Որոնել

Swedish environmental activist Greta Thunberg takes takes part in a discussion in Yerevan

Թունպերկ. «Ազրպէյճանի Յարձակումին Պատճառով Հայերը Ծայրայեղ Դժուարութիւններու Կը Բախին»

Թունպերկ իր խօսքին մէջ Ազրպէյճանը մեղադրեց ցեղային զտումներու համար` շեշտելով, որ Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումին պատճառով հայերը ծայրայեղ դժուարութիւններու կը բախին:

Վրաստանի մէջ բողոքի ցոյցեր կատարելէ ետք վերջերս Հայաստան ժամանած աշխարհահռչակ բնապահպան, գործիչ Կրեթա Թունպերկ երէկ Երեւանի մէջ մասնակցած է «Ազրպէյճանի յարձակումի ազդեցութիւնը մարդու իրաւունքներու եւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան վրայ» նիւթով խորհրդաժողովին:

Թունպերկ իր խօսքին մէջ Ազրպէյճանը մեղադրեց ցեղային զտումներու համար` շեշտելով, որ Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումին պատճառով հայերը ծայրայեղ դժուարութիւններու կը բախին:

«Այդ տանջանքները, ճնշումները արդարացում չունին, իսկ աշխարհը լուռ է», յայտարարեց բնապահպանը:

Թունպերկ Հայաստան հասնելով յայտարարած է, որ պոյքոթի կ՛ենթարկէ Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ՔՈՓ29-ը:

Ան Թիֆլիսի մէջ բողոքի ցոյցի մը ժամանակ արծարծած է ոչ միայն կլիմայական փոփոխութեան առնչուող հարցեր, այլ նաեւ խօսած է Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն, Արցախի մէջ հայերու ցեղային զտումներուն մասին:

«Բացարձակապէս անընդունելի է, որ կլիմայի վերաբերեալ խորհրդաժողովը կը հիւրընկալէ Ազրպէյճանը` երկիր մը, որ շարունակաբար կը ճնշէ քաղաքացիական հասարակութիւնը, բռնաճնշումներու կ՛ենթարկէ իր բնակչութիւնը եւ յատկապէս անոնք, որոնք կը փորձեն պաշտպանել մարդու տարրական իրաւունքները: Երկիր մը, որ ցեղային զտումներ կ՛իրականացնէ հայերու դէմ», ըսած է գործիչը:

Այսօր ան ՔՈՓ29-ի նիւթով բողոքի ցոյց պիտի կատարէ Երեւանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2024, 08:35