Որոնել

2018.12.04 Terremoto di Spitak 07.12.1988

Սպիտակի երկրաշարժի 36-րդ տարելիցին առիթով. դեկտեմբեր 7-ի խորհուրդը պահե՛նք եւ չխեղաթիւրե՛նք

Ազգերը կը գոյատեւեն, երբ կը պահպանեն իրենց յիշողութիւնը, եւ երբ կը զօրակցին իրենց եղբայրներու եւ քոյրերու վիշտերուն ու կորուստներուն: Եկեղեցական եւ ազգային տօներուն եւ ուրախ թէ տխուր առիթներուն պէտք է յարգուին սրբութիւնները եւ պատշաճութիւնները:

 

Հայ ժողովուրդի պատմութեան տխուր թուականներէն մէկն է 7 դեկտեմբերը: 36 տարիներ առաջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին պատճառով հայ ժողովուրդը կորսնցուց աւելի քան 25.000 զաւակներ, եւ 31.000 հայորդիներ ունեցան տարբեր աստիճանի վնասուածքներ: Այդ վիրաւորներէն շատեր այսօր հասակ նետած են, նշեալ օրը չեն մոռնար եւ ամէն տարի յարգանք կը մատուցեն իրենց հայրերուն, մայրերուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ բարեկամներուն յիշատակին:

Դժբախտաբար անցնող տարիներուն նշեալ թուականն ալ դարձած է սովորական թուական մը, եւ մոռցուած է յարգանքի խորհուրդը, հակառակ անոր որ տակաւին երկրաշարժի սերունդը կ՛ապրի, մինչ շատեր դեռ սպիներ ունին:

Ապրիլ 24-ին օրը խանութը բաց պահող հաւաքականութիւնը ապրիլ 24-ին օրը նահատակներուն յարգանք մատուցել զլացողները բնականաբար երկրաշարժը շատո՜նց կը մոռնայ: Այս ընթացքով ապրիլ 24-ն ալ կամաց-կամաց կրնայ դադրիլ յիշատակի, ոգեկոչման եւ պահանջատիրութեան օր ըլլալէ:

Ազգերը կը գոյատեւեն, երբ կը պահպանեն իրենց յիշողութիւնը, եւ երբ կը զօրակցին իրենց եղբայրներու եւ քոյրերու վիշտերուն ու կորուստներուն: Եկեղեցական եւ ազգային տօներուն եւ ուրախ թէ տխուր առիթներուն պէտք է յարգուին սրբութիւնները եւ պատշաճութիւնները:

Յարգա՛նք Սպիտակի երկրաշարժի բոլոր զոհերուն: Համբերութիւն բոլոր անոնց, որոնք երկրաշարժի վերապրողներն են եւ տարին 365 օր վիշտով կը գոյատեւեն:

Այո՛, նշեալ թուականներուն խորհուրդը պէտք է պահպանուի: Օրերը եւ առիթները շատ են, իսկ եթէ չենք գիտակցած եւ չենք յարգած, ապա նուազագոյնը մէկ վայրկեան յիշենք, որպէսզի նոր սերունդն ալ գիտնայ, թէ այդ օրը ի՛նչ կը խորհրդանշէ, որպէսզի նախորդներուն սխալը չգործէ եւ սորվի յարգել, զօրակցիլ, ցաւը բաժնել…

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2024, 08:15