Որոնել

Սիտնիի մէջ Մխիթար Սեփաստացիի մահուան 275-ամեակը Սիտնիի մէջ Մխիթար Սեփաստացիի մահուան 275-ամեակը 

Սիտնիի մէջ. Մեծ շուքով նշուած է Մխիթար Սեփաստացիի մահուան 275-ամեակը. Գլխաւոր պատգամը փոխանցած է Մխիթարեան վարդապետ Հայր Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեան

Սիտնիի մէջ. Մեծ շուքով նշուած է Մխիթար Սեփաստացիի մահուան 275-ամեակը. Գլխաւոր պատգամը փոխանցած է Մխիթարեան վարդապետ Հայր Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեան

Օրերս, Սիտնիի մէջ, մեծ շուքով նշուած է Մխիթար Սեփաստացիի մահուան 275-ամեակը. այդ առթիւ օրուան գլխաւոր պատգամը փոխանցած է Մխիթարեան վարդապետ Հայր Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեան։

Ուրբաթ 25 Հոկտեմբերին  Հովանաւորութեամբ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արք. Նաճարեանի, Միացեալ կազմակերպութեամբ Առաջնորդարանին եւ Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան, Համազգային Գօլստըն Ճեմարանի Նալպանտեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթար Սեբաստացիի մահուան 275-ամեակին նուիրուած յուշահանդէսը: Նշանակուած միացեալ  յանձնախումբը, բաղկացած Համազգայինի Գրական Յանձնախումբի բոլոր անդամներէն եւ Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող զանազան պաշտօններով անձերէ, սարկաւագներ, քարտուղար, դիւանապետ:

Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, Հանդիսավարուհի Տիկին Նանոր Մանճիկեան-Աշիքեան հրաւիրեց Սրբազան հայրը աղօթքով բացումը կատարելու ձեռնարկին, որմէ ետք բարի գալուստ մաղթեց հիւրաբար Սիտնի ժամանած Պրազիլիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Նարեկ Եպիսկոպոս Պէրպէրեանը, Արժանապատիւ քահանայ հայրերը, հայկական հոգեւոր, քաղաքական, բարեսիրական, մշակութային, ընկերային եւ լրատուական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու 140-ի շուրջ ներկայ հանդիսականները: Ապա բեմ հրաւիրեց Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ սարկաւագներէ բաղկացած երգչախումբը յանձինս Բարեշնորհ սարկաւագներ Վարդան Էլմասեանի, Վարդան Քէօշքէրեանի եւ Գրիգոր Սեդրաքեանի, ինչպէս նաեւ երգուսոյց խմբավար եւ դաշնակահար Բարեշնորհ Պօղոս Սարկաւագ Քէլէշեանը: Երգչախումբը մերթ ընթ մերթ կատարեց Մխիթար Սեբաստացիի նուիրուած «Զարթիր Աշխարհ» Մխիթարեան Քայլերգը, «Երանուհի»ն, «Անճառին Խորան»ը եւ «Աղաչեմք զՔեզ»ը, բոլորն ալ խօսք եւ երաժշտութիւն Մխիթար Աբբահայր Սեբաստացիի: 

Օրուան խորհուրդը եւ Սեբաստացիի արժեւորումը կատարեց Մխիթարեան Միաբան Հայր Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, որ Սիտնի կ'այցելէր:

Նախքան Հայր սուրբը բեմ հրաւիրելը, հանդիսավարուհին կարդաց Հայր սուրբին հակիրճ բայց հարուստ կենսագրութիւնը, զոր կը գտնէք ստորեւ:

Ցուցադրուեցաւ վաւերագրական «Մխիթարեան Միաբանութիւնը» տեսերիզը (ֆիլմի հեղինակ՝ Նուէր Մնացականեան, բեմադրիչ՝ Յակոբ Փափազեան):  Տեսերիզը կը պարունակէր ապշեցնող եւ դաստիարակիչ տեղեկութիւն Մխիթարի եւ Մխիթարեաններուն մասին: 

Կազմակերպիչ յանձնախումբին ջանքերով տպուած էր ճաշակաւոր 12 էջնոց գրքոյկ մը, որ կը բովանդակէր տեղեկութիւն Սեբաստացիի, Սուրբ Ղազար Կղզիի, Հայր Վահանի եւ յայտագրի ընթացակարգին մասին:

Հայր Վահան Վենետիկ պատրաստուած Մխիթար Սեբաստացիի յուշամետալներ նուիրեց մին Հայկազուն Սրբազանին իսկ միւսը՝ միացեալ յանձնախումբին որուն անունով զայն ստացաւ Պօղոս Սարկաւագ Քէլէշեան: Բեմ հրաւիրուեցաւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Պրն Գէորգ Վարդանեան, որ Սրբազան հօր հետ միասին յուշանուէր մը յանձնեց Հայր Սուրբին Առաջնորդարանի եւ Համազգայինի անունով:

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Հայկազուն Արքեպիսկոպոս նախ փառք տուաւ որ Առաջնորդարանի եւ Համազգայինի ջանքերով կարելի եղաւ գեղեցիկ ու դաստիարակիչ երեկոյ մը հրամցնել մեր համայնքի զաւակներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայր Վահանին, երգչախումբին, ղեկավարին եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին, վերջինիս վարագոյրի ետին տարած բծախնդիր աշխատանքին համար: Սրբազանը վեր առաւ Մխիթար Սեբաստացիի երկու հիմնական յատկութիւնները, անոր քրիստոնէական ամուր հաւատքը, իր տեսիլքը կատարելու նուիրումը որուն նպատակն էր լոյս տարածել Հայ ժողովուրդին մէջ: Սրբազանը անդրադարձաւ Մխիթարի գլուխ գործոց Հայկազեան Բառարանին, անոր հարուստ բովանդակութեան, որուն մէջ Մխիթար Հայ մշակոյթի բառերը քով քովի կրցած էր դնել եւ որոնք գանձ են այսօր: Սրբազանը թուեց այն բոլոր դժուարութիւնները, որոնց մէջէն առանց յուսահատելու անցաւ Մխիթար « Պէտք էր խօսք հասկցնել Կաթոլիկ եկեղեցիին, պէտք էր խօսք հասկցնել Առաքելական եկեղեցիին, պէտք է ապահովութիւն տար իր միաբանութեան անդամներուն, պէտք էր լուծեր տնտեսական, ապահովական, առողջական բոլոր հարցերը, որոնցմէ յաղթական դուրս եկաւ» ըսաւ Սրբազանը:  Սրբազանը անդրադարձաւ Մխիթարի տպագրական գործունէութեան, որը նմանցուց «գողգոթա»ի, բայց Մխիթար կրցաւ զայն դարձնել շահաբեր եւ տպած գիրքերու շահոյթը գործածեց նոր գիրքերու տպագրութեան: Սրբազանը հիացմունքով արտայայտուեցաւ Մխիթարի գործը մինչեւ օրս շարունակող միաբաններուն, որոնցմէ մին է Հայր Վահան Օհանեանը:

Սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց Մխիթարի, անոր միաբանութեան ննջեցեալ անդամներու յիշատակին, աղօթք բարձրացուց նաեւ այսօրուան ժրաջան միաբաններուն, այսօրուան ձեռնարկը կազմակերպողներուն, մասնակիցներուն եւ ներկայ հանդիսատեսներուն համար, ամենայն բարիք խնդրելով Աստուծմէ:

Ձեռնարկէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, պատրաստուած Միացեալ Յանձնախումբի տիկիններուն եւ Առաջնորդարանի Տիկնանց Յանձնախումբի տիկնանց կողմէ:

Յիշատակելի երեկոյ մը Սիտնիի Հայ համայնքին համար:

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2024, 07:30