Լիբանանահայ կաթողիկէ երիտասարդական միութեան յանձնախումբի այցը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ին
Լիբանանահայ կաթողիկէ երիտասարդական միութեան կեդրոնական յանձնախումբի անդամները` անցեալ օրերուն այցելեցին Ամեն.եւ Գերերջ.Տ.Տ.Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետին` շնորհաւորելու Սուրբ Ծնունդին տօնը, որմէ ետք շնորհաւորեցին նաեւ Պէյրութի թեմի Օգնական Եպիսկոպոս Արհ. Տ. Գրիգոր Եպս.Պատիշահին։
Այցելութեան ընթացքին երիտասարդները` Սուրբ Ծնունդի առթիւ` իրենց յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած շնորհաւորանքի բացիկներէն նուիրեցին հոգեւոր պետերուն։
Սոյն այցի առիթէն օգտուելով, յանձնախումբի անդամները` օր. Ռիթա Գուրումլեանի հետ միասնաբար` Սրբազան Քահանայապետի կողմէ յղուած Օրհնագիր մը յանձնեցին` յանձնախումբի հոգեւոր վարիչ` Գեր.Արամ Վրդ.Աբրահամեանին, զոր տրուած է` առ ի գնահատանք Հայր Արամի տարած երկամեայ անխոնջ ծառայութեանը։
Այցը անմահացաւ` յիշատակի լուսանկարով մը։
Աղբիւրը` Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդութիւն դիմատետր
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ