Ասատի վարչակարգը տապալեցաւ
Սուրիոյ զինեալ խմբաւորումները երէկ առտու հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը:
Սուրիացի երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսէն մեկնած է անծանօթ ուղղութեամբ:
Իսրայէլեան ապահովական աղբիւրներ «Արապիա»-ին յայտնեցին. «Ասատ Դամասկոսէն ողջ մեկնեցաւ, սակայն չկայ ցուցանիշ, թէ տակաւին Սուրիա կը գտնուի»: Իսրայէլացի պաշտօնատար մը ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեց. «Ասատ կէս գիշերին հեռացաւ Դամասկոսէն եւ մեկնեցաւ Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմակայան` առ ի պատրաստութիւն Մոսկուա մեկնելու»:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ», մէջբերելով սուրիական երկու ապահովական պատասխանատուներ, հաղորդեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կիրակի առաւօտեան կանուխ ժամերուն երկրէն հեռացաւ անծանօթ ուղղութեամբ»` նշելով. «Ասատ Սուրիայէն մեկնեցաւ իր կնկան ու զաւակներուն անցեալ շաբաթ Ռուսիա ուղղուելէն ետք»:
Օդանաւային թռիչքներու հետեւող «Ֆլայթ Ռետար» կայքը հաղորդեց. «Սուրիական օդանաւ մը, որ ենթադրաբար Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը պէտք էր փոխադրէր, Դամասկոսի միջազգային օդակայանէն թռիչք կատարեց զինեալ խմբաւորման մուտք գործելէն առաջ»` աւելցնելով. «Օդանաւը ուղղուեցաւ դէպի հիւսիս-արեւմուտք, ապա դարձ կատարեց Հոմսի մօտ եւ անհետացաւ»:
Քրեմլինէն աղբիւր մը ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Պաշշար Ասատ եւ անոր ընտանիքին անդամները հասած են Մոսկուա, եւ անոնց Ռուսիոյ ապաստանի իրաւունք տրուած է: ԹԱՍՍ նաեւ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ դրօշը վերցուած է Մոսկուայի մէջ սուրիական դեսպանատան առջեւէն:
Սուրիոյ վարչապետ Մոհամետ Ժալալի յայտարարեց, որ պատրաստ է գործակցելու ժողովուրդին ընտրած որեւէ ղեկավարութեան հետ եւ անոր բոլոր դիւրութիւնները ընծայելու` բոլոր թղթածրարներուն հեզասահ ու կանոնաւոր եւ պետական կառոյցները պահպանող կերպով փոխանցելու համար, «եւ մեր ձեռքը կ՛երկարենք ընդդիմադիրներուն, որոնք իրենց ձեռքը երկարեցին»: Ան քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` հանրային վայրերուն վնաս չպատճառելու, «որովհետեւ անոնք իրենց սեփականութիւնն են»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց. «Այսօր կը գրուի Սուրիոյ պատմութեան մէջ նոր էջ մը` բացումը կատարելով սուրիացիներու խօսքը միաւորող, չմասնատող եւ զանոնք միասնական դարձնող նոր ժամանակաշրջանի մը եւ ազգային ուխտի մը` կառուցելու համար հայրենիք մը, ուր արդարութիւն ու հաւասարութիւն կը տիրէ եւ ուր բոլորը ունին իրենց բոլոր իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, մէկ տեսակէտէն հեռու, եւ հիմքը քաղաքացիութիւնն է»:
Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտարարեց, որ նախարարութիւնն «ու արտասահմանի մէջ անոր դիւանագիտական առաքելութիւնները պիտի մնան բոլոր հայրենակից եղբայրներու ծառայութեան եւ անոնց հարցերը լուծելու ուխտին վրայ` մեկնելով սուրիացի ժողովուրդը ներկայացնելու իրենց պարտականութենէն, ինչպէս նաեւ այն իրողութենէն, որ հայրենիքը կը մնայ ամէն բանէ վեր»:
Արտասահմանի սուրիական ընդդիմադիր ուժերու ազգային համախմբումի նախագահ Հատ Պահրա «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին կոչ ուղղեց` ազատ ընտրութիւններ կատարելու համար «անվտանգ, անկողմնակալ եւ հանդարտ մթնոլորտ»-ի ապահովման նպատակով 18 ամսուան տեւողութեամբ փոխանցման փուլ ունենալու:
Հայըաթ Թահրիր Շամի ղեկավար Ապու Մոհամետ Ժուլանի երէկ Դամասկոս այցելելով Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռին կողմէ սփռուած ուղերձի մը մէջ յայտարարեց. «Ապագան մերն է»:
Ան իր զինեալներուն կոչ ուղղեց` չմօտենալու պետական հաստատութիւններուն` ընդգծելով, որ անոնք պիտի մնան նախկին վարչապետին վերահսկողութեան տակ, մինչեւ «անոնց պաշտօնապէս յանձնումը»:
Ան նաեւ արգիլեց օդը կրակել:
Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Շոն Սաւեթ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ անոր խումբը մօտէն կը հետեւին Սուրիոյ մէջ արձանագրուած արտակարգ դէպքերուն, եւ անոնք մնայուն կապի մէջ են շրջանին մէջ մեր գործընկերներուն հետ»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ