Որոնել

Տանըլտ Թրամփ Տանըլտ Թրամփ  

Միացեալ Նահանգներու 47-րդ նախագահը ընտրուելով` Թրամփ. «Պատմական յաղթանակ մը արձանագրեցի»

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան մէջ իր յաղթանակը յայտարարեց` նշելով, որ կը նախատեսէ աւելի քան 300 ընտրական միաւոր ստանալ:

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան մէջ իր յաղթանակը յայտարարեց` նշելով, որ կը նախատեսէ աւելի քան 300 ընտրական միաւոր ստանալ:

Թրամփ Ֆլորիտայի մէջ իր ընտրական կեդրոնին մէջ խօսք մը արտասանելով յայտարարեց. «Պատմական յաղթանակ մը արձանագրեցի, ճօճուող նահանգներուն մէջ ու ժողովրդային քուէարկութեան մէջ յաղթանակ արձանագրեցինք եւ 315 ընտրական միտաւոր ապահովեցինք, ինչ որ ժողովուրդին սէրը ցոյց տուող հոյակապ զգացում մըն է»:

Ակնարկելով իր դէմ մահափորձին` ան աւելցուց. «Աստուած զիս փրկեց, որպէսզի երկիրը փրկէ, ասիկա մեր երկրին մէջ աննախադէպ քաղաքական յաղթանակ է, յաղթանակս քաղաքական պատմական յաջողութիւն է, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ամերիկացի ժողովուրդին` զիս անգամ մը եւս նախագահ ընտրելուն պատիւին համար: Այսօր ժողովրդավարութիւնը յաղթեց, պատմութիւն կերտեցինք եւ մեծ խոչընդոտներ յաղթահարեցինք»:

«Ամերիկան դարձեալ մեծ պիտի դարձնեմ, հզօր բանակ մը կ՛ուզենք, պատերազմներ պիտի չսկսիմ, այլ անոնց վերջ պիտի տամ, աշխատատեղիներ պիտի ստեղծեմ, տուրքերը պիտի նուազեցնեմ եւ սահմանը ոճրագործներուն առջեւ պիտի փակեմ», յայտնեց ան:

«Մենք կը պատրաստուինք մեր երկրին ապաքինելու օգնելու: Մենք կը պատրաստուինք մեր երկրին վերաբերեալ ամէն ինչ շտկելու: Այս երեկոյ մենք պատմութիւն կերտեցինք: Ասիկա իսկապէս Ամերիկայի ոսկեդարը պիտի ըլլայ», ըսաւ Թրամփ Ուեսթ Փալմ Պիչի մէջ:

Թրամփ յայտարարեց, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը իր վերահսկողութեան տակ առած է Քոնկրեսի երկու պալատները` Ծերակոյտն ու Ներկայացուցիչներու տունը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շնորհաւորեց Թրամփը` ըսելով. «Սիրելի՛ Թրամփ, յաղթանակին առիթով կը շնորհաւորեմ քեզ»: Նեթանիահու նաեւ նշեց. «Թրամփի ընտրութիւնը մեծ յաղթանակ է»` աւելցնելով. «Վերադարձդ նոր սկիզբ է»:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց. «Տանըլտ Թրամփի` ուժի ճամբով խաղաղութիւն հաստատելու մօտեցման նկատմամբ յանձնառութիւնը կրնայ արդար խաղաղութիւնը մօտեցնել»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը Միացեալ Նահանգներու ներքին հարցն է, սակայն Ռուսիան ուշադրութեամբ կը հետեւի արտերկրէն այդ հարցին շուրջ ստացուող տեղեկատուական հոսքերուն եւ կը վերլուծէ կատարուած յայտարարութիւնները:

«Ինչ կը վերաբերի շնորհաւորանքներուն, ապա ես չեմ գիտեր Փութինի ծրագիրները` Թրամփը անոր ընտրութեան առիթով շնորհաւորելու վերաբերեալ: Խօսքը ոչ բարեկամ երկրի մասին է, որ ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն ներգրաւուած է մեր պետութեան դէմ պատերազմին մէջ», ըսաւ Քրեմլինի բանբերը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց. «Ամերիկեան ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած թեկնածու Տանըլտ Թրամփի` տագնապներուն վերջ տալու թեզը կ՛ենթադրէ, որ ատոր համար պէտք է ըլլան շօշափելի քայլեր»:

Ռուսիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնեց. «Տանըլտ Թրամփի նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակը Ուքրանիոյ հարուած է»:

Իրանեան կառավարութեան բանբեր Ֆաթմէ Մուհաճերանի յայտնեց. «Տանըլտ Թրամփի Ամերիկայի նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակը իրանցիներուն կեանքին վրայ պիտի չազդէ»:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը մեզի հետ անմիջական կապ չունի, Միացեալ Նահանգներ-Իրան քաղաքականութեան ընդհանուր ուղղութիւնը պիտի մնայ անփոփոխ», ընդգծեց Մուհաճերանի:

Անոր համաձայն, Ուաշինկթընի հետագայ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ անհրաժեշտ կանխատեսումները արդէն կատարուած են:

«Ամէն պարագայի, մեզի համար այս երկու թեկնածուներուն միջեւ տարբերութիւն չկայ», աւելցուց իրանեան կառավարութեան բանբերը:

Քաթարի Թամիմ Պըն Համատ իշխանը յայտնեց. «Անհամբեր կը սպասեմ ամրապնդելու շրջանին ու աշխարհի վրայ անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանման համար Թրամփի հետ մեր հասարակաց ջանքերը»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յոյս յայտնեց` «այս նոր փուլին մէջ ամրապնդելու թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները, մաղթենք, որ վերջ գտնեն համաշխարհային տագնապները, մասնաւորաբար պաղեստինեան հարցն ու ռուս-ուքրանական պատերազմը»:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի շնորհաւորեց Թրամփը եւ նշեց. «Անհամբեր կը սպասենք միասնաբար աշխատելու խաղաղութեան հաստատման եւ շրջանային կայունութեան պահպանման համար»:

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան իր կարգին շնորհաւորեց հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփը Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան յաղթանակ արձանագրելուն առիթով:

Ան «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ մեծագոյն վերադարձը: Կը շնորհաւորեմ նախագահ Տանըլտ Թրամփը իր յաղթանակին համար: Աշխարհի համար շատ անհրաժեշտ յաղթանակ»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2024, 07:00