Որոնել

2024.12.30 Concerto dedicato ai 40 anni della Chiesa armeno cattolica di Santa Croce in Libano

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 40-ամեակին նուիրուած Ս. Ծննդեան համերգ

Մտէ՛ք Անոր դռները գոհութեամբ ու Անոր սրահները` օրհնութեամբ. գոհացէ՛ք Անկէ ու օրհնեցէ՛ք Անոր անունը: Վասնզի Տէրը բարի է. Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է ու Անոր հաւատարմութիւնը` ազգէ մինչեւ ազգ»: (Սաղմոս 100:4-5)

Հայկական եկեղեցին միշտ ալ ունեցած է բազմադիմի առաքելութիւն, ահա թէ ինչու հայ ազգը, ուր որ ալ գտնուած է, այդ սրբազան արժէքը կառուցած ու հաստատ պահած է, եւ զայն ժառանգած է սերունդէ-սերունդ: Ամուր հիմերու վրայ պահելու եկեղեցին եւ անոր նշանակութիւնը բարձրացնելու, ինչպէս նաեւ ազգային միասնութեան ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման հիմնական նպատակներուն ծառայելու համար, հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով ուրբաթ, 27 դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահութեամբ` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան կաթողիկոս պատրիարքին, եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգ, կատարողութեամբ` Լիբանանի ազգային «Ֆայհա» երգչախումբին, խմբավարութեամբ` մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի, մասնակցութեամբ` սոփրանոներ Շողիկ Թորոսեանի եւ Միրէյ Քիւթիւքճեանի:

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ 40-ամեակի յանձնախումբի անդամ եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մեծաւոր Արամ Գարատաղլեան, որ իր խօսքին սկսաւ հետեւեալ ձեւով. «Երբ խորհրդածենք անցեալի մասին, կ՛անդրադառնանք, որ ամէն մէկ քար, որ զետեղուած է սրբազան կեդրոնի շինութեան համար, պատմութիւն մըն է, ամէն մէկ ձայն, որ շարականներ բարձրացուց, անմահ է… Եկեղեցին քարեղէն շինութիւն մը չէ, այլ ապրող հոգի մը, որ հաւատքով ու սիրով կը տրոփէ… 40 տարիները համրուած թիւեր չեն, այլ` հայելի մը, որ կը ցոլացնէ նուիրուածութիւնն ու հաւատքի ուժը: Այսօր համախմբուած ենք նշելու հոգեւոր ժառանգութիւնը, վերանորոգելու մեր ուխտը, հաւատարիմ մնալու մեր եկեղեցւոյ, որ աշխարհին կը սփռէ Յիսուսի լոյսը…»: Գարատաղլեան ողջունելով բոլոր ներկաները Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան անունով աւելցուց. «Քառասուն տարիներ հաւատք ու սէր, քառասուն տարիներ ծառայութիւն ու նուիրում… Այսօր միասնաբար կանգ կ՛առնենք շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ մեզի պարգեւած բոլոր շնորհքներուն ու օրհնութիւններուն համար, որոնք հարստացուցին մեր եկեղեցին եւ զայն դարձուցին տուն մը, որ Աստուածաշունչով իր գիրկը կ՛առնէ բոլորը: Այստեղ` «Պետողլեան» սրահը, ուր կը նշենք 40-ամեայ յոբելեանը, կը կրէ երջանկայիշատակ Անդրէաս եպս. Պետողլեանի անունը, որ այս ժողովրդապետութեան հիմնադրութեան սիւներէն մէկը եղած է, անոր օրհնեալ ճիգերն ու ժառանգութիւնը կը շարունակեն լուսաւորել մեր ճանապարհը…»: Ան մեծ ուրախութիւն յայտնեց, որ այսօրուան համերգը պիտի ներկայացնէ «Ֆայհա» երգչախումբը, խմբավարութեամբ` վաստակաշատ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի, որ իր պատուաբեր տաղանդով ու ժրաջան աշխատանքով հարստացուց Լիբանանի եւ աշխարհի մշակոյթը: Գարատաղլեան հպարտութիւն յայտնեց, որ այդ համերգին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն սոփրանոներ Շողիկ Թորոսեան եւ Միրէյ Քիւթիւքճեան:

Հմուտ խմբավարութեամբ, զմայլիչ ու առինքնող քառաձայն աքաբելլա երգեցողութեամբ եւ մօտաւորապէս 2 ժամ տեւողութեամբ ելոյթ ունեցաւ «Ֆայհա» երգչախումբը, իսկ սոփրանոներ Շողիկ Թորոսեան եւ Միրէյ Քիւթիւքճեան իրենց հիասքանչ ձայներով հարստացուցին յայտագիրը: «Կիլիկիա» քայլերգով սկիզբ առաւ ելոյթը, ընթացաւ ճոխ երգացանկով մը` Ս. Ծննդեան, կոմիտասեան, արաբական, լիբանանեան, եւ Բարսեղ Կանաչեանի երգերով, աւարտեցաւ «Նանոր»-ով… Հարուստ էր երգեցողութիւնը, հարուստ էին նաեւ մշակութային գիտելիքները… Որքան զմայլիչ էր համերգը, այնքան աւելի շքեղ ու պանծալի…

Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Տիգրան վրդ. Փիլիպոսեան ելոյթէն ետք խօսք առաւ եւ անդրադարձաւ երաժշտութեան կարեւորութեան, որ ոչ միայն կը բարելաւէ մեր տրամադրութիւնը, այլ կ՛ամրապնդէ մեր կապը Արարիչին հետ: Ան եզրակացուց, որ պատահական չէ մեր ժողովուրդին ճանչցուիլը` իբրեւ երաժշտասէր ժողովուրդ, որ իր պատմութիւնը, յաղթանակները, հպարտանքը, նոյնիսկ ցաւերը արտայայտած է նուագներով ու երգերով: Ժողովրդապետը ուրախութիւն յայտնեց, որ եկեղեցւոյ 40-ամեայ յոբելեանի անդրանիկ ձեռնարկը իրականացաւ «Ֆայհա» երգչախումբին կատարողութեամբ, շատ սիրելի մայեսթրօ Պարգեւի խմբավարութեամբ եւ մասնակցութեամբ սոփրանոներ Միրէյի եւ Շողիկի: Շնորհակալական խօսքեր ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք օրուան համերգին իրենց օժանդակութիւնն ու մասնակցութիւնը բերին: Վրդ. Փիլիպոսեան բեմ հրաւիրեց հոգեւոր տէրը` փոխանցելու համար սրտի խօսքը:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան կաթողիկոս պատրիարքը ուզեց այս հաճելի առիթին առաջին գնահատական բառը «Պրաւօ» փոխանցել, որ կը նշանակէ քաջութիւն եւ ուժ, որուն արժանի են բոլորը, քանի որ իրենց հիասքանչ կատարումով կը փառաւորուի մեր Արարիչը: Հոգեւոր տէրը արտայայտուեցաւ ըսելով, որ ներկայացումը դրախտային էր, ուր կը գտնուէին բուրումնաւէտ ու գունագեղ ծաղիկներ, եւ այս երգչախումբը մարմնաւորեց այդ հրաշալի պատկերը եւ փոխադրեց ներկաները այնտեղ, ուր ո՛չ տխրութիւն կայ եւ ո՛չ ալ ցաւ, այլ երկնային խաղաղութիւն ու ապահովութիւն: Ան օրհնեց բոլորը եւ ըսաւ. «Ձեր ներկայացումը իսկական պատկերն է Լիբանանի, մեր հայրենիք Լիբանանը, որ սիրոյ, հաւատքի, հայրենասիրութեան, համերաշխութեան, հերոսութեան պատմական երկիրն է…»: Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը խմբավարն ու երգչախումբը պարգեւատրեց «Ներսէս Շնորհալի» արծաթեայ շքանշանով` առ ի գնահատանք անոնց հիասքանչ կատարումներուն եւ մաղթելով, որ օր մը նաեւ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին յօրինած շարականներու մեկնաբանութիւնն ալ կատարուի…

Աւարտին, խմբավարին թելադրանքով, երգչախումբի անդամները ժողովուրդին մէջ իջան եւ տօնական երգերով ճոխացուցին սրահը: Անոնք հոծ բազմութեան բարձր տրամադրութիւն պարգեւելով մեկնեցան:

Քրիստոսի Ս. Ծնունդի լոյսով օծուած Ս. Խաչ եկեղեցին մեր բոլորին հոգեւոր օճախն է, որ կը միացնէ մեզ եւ կ՛ուղղէ դէպի «Աղբիւրը լոյսին»…

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2025, 08:32