Նախագահ Պայտըն` 37 անհատներու մահապատիժները փոխեց ցմահ բանտարկութեան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը մեծ արձականք գտաւ ու լսելի դարձաւ։ Ամերիկայի մէջ 37 տղամարդոց ու կանանց մահապատիժը փոխուեցաւ ցմահ բանտարկութեան։ Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներուն նախագահ Ժօ Պայտըն այսօր՝ 23 դեկտեմբերն, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին նախօրէին եւ Յոբելինական Սուրբ Տարուան բացումին, նշուած է Սպիտակ տան հրապարակած յայտարարութեան մէջ, ուր նշուած է որ այդ անձերու պատիժները կը վերակարգուին, ցմահ բանտարկութեան։
Նախագահ Ժօ Պայտընի որոշումը խորապէս ազդուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կոչէն, որ անցեալ 8 դեկտեմբերին խնդրած է աղօթելու մահապատիժի ենթարկուող անձերու համար, մաղթելով որ անոնց պատիժը մեղմանայ։
Ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապիn կոչին, Ամերիկայի եպիսկոպոսներու համաւաք դասը հրաւիրեցին հաւատացեալները միանալու մահապատիժի օրէնք փոխելուն։ Catholic Mobilizing ցանց նաեւ, որ կաթողիկէ կազմակերպութիւն մը է նուիրուած վիժումի եւ մահապատիժի դէմ, նախաձեռնեց արշաւ մը 40 բանտարկեալներու փրկութեան համար։
Յիշենք նաեւ, որ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Նախագահ Պայտնի միջեւ վերջերս կայացած հեռախօսազրոյցի ընթացքին Ամերիկայի նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց Քահանայապետին՝ մարդու իրաւունքներուն պաշտպանութեան ուղղուած իր յանձնարարութեան համար։
Նախագահ Պայտընի որոշումը նշանակալից քայլ մըն է ի պատասխան Պապին կոչին ինչպէս նաեւ քաղաքացիական եւ կրօնական խնդրանքներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ