Տօնագիր նուիրուած Լեւոն Արք. Զէքիեանի Ակադեմեական գործունէութեան
Հռոմի Արեւելագիտութեան Պապական Հաստատութիւնը, Չորեքշաբթի 27 Նոյեմբերին, յատուկ հանդիսութեամբ մը նշեց Պո-Արաքս Մշակութային Միութեան Նախագահ եւ Հայ Լեզուի ու Մշակոյթի Վենետիկի Ամառնային Խտացեալ Դասընթացքին հիմնադիր ու տնօրէն, Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց նախկին Առաջնորդ Գերպ․ Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեանի նոյն Հաստատութեան մէջ 1988-89 տարեշրջանին սկսած ակադեմական գործունէութեան եւ դասաւանդութեան 35-ամեակը, այս յիշատակին նուիրուած Տօնագրի մը շնորհահանդէսով։
Հանդէսը կը պատուէր մասնագէտներու, Ինստիտուտի դասախօսներու եւ ուսանողներու, ինչպէս եւ համակիրներու բազմութիւն մը, որոնց միջեւ մասնաւոր ուշադրութիւն կը գրաւէր ներկայութիւնը Բագրատունեաց արքայազարմ տոհմին հարազատ ժառանգ հռոմէաբնակ Իշխանուհի Քեթեւանէ Բագրատիոնիի։
Այս առթիւ Հռոմ ժամաներ էին Սրբազանին մտերիմներ նաեւ Իտալիոյ այլ քաղաքներէն՝ Նափոլիէ, Թրեւիզոյէ եւ Քազալէ Մոնֆերրաթոյէ։
Տօնագիրը լոյս կը տեսնէ որպէս 2023 թուականի երկրորդ պրակը Ինստիտուտի ORIENTALIA CHRISTIANA PERIODICA (Արեւելեան Քրիստոնէութան Պարբերաթերթ) հանդէսին, որ կը բոլորէ իր 89 տարիները։
Նիստը բացաւ օրուան հանդիսավար, Դեկան Պրոֆ․ Հ․ Զելքոյ Փաշա, որ բեմ հրաւիրեց ողջոյնի խօսքը ուղղելու համար Ինստիտուտի Նախագահ Պրոֆ․ Հ․ Սանի Քոքարաւալայիլը։ Ապա խօսք առին կարգաւ՝ Պրոֆ․ներ Մարկոյ Պայս, Հ․ Էտուըրտ Ֆարուճա, Հ․ Ֆիլիփ Լուիզիէ, Տիկին Փաոլա Փոնթանի, որոնք ներկայացուցին յոբելեարին ուսուցողական յատկանիշերը եւ գիտահետազօտական ուրոյն ներդրումը։ Պրոֆ․ Լուիզիէ, որ Հանդէսին խմբագրապետն է, ներկայացուց ընդհանուր գիծերով Տօնագիրին նշանակութիւնը որպէս մեծարանք Պրոֆ․ Զէքիեանին, իսկ Փաոլա Փոնդանի ուրուագրեց յօդուածներուն նիւթերը։ Պրոֆ․ Պայս շեշտեց Գերպ․ Զէքիեանի իւրայատուկ սերտ կապը Ինստիտուտին հետ։
Պրոֆ․ Ֆարուճայի խօսքին վերնագիրն էր՝ “Հոգեգալստեան մասնակից՝ Լեզուներ, մշակոյթներ եւ հոգեւորութիւն Զէքիեանի մէջ”։
Օրակարգին մաս կը կազմէր նաեւ նախատեսուած ելոյթը Հռոմի Արեւելան Եկեղեցիներու Ժողովին Նախագահ Ն․Վ․Տ․ Կարդինալ Քլաուտիոյ Կուճերոթթիի, որ Վենետիկի Համալսարանին մէջ Արհի․ Զէքիեանի առաջին աշակերտներէն մին եղած է եւ գրած է նաեւ Տօնագիրին նախաբանը։
Դժբախտաբար անակնկալ արգելքով մը Կարդ․ Կուճերոթթի չկրցաւ անձամբ ներկայ գտնուիլ, բայց յղած նամակը Ֆակուլտետի Դեկանին կարդացուեցաւ ուսանողի մը կողմէ։
Տօնագիրը խմբագրած են Պրոֆ․ներ Աննա Շիրինեան եւ Մարկոյ Պայս, Պրոֆ․ Հ․ Լուիզիէի առաջնորդութեամբ։ Տասնվեց հայագէտ, զանազան երկիրներէ, մասնակցած են անոր բովանդակութեան գիտական ինքնատիպ երկասիրութիւններով։
Հանդէսը փակուեցաւ յոբելեարին սրտի խօսքով, որ յայտնելով իր խորազգած շնորհակալութիւնը Հաստատութեան Վարչութեան, Տօնագիրը պատրաստողներուն, բոլոր յօդուածագիրներուն, հանդէսի կազմակերպիչներուն եւ ներկաներուն, շեշտեց Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան եւ հոգեւորութեան յոյժ ինքնատիպ բնոյթը ու խորութիւնը, որոնք դեռ կը կարօտին նոր եւ խորազնին ուսումնասիրութիւններու, որպէսզի արժեւորուին իրենց լրիւ տարողութեամբ։ Մեծ ասպարէզ մը արդարեւ երիտասարդ սերունդներուն համար։
Դիւան Պո-Արաքս մշակութային միութեան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ