Որոնել

2024.12.27 Festa Santo Stefano a Antelias - Aram I

Հաւատացեալներ ստացան Սուրբ Ստեփանոս Նախավկային սրբազան մասունքին օրհնութիւնը

Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագին տօնը նշուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի ու նախասարկաւագի տօնին առիթով, կիրակի, 22 դեկտեմբեր 2024-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին սուրբ խորանը ծաղկած էր դպրեվանքի սարկաւագաւաց դասով: Աւելի՛ն. խորանը առաւել եւս կը ճառագայթէր «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերուած Սուրբ Ստեփանոսի սրբազան մասունքով, որուն օրհնութիւնը բաշխուեցաւ հաւատացեալ ժողովրդեան` ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Արդարեւ, նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին, ս. պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան: Սուրբ խորանի սպասարկութիւնը կատարեցին դպրեվանքի սարկաւագները:

Յաւուր պատշաճի խօսուած քարոզին մէջ Շահան սրբազան, մէջբերելով Պօղոս առաքեալի խոստովանութիւնը (Գրծ 22.20), թէ ան մեղսակից էր Սուրբ Ստեփանոսի քարկոծութեան ու նահատակութեան, լուսարձակի տակ առաւ «վկայ» ու «վկայութիւն» բառերը` աստուածաշնչական ու քրիստոնէական հասկացողութեամբ: «Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի խաչելութենէն ու արեան հեղումէն ետք Անոր ճշմարիտ Մեսիա ըլլալու վկան ու այդ ճշմարտութեան վկայութիւնը տալու քաջութեամբ կը ներկայանայ Սուրբ Ստեփանոս` առաջին դարու քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ, այն եօթը սարկաւագներուն հետ միասին, որոնք պարտականութիւնը ունէին ծառայելու, սպասարկելու սեղանին, օգտակար ըլլալու այրիներուն, նեղութեան մէջ եղողներուն, բայց նաեւ` խօսելու ու վկայելու Տիրոջ մասին»: Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ երբ Քրիստոս հալածողները նաեւ հալածեցին եկեղեցին, Սուրբ Ստեփանոս մնաց տոկուն ու վկայեց եբրայեցի ժողովուրդի ղեկավարութեան դիմաց, թէ Յիսուս Քրիստոս սպասուած ու խոստացուած ճշմարիտ Մեսիան է: Արդ, Աստուածաշունչ մատեանը, որ վկայագիրքն է Աստուծոյ ու մարդուն յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան, ամբողջ երկայնքին կը ներկայացնէ ճշմարիտ վկայութեան կարեւորութիւնը` տասնաբանեայէն մինչեւ մարգարէները, աւետարաններուն մէջ Քրիստոսի վկայութիւնը երկնաւոր Հօր ու ճշմարտութեան, առաքեալներուն եւ ընդհանրապէս իւրաքանչիւր հաւատացեալ քրիստոնեայի Տիրոջ վկան ըլլալու հրամայականով:

Անդրադառնալով խորանի վրայ շարուած դպրեվանքի սարկաւագներուն` Շահան արքեպիսկոպոս ըսաւ, որ անոնց տրուած ուրարները վկայութեան խորհրդանիշ են, որ` անոնք դպրեվանքին մէջ յանձնառու կը դառնան հոգեւոր կրթութենէ ետք երթալու մեր ժողովուրդին, ծառայելու մեր եկեղեցւոյ եւ, ի հարկին, իրենց կեանքը ընծայաբերելու Աստուծոյ: Սրբազան հայրը իր քարոզի աւարտին խօսքը ուղղելով սարկաւագներուն` ըսաւ. «Սուրբ Ստեփանոս` Քրիստոսի տիպարին վրայ կաղապարուած ու կառուցուած առաջին նահատակը, կու գայ այսօր ձեզ օրհնելու իր բարեխօսական աղօթքներով եւ մաղթելու, որ երկնատուր շնորհքն ու իմաստութիւնը ծաղկի ձեր մէջ եւ քաջութիւն ու արիական հաւատքի զօրութիւնը ունենաք, որպէսզի պատրաստուիք մեր եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութեան»:Պատարագի աւարտին վեհափառ հայրապետը Սուրբ Ստեփանոսի սրբազան մասունքով օրհնեց դպրեվանքի եւ ընդհանրապէս Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագաց դասը, Հայ եկեղեցին, հայ ազգը եւ Հայաստան հայրենիքը:

Ապա դպրեվանքի սարկաւագները, աշակերտները, միաբան հայրերն ու հաւատացեալ ժողովուրդը, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, ուղղուեցան վեհարան, ուր տեղի ունեցաւ հակիրճ յայտագիր մը` սարկաւագաց տօնին առիթով: Յանուն դպրեվանքի սարկաւագաց դասուն` ուղերձ արտասանեց չորրորդ ընծայարանի աշակերտներէն Վահէ սրկ. Ֆիլիքեան, որ նշեց, թէ` «Անթիլիասի մայր տաճարը այս տարի եւս ցնծութիւն կ՛ապրի, եւ իր սիւներէն կ՛արձագանգէ ձայն մը, որ Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ յարատեւօրէն կը թելադրէ անսակարկօրէն նուիրուիլ անոր պանծացման առաքելութեան` նորոգուած սիրտով ու վերանորոգ ծառայութեան ոգիով: Այդ ձայնը Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագի անխոնջ ծառայութեան ձայնն է: Քրիստոսի սիրոյն նահատակուած եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսը` Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագը, իր սիրալիր ծառայութեամբ ու աստուածանուէր հաւատարիմ կեցուածքով օրինակ դարձաւ բոլոր սարկաւագներուն»: Ապա իր սարկաւագ եղբայրներուն անունով ան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց կաթողիկոսին, վերանորոգեց սարկաւագական իրենց ուխտը եւ խնդրեց հայրապետին օրհնութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագիր ներկայացուեցաւ դպրեվանեցիներուն կողմէ, որ կը բովանդակէր Սուրբ Ստեփանոսի նուիրուած շարականներու երգեցողութիւն ու Աւետարանի ընթերցում:

Իր պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը կարեւոր նկատեց ազգերու, կրօններու ու կազմակերպութիւններու կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող մեծութիւնները, որոնք հոմանիշ են` սրբազան արժէքներու, տեսլականներու, հերոսութեան, սրբութեան կամ ծառայութեան: «Վա՜յ այն ազգին, եկեղեցւոյ կամ կազմակերպութեան, որ չունի, չէ ստեղծած մեծութիւններ: Մեծութիւնները, ճշմարի՛տ մեծութիւնները, վեր կը մնան պատմութեան ժանգէն, հեռու կը մնան ժամանակի փոշիէն եւ ժողովուրդներու, եկեղեցիներու կամ կազմակերպութիւններու հաւաքական յիշողութեան ու կեանքին մէջ կը մնան` իբրեւ ցուցանիշ ու հոմանիշ մարդէն վեր գերագոյն արժէքներու ու սրբութիւններու: Այսպէ՛ս եղաւ Սուրբ Ստեփանոս», ընդգծեց հայրապետը: Ան յայտնեց, որ Սուրբ Ստեփանոս սարկաւագութենէ սրբութեան անցաւ իր ծառայութեամբ ու նուիրումով` դառնալով մեծութիւն: Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Սուրբ Ստեփանոս երէկ, այսօր եւ վաղը միշտ պիտի մնայ ոչ սովորական սարկաւագ, այլ` ժամանակները անդրանցնող ծառայութեան հոմանիշ, նշեց Արամ Առաջին` դիտել տալով, որ կեղծ կ՛ըլլայ եկեղեցւոյ սպասարկողին ծառայութիւնը, եթէ անոր կեանքին մէջ բացակայ է Սուրբ Ստեփանոսը:

Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ ընդգծեց, որ եկեղեցւոյ գոյութեան պատճառը, եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան չափանիշը աթոռը, վայրը կամ ֆիզիքական մեծութիւնն ու ընդարձակութիւնը չէ, այլ իր հաւատարմութիւնն է այն ծառայութեան ու առաքելութեան, որ աշխարհ բերաւ Քրիստոս, որուն հետեւեցաւ Ստեփանոս Նախավկան եւ դարձաւ եկեղեցւոյ սպասարկող գերագոյն տիպար: «Այսօր Սուրբ Ստեփանոս անգամ մը եւս կու գայ յիշեցնելու մեզի, թէ որպէս հոգեւորականներ եւ եկեղեցի` մեր կեանքի ճամբան պէտք է դառնայ միա՛յն ու միա՛յն ծառայութիւնը»: Եզրափակելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ այսօրուան տօնը յիշեցում մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին, յատկապէս` հոգեւորականներուս, որ ծառայութիւնն է միայն մեր փառքը, պարտքը եւ պատիւը. «Եկէք` ա՛յս գիտակցութեամբ ու նուիրումով վերանորոգենք մեր ուխտը` հաւատարմութեամբ ծառայելու Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ժողովուրդին»:

Ապա կաթողիկոսը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց դպրեվանքն ու դպրեվանեցիները եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2024, 08:12