Սուրիահայութիւնը Հայաստանէն աջակցութիւն կ՛ակնկալէ, սակայն կառավարութիւնը արձագանգելու կարելիութիւն չէ ունեցած
Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն եւ իշխանափոխութեան պատճառով, վախի ու անորոշութեան մէջ յայտնուած հալէպահայ համայնքը նաեւ նիւթական լուրջ օգնութեան կարիքը ունի: Շուրջ 2 շաբաթ առանց աշխատանքի մնացած մարդիկ պարզապէս ուտելիք գնելու կարելիութիւն չունին, երկրին մէջ արձանագրուած եռապատիկ, քառապատիկ գնաճը աւելիով կը բարդացնէ ընկերային վիճակը:
Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդարանի բանբեր Մարիա Գաբրիէլեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին բացատրեց, որ շատեր կ՛աշխատին եւ կ՛ապրին օրապահիկով, իսկ հիմա երկրին մէջ ստեղծուած քաոսային իրավիճակին պատճառով դրամ վաստակելու կարելիութիւն չկայ: Արհեստանոցները նոր սկսան բացուիլ, բայց հասկնալի պատճառներով պատուէրներ չկան տակաւին:
Գաբրիէլեան հարցուց, որ արդեօք կրնա՞ն Երեւանէն որեւէ աջակցութիւն կրնան ակնկալել: «Մենք կ՛ուզենք դուք հարցնէք Հայաստանի կառավարութեան, թէ ի՛նչ ձեւերով կրնայ օժանդակել սուրիահայերուն, մենք ալ տեղեակ կ՛ըլլանք», ըսաւ Գաբրիէլեան նշելով` Հայաստանի կառավարութենէն ֆինանսական աջակցութիւն առայժմ չեն ստացած:
Սուրիոյ հայ համայնքին աջակցելու գծով Սփիւռքի յանձնակատար Զարեհ Սինանեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ իրադարձութիւնները այնքան արագ զարգացան, որ նոյնիսկ արձագանգելու կարելիութիւն չեն ունեցած:
«Էնպէս չի, որ կառավարութիւնը կարող է ինչ-որ բան անել ու չի անում, իրավիճակը շատ արագ էր զարգանում, հեղհեղուկ էր, եւ կառավարութիւնը, ինչպէս բոլորը, նոյնիսկ արձագանգելու հնարաւորութիւն չի ունեցել իրատեսական», նշեց Սինանեան, որ դիտել տուաւ, որ՝ օրինակ, Հալէպէն Դամասկոս փախուստ տուած 14 ընտանիքներուն համար տոմսեր ձեռք բերած էին, որպէսզի անոնք կարենային Դամասկոսէն 14 Դեկտեմբերին մեկնիլ Երեւան, բայց ընդդիմադիր զինեալներուն՝ Սուրիոյ մայրաքաղաքին տիրանալէ ետք, իրավիճակը փոխուեցաւ: Ըստ Սինանեանի` 14 Դեկտեմբերին, Դամասկոսէն դէպի Երեւան թռիչքը տակաւին չէ չեղարկուած։ «Ի զարմանս մեզ, այս պահին առնուազն թուային ձեւով երեւում է, որ չուերթը տեղի է ունենալու», ըսաւ Սինանեան:
Ըստ անոր՝ այդ թռիչքէն 24 ժամ առաջ եւ ետք յստակ պիտի ըլլայ, թէ ինչպիսի տրամադրութիւններ կան Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ, մարդիկ կ՛ուզե՞ն Հայաստան տեղափոխուիլ, թէ` ոչ:
Սինանեան կը վստահեցէ, որ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան թէժ գիծին հեռաձայնող սուրիահայերուն թիւը վերջին օրերուն մեծապէս նուազած է, մարդիկ ընդհանրապէս կը հեռաձայնեն երկրէն դուրս գալու եւ հայկական անձնագիրներու, քաղաքացիութեան վերաբերող հարցերով:
«Այս պահին Սիրիայից դուրս գալ ցանկացողների թիւ չունենք, որովհետեւ այն մարդիկ, ովքեր մեզ դիմել էին, ում ցուցակագրել էինք, կարծես հետաքրքրուած չեն դրանով», ըսաւ Սինանեան:
Մինչդեռ Մարիա Գաբրիէլեան կը պնդէ, որ բնականաբար կան ընտանիքներ, որոնք կ՛ուզեն տեղափոխուիլ Հայաստան՝ չուզելով ապրիլ այդ սարսափի եւ անորոշութեան մթնոլորտի մէջ: «Չէի գիտեր, որ անոնց տոմսերը ապահոված են: Որքան գիտեմ, մարդիկ անձնական միջոցներով ապահոված են տոմսերը»:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ