի մէջ պատերազմը եւ գործադրել թիւ 1701 որոշումը, եւ երաշխաւորել սահմանի երկու կողմերուն վրայ անվտանգութիւնը, յուսանք, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ մօտ օրէն կը յարգէ պատերազմը դադրեցնելու իր խոստումը»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին ըսաւ. «Պէտք է Իսրայէլը միջազգային գետնի վրայ մեկուսացնել, եթէ Կազայի եւ Լիբանանի վրայ իր յարձակումին վերջ չտայ»` շեշտելով. «Մենք Իսրայէլի վրայ առեւտրական սահմանափակումներ հաստատեցինք եւ աւելին պիտի հաստատենք, եթէ իր յարձակումը չդադրեցնէ»:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան վեհաժողովի աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ վեհաժողովին նպատակը շրջանին մէջ լարուածութիւններու մեղմացումն է, «եւ մենք կ՛ուզենք տեւական լուծում մը, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը կ՛արմատացնէ»:

Պըն Ֆարհան նշեց, որ պէտք է դէպի Կազա օժանդակութիւններու հասանելիութեան սահմանափակումները վերցնել, եւ վեհաժողովը քննարկեց զինադադարի հաստատումն ու ատոր համար քայլերու համակարգման հարցը: Ան նշեց, որ շրջանին մէջ տագնապի լուծումը պաղեստինեան պետութեան ստեղծումն է, եւ ներկայիս առաջնահերթութիւնը պատերազմը դադրեցնելն ու պաղեստինցիներու տառապանքին վերջ տալն է:

Ինչ կը վերաբերի Այսրյորդանանի եւ պատերազմի դէպի Լիբանան ընդլայնման, սէուտական դիւանագիտութեան պետը նշեց. «Մեր նպատակը նախ եւ առաջ պատերազմը դադրեցնելն է, ինչպէս նաեւ պէտք չէ միջազգային ընտանիքին արտօնենք աչք փակել Իսրայէլի ոճիրներու նկատմամբ, եւ մենք կը ջանանք լուսարձակները կեդրոնացնել պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին վրայ»:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ըսաւ, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ Կազայի մէջ պատերազմին նկատմամբ իր պարտաւորութիւններու կատարման թերացում կայ: Արաբական ու իսլամական աշխարհը զայրացած է Կազայի մէջ տեղի ունեցողին նկատմամբ, եւ արաբական ու իսլամական միացեալ կեցուածքի հրապարակումը լուծումի հասնելու համար ազդեցութիւն պիտի ունենայ:

Արաբական-իսլամական վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը զգուշացուց իսրայէլեան մագլցումին շրջանային ու միջազգային առումով վտանգէն եւ դատապարտեց Կազայի մէջ Իսրայէլի ոճիրներն ու ցեղասպանական քաղաքականութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն վրայ յարձակումները` պահանջելով Իսրայէլին ստիպել դադրեցնել իր թշնամական քաղաքականութիւնները,  ինչպէս նաեւ աշխատանք տանիլ սառեցնելու Իսրայէլի ՄԱԿ-ի աշխատանքներուն մասնակցութիւնը:

Խորհրդաժողովը բոլոր պետութիւններէն պահանջեց արգիլել դէպի Իսրայէլ զէնքերու արտածումը եւ միջազգային աջակցութիւն ապահովել ճանչնալու Պաղեստինի պետութիւնը:

Արաբական-իսլամական վեհաժողովը դատապարտեց ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու իսրայէլեան Քնեսեթի որոշումը, ինչպէս նաեւ դատապարտեց սուրիական հողերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումը:

Խորհրդաժողովը նաեւ կոչ ուղղեց` ընդլայնելու նախարարական յանձնախումբի ջանքերը, որպէսզի ներառէ Լիբանանի մէջ պատերազմի դադրեցումը:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտնեց. «Արաբական-իսլամական վեհաժողովի` Իսրայէլի ՄԱԿ-ի անդամակցութիւնը սառեցնելու ուղղութեամբ աշխատելու որոշումը պատմական է»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2024, 07:50