Որոնել

2023.01.02 Rev Vahan Tutighyan

Երախտագիտութեան Շնորհը (Գոհաբանութեան Օրուան Առթիւ)

Մեր առօրեայ կեանքին մէջ ամէն անհատ բազմաթիւ օրհնութիւններ կը վայելէ գիտակցաբար եւ անգիտակցաբար: Այդ պարգեւներէն շատեր աստուածատուր պարգեւներ են, իսկ ոմանք մարդոց կողմէ տրուած: Ամէն մարդ հաւասարապէս կը վայելէ օդը, ջուրը, արեւը, բնութիւնն ու անոր գեղեցկութիւնները, որոնք երկնատուր շնորհներ են: Կեանքը իր ամբողջութեամբ Աստուծոյ պարգեւն է:

Գոհաբանութեան Օրը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն ամենէն ժողովրդական տօներէն մէկն է: Այս տօնին ծագումը ետեւ կ՛երթայ 17րդ դարու առաջին քառորդին, երբ խումբ մը անգլիացիներ, խղճի եւ կրօնական ազատութեան ի խնդիր, Ամերիկայի արեւելեան ափերը հաստատուեցան: Հաւատքի այս ազատամարտիկները «Պանդուխտ» կոչուեցան, որովհետեւ իրենց բնիկ հայրենիքը ձգելով բոլորովին անծանօթ երկրի մը մէջ իրենց բնակութիւնը կը հաստատէին: Անոնք թիւով միայն 102 հոգի էին երբ 1620ի Օգոստոսին «Մէյֆլաուր» նաւով ճամբայ ելան: Իրենց նաւային ճամբորդութիւնը տեւեց լման 67 օրեր երբեմնի ալեկոծ Ատլանտեան ովկիանոսի մէջ: Եւ վերջապէս հասան Մեսեչուսեց նահանգի Փլիմըթ կոչուած փոքր գիւղաքաղաքը:

Սաստկաշունչ եւ տառապալի ձմեռ մը անցնելէ ետք, Պանդուխտներու 102 թիւին գրեթէ կէսը մահացաւ եւ մնացածները չափազանց տագնապալի օրեր ապրեցան: Բայց, ի հեճուկս իրենց դիմակալած դժուարութիւններուն, իրենց հաւատքը չկորսնցուցին, այլ այդ դժնդակ պայմաններու մէջ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին գոհաբանական արարողութեամբ մը՝ ստեղծելով նախընթացը ապագայ Գոհաբանութեան Օրուան:

Շնորհապարտութեան զգացումի այդ արտայայտութիւնը աւելի քան 165 տարի պահելէ ետք աւանդական իր բնոյթը, 1789ին նուիրագործուեցաւ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահ Ճորճ Ուաշինկթընի կողմէ՝ հետզհետէ ծաւալելով նահանգէ նահանգ եւ ի վերջոյ 1941ի Դեկտեմբերին, Քոնկրեսը վերջնականապէս որոշեց Նոյեմբեր ամսուան չորրորդ Հինգշաբթին տօնել Գոհաբանութեան Օրը, որպէս ազգային տօն:

Պանդխտութեան, զրկանքի եւ տարբեր անձկութիւններու մէջէն անցնող այդ առաջին սերունդը՝ 1621ին իր գոհաբանական արարողութեամբ բան մը կը փոխանցեր յետնորդ սերունդներուն, ինչ որ Պօղոս առաքեալ դարեր առաջ կը պատգամեր՝ «Ամէն բանի համար միշտ շնորհակալութիւն յայտնեցէք Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով» (Եփես. 5.20):

Դժբախտաբար, սակայն, շատ մը ամերիկացիներու համար Գոհաբանութեան Օրը ընտանեկան համախումբի եւ կերուխումի օր մըն է: Շատեր մոռցած են եւ կամ չեն գիտեր այս տօնին նշանակութիւնը, պատմական ծագումն ու բարոյական իմաստը:

Պանդուխտ Հայրերը տառապանքի ու զրկանքի օրերու մէջ իսկ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Աստուծոյ իրենց կեանքին եւ վայելած բազմաթիւ տեսանելի եւ անտեսանելի շնորհքներուն համար: Անոնք Աստուծոյ փառք տուին եւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին, որ սաստիկ ձմեռ մը անցնելէ ետք իրենց կեանք շնորհեց  օտար այդ ափերուն մէջ ազատօրէն ապրելու եւ զԱստուած փառաբանելու՝ Իր պարգեւած շնորհներուն համար:

Երախտագիտութեան զգացումը երկնատուր մեծագոյն շնորհներէն մէկն է: Իսկ ապերախտութիւնը ստորնացուցիչ ահաւոր մեղք մըն է:

Իրօք, ապերախտութիւնը արմատն է մեղսագործութեան: Ցաւալի երեւոյթ է երբ մարդիկ մոռնան իրենց վայելած պարգեւներն ու բարիքները եւ դառնան երախտամոռ եւ ապերախտ: Ապերախտ մարդիկ հակամիտութիւնը ունին ըլլալու ամբարտաւան եւ ժլատ:

Դարեր առաջ Մակեդոնացի աշխարհակալ Ֆիլիփ՝ մեծապէս զայրացած իր զինուորներէն մէկուն ապերախտութենէն, անոր ճակտին խարանել տուաւ «Ապերախտ մարդ» բառերը:

Արդարութիւնը քանի՜, քանի՜ ճակատներու պիտի դրոշմեր այս երկու բառերը, որոնք աստուածատուր շնորհներ վայելած են, եւ կը շարունակեն վայելել, բայց երախտապարտ չեն: Կամ քանի՜, քանի՜ մարդոց ճակատները պէտք է խարանուէին նոյն բառերով, որոնք իրենց ընկեր բարերարներէն նպաստներ ստացած են, բայց ապերախտ են:

Եբրայեցի մեծ մարգարէն, Եսայի, արդարօրէն իր ապերախտ ազգակիցները կը կշտամբէ երբ Աստուծոյ բերնով կ՛ըսէ.  «Զաւակներ մեծցուցի եւ անոնք ինծի դէմ ապստամբեցան… եզը իր տէրը կը ճանչնայ եւ էշը իր տիրոջ մսուրը, սակայն Իսրայէլ զիս չի ճանչնար, իմ ժողովուրդը զիս չ՛իմանար» (Ես. 1.3):

Մտածել, թէ անբան անասունն անգամ իրեն մատուցուած բարիքին համար գիտակից եւ երախտապարտ է, բայց մարդ արարածը իր Երկնաւոր Հօր հանդէպ ապերախտ ըլլայ:

Պանդուխտ Հայրերը կը յիշեցնեն մեզի, թէ երախտագիտութիւնը կախեալ չէ կեանքի արտաքին պայմաններէն, այլ ան ներքին եւ առողջ հոգեվիճակի մը արգասիքն է: Գոհաբանութիւնն ու շնորհակալութեան զգացումը աղերս չունին մէկու մը ունեցած շօշափելի հարստութեան կամ բարօրութեան հետ:

Գոհունակ անձը չի նայիր իր չունեցածին եւ աւաղեր իր զրկանքները, այլ կը նայի այն բաներուն որ ունի, որքան ալ քիչ ըլլան անոնք: Իրեն համար ժողովրդական ասացուածքը՝ «հացիկ, ջրիկ, կեանք երջանիկ» մեծ իմաստ ունի:

Երախտագէտ սրտի մարդը կեանքի համեստ պայմաններուն մէջ իսկ կրնայ հայ երգիչին պէս երգել, «Մի փոքրիկ տուն առուի ափին, թագաւորի թախտ է ինծի/ Մի կտոր հաց թոնրի շրթին, իշխանական ճաշ է ինծի»:

Մեր առօրեայ կեանքին մէջ ամէն անհատ բազմաթիւ օրհնութիւններ կը վայելէ գիտակցաբար եւ անգիտակցաբար: Այդ պարգեւներէն շատեր աստուածատուր պարգեւներ են, իսկ ոմանք մարդոց կողմէ տրուած: Ամէն մարդ հաւասարապէս կը վայելէ օդը, ջուրը, արեւը, բնութիւնն ու անոր գեղեցկութիւնները, որոնք երկնատուր շնորհներ են: Կեանքը իր ամբողջութեամբ Աստուծոյ պարգեւն է:

Բաց աստի, ամէն օր բազմաթիւ օրհնութիւններ, բարիքներ եւ շնորհներ կը վայելենք ֆիզիքական, մտաւոր եւ հոգեւոր մարզերու մէջ, որոնք այլ մարդոց բերած նպաստն են մեզի եւ մեր նմաններուն: Այս ամէնուն համար երախտապարտ ըլլալու ենք:

Սակայն, երախտագիտական զգացումը բաւական չէ․ կարեւոր է մեր գնահատանքը, շնորհակալութիւնը արտայայտենք: Չ՛արտայայտուած գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը անիմաստ կը դառնայ մեր շրջապատին: Բարեհաճ իղձեր, զգացումներ եւ խորհուրդներ օգուտ չունին: Զգացումներ եւ մտածումներ  իմաստալի կը դառնան երբ կը վերածուին արտայայտութիւններու եւ հուսկ գործնական տեսանելի եւ շօշափելի արարքներու:

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2024, 09:05