Որոնել

SYRIA-CONFLICT

Հալէպը գրաւած ուժերը փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ դրական վերաբերմունք խոստացած են

Քաղաքը իրենց վերահսկողութեան տակ առած ընդդիմադիր ուժերը յայտնած են, որ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ դրական վերաբերմունք պիտի ցուցաբերեն եւ որեւէ ձեւով պիտի չմիջամտեն համայնքներու ներքին դրուածքին ու կեանքին, ընդհակառակը՝ ազատութիւն պիտի տան անոնց՝ իրենց կեանքը վարելու, իրենց կրօնական եւ այլ արարողութիւններն ու ձեռնարկները կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ իրենց մշակութային իւրայատկութիւնը պահելու։

«ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԼՈՒԾԱՐԵԼՈՒ ՈՉ ՄԷԿ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ»․ ՌԷՅԻՍԵԱՆ

Ուրբաթ յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք․ Աշգարեան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Ռէյիսեան հանդիպում ունեցան հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ ազգային իշխանութեան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Սրբազանը պարզեց ներկայ վիճակը՝ յայտնելով, որ քաղաքը իրենց վերահսկողութեան տակ առած ընդդիմադիր ուժերը յայտնած են, որ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ դրական վերաբերմունք պիտի ցուցաբերեն եւ որեւէ ձեւով պիտի չմիջամտեն համայնքներու ներքին դրուածքին ու կեանքին, ընդհակառակը՝ ազատութիւն պիտի տան անոնց՝ իրենց կեանքը վարելու, իրենց կրօնական եւ այլ արարողութիւններն ու ձեռնարկները կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ իրենց մշակութային իւրայատկութիւնը պահելու։

Առ այդ, առաջնորդը յորդորեց խուճապի չմատնուիլ եւ զուսպ մնալ։

Մակար սրբազանը, նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի զաւակներուն դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները՝ ըսաւ, որ Արամ Ա․ կաթողիկոսին թելադրութեամբ եւ տնօրինումով հալէպահայ բոլոր ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութիւն սկսաւ տրամադրուիլ հանգրուանաբար, գէթ այս շրջանի դժուարութիւններու յաղթահարման նպաստելու։

Սրբազանը հաստատեց, որ իրարու նեցուկ կանգնելով կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել ներկայ դժուարութիւնները։

Այնուհետեւ խօսք առաւ Ռէյիսեան, որ յայտնեց, թէ Ազգային առաջնորդարանը իր կարելիութիւններու առաւելագոյն օգտագործումով պատրաստ է ծառայելու մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, անխտիր։

«Մեզի համար էականը մեր համայնքի ապահովութիւնն է, եւ այդ նպատակին համար պատրաստ ենք մեր կարելին չխնայել», յայտնեց ան։

Ապա, Ռէյիսեան դիտել տուաւ, որ Հալէպէն դուրս եկած եւ Սուրիոյ այլ նահանգներ հաստատուած հայ ընտանիքներուն գծով Ազգային վարչութիւնը կապ հաստատած է տեղւոյն պատասխանատու մարմիններուն հետ եւ թելադրած օգտակար դառնալ անոնց։

Ռէյիսեան յորդորեց զսպուածութեամբ հետեւիլ երկրի զարգացումներուն՝ յայտնելով, որ քաղաքին մէջ տիրող դժուարութիւնները բնականաբար մէկ օրէն միւսը պիտի չլուծուին, ուրեմն, պէտք է համբերել։ Եզրափակելով՝ Ռէյիսեան ըսաւ․ «Մենք մէկ նպատակ ունինք՝ երաշխաւորել մեր գաղութի ապահովութիւնը եւ գոյատեւումը։ Հալէպը ծանօթ է՝ իբրեւ պատմական գաղութ։ Մենք զայն պատմութեան գիրկը պիտի չնետենք։ Մենք հո՛ս ենք՝ կողք-կողքի, եւ ձեռք-ձեռքի տալով՝ մեր դժուարութիւնները միասնաբար պիտի յաղթահարենք։ Համայնքը լուծարելու ոչ մէկ տրամադրութիւն կայ։ Կարելի եղած ծառայութիւնները մեր սահմաններուն մէջ պիտի մատուցենք ժողովուրդին եւ թիկունք կանգնինք անոր, իսկ եթէ մեկնիլ փափաքողներ կան՝ անոնք ազատ են իրենց ընտրութեան մէջ»։

Աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին առաջնորդին եւ Ռէյիսեանին։

Նշենք, որ Հալէպը եւ Համան գրաւելէ ետք, իսլամական ուժերը Հոմս քաղաքը գրաւելու սեմին կը գտնուին։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2024, 08:00