Որոնել

2024.12.20 ARAM I CON GLI STUDENTI

Մարդու ինքնաճանաչումը եւ քրիստոնէական մարդաբանութիւնը - Արամ Ա. Կաթողիկոսին դասախօսութիւնը հայագիտական կեդրոնին մէջ

Այսօր մարդը տակաւին ինքզինք ճանչնալու ընթացքին մէջ է եւ հարցականի տակ առած է ինքզինք, իր ծագումը, գոյութեան իմաստը ու նպատակը, յայտնեց Հայրապետը։ Ան դիտել տուաւ, որ մարդաբանութիւնը, որպէս ընկերային գիտութիւն, ընդլայնուած կերպով եւ տարբեր ճիւղաւորումներով կը զբաղի մարդու գիտութեամբ, սակայն հոն կը բացակայի կրօնական տեսակէտը։

Երկուշաբթի, 16 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կաթողիկոսարանի «Խորէն Ա.» կեդրոնին մէջ «Մարդու Ինքնաճանաչումը Եւ Քրիստոնէական Մարդաբանութիւնը» խորագրով դասախօսութիւն մը տուաւ հայագիտական կեդրոնի ուսանողներուն։ Դասախօսութեան ներկայ էին նաեւ միաբան հայրեր եւ հայագիտական կեդրոնին ուսուցչական կազմը։

Նորին Սրբութիւնը նախ յայտնեց, որ տուեալ նիւթով անգլերէն լեզուով հատորի մը պատրաստութեան աշխատանքի մէջ է, որովհետեւ թէ՛ կարեւոր եւ թէ՛ այժմէական հարցադրում է մարդուն ո՛վ եւ ի՛նչ ըլլալը. այդ շարունակ եղած է մտաւորականներու ուսումնասիրութեան առարկայ։ Այսօր մարդը տակաւին ինքզինք ճանչնալու ընթացքին մէջ է եւ հարցականի տակ առած է ինքզինք, իր ծագումը, գոյութեան իմաստը ու նպատակը, յայտնեց Հայրապետը։ Ան դիտել տուաւ, որ մարդաբանութիւնը, որպէս ընկերային գիտութիւն, ընդլայնուած կերպով եւ տարբեր ճիւղաւորումներով կը զբաղի մարդու գիտութեամբ, սակայն հոն կը բացակայի կրօնական տեսակէտը։ «Մարդու ինքնահասկացողութեան գծով կրօնքին, յատկապէս միաստուածեան կրօններուն, մօտեցումը բոլորովին տարբեր է մարդաբանութեան գիտութենէն», ըսաւ ու կեդրոնացաւ մարդաբանութեան վրայ՝ քրիստոնէական տեսանկիւնէն դիտելով զայն։

Անդրադառնալով կրօնքին ու գիտութեան միջեւ հիմնական տարբերութիւններուն եւ անոնց ընկերակցող փաստարկներուն ու առարկութիւններուն՝ Նորին Սուրբ Օծութիւնը նշեց Աստուածաշունչէն եկած երկու հիմնական տարբերութիւններ, որոնք մինչեւ օրս քննարկումի առարկայ են քրիստոնեայ գիտնականներու կողմէ. առաջին՝ Աստուած մարդը Իր շունչով ոչինչէն ստեղծեց՝ ի տարբերութիւն գիտութեան, որ յառաջ կը քշէ եղափոխութեան տեսութիւնը. իսկ երկրորդ՝ Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերին համաձայն։

Խորանալով Աստուծոյ պատկերին համաձայն մարդ արարածին ստեղծուած ըլլալուն բացատրութեան մէջ՝ Վեհափառ Հայրապետը երեք հիմնական կէտերով մանրամասնեց մարդուն իւրայատկութիւնը՝ բանականութիւն, ազատութիւն եւ անմահութեան ձգտում։ Այս տարրերը բացատրելով՝ ան ըսաւ, որ բանականութիւնը մարդը կը զանազանէ կենդանիէն, որովհետեւ ան կարելիութիւն կու տայ մարդուն իմանալու, որ ինք գոյութիւն ունի. ազատութիւնը Աստուածային ազատութիւնն է՝ Աստուծոյ կողմէ տրուած՝ ինքզինք եւ տիեզերքը կառավարելու համար, իսկ անմահութիւնը ֆիզիքական պարունակէն դուրս՝ ինքնիր անձէն անդին ու վեր ձգտումն է։

Արամ Ա. Կաթողիկոս ապա անդրադարձաւ այլ կարեւոր կէտի մը՝ նախամարդուն՝ Ադամին ու Եւային փոխադարձ յարաբերութեան։ Այս իմաստով ան ընդգծեց, որ Եւային Ադամէն ետք ստեղծուելու իրողութիւնը կինը չի դներ այրին ենթակայութեան ներքեւ, որովհետեւ անոնք երկուքը Աստուծոյ նոյն պատկերը ունին, պարզապէս տարբեր դերակատարութիւններով անոնք դրուած են աշխարհի վրայ։

Մարդուն ստեղծագործութեան առնչուած է նաեւ մարդուն անկումը։ Աստուած Ադամին ու Եւային թելադրեց չուտել բարիի ու չարի ծառէն։ Այդ ծառին պտուղէն ուտելը զանոնք դրաւ մահուան դիմաց։ Այս դէպքին մէջ յանցաւոր մը փնտռել պէտք չէ, որովհետեւ բոլորն ալ յանցանքի իրենց բաժինը ունին։ Այս անկումին հետեւանքը մարդը մինչեւ այսօր կը կրէ։ Աստուած մարդուն ազատութիւն շնորհեց, սակայն չշնորհեց մարդաստեղծ ու մարդակեդրոն սանձարձակ ազատութիւն, այլ՝ համարատուութեամբ ու պատասխանատուութեամբ ազատութիւն, որ կ՚ենթադրէ մարդու բանականութեան օգտագործում՝ բացատրեց Հայրապետը։

Ստեղծիչին եւ ստեղծեալին միջեւ բախումը դարձած է քննարկումի առարկայ, որովհետեւ հոն կայ ինքնիշխան ըլլալու, կատարեալ կամ անկատար ստեղծուածներ ըլլալու խնդիրները։ Այլ խօսքով, ստեղծագործութեան եւ մարդուն անկման միջեւ ժամանակաշրջանը ընթացք մըն է եւ ո՛չ՝ մէկ օրէն միւսը պատահած դէպք մը, ուստի այս ընթացքին Ադամին ու Եւային կատարեալ/անմեղ կամ անկատար/մեղաւոր արարածներ ըլլալու խնդիրը մեկնաբանութեան կը կարօտի, նշեց Վեհափառ Հայրապետը։ Եթէ Ադամն ու Եւան կատարեալ ստեղծուեցան, ուրեմն Աստուած էին։ Եթէ անկատար ստեղծուեցան, ուրեմն մեղանչելու իրաւունք ունէին։ Ես կը բաժնեմ այն մօտեցումը, որ կ՚ըսէ՝ Ադամն ու Եւան, մինչեւ իրենց անկումը, կատարելութեան եւ անկատարելութեան միջեւ տեղ մըն էին, իսկ Աստուած զանոնք փորձեց եւ քննութենէ անցուց, բնականաբար քննութիւնը յաջողելու համար անոնց տալով տրամաբանութիւն։ Անկումը եկաւ ըսելու համար, որ անոնք անկատար եղան, ըսաւ ան։

Խօսելով անկումէն ետք Աստուծային պատկերին մասին՝ Նորին Սրբութիւնը բացատրեց, որ Աստուածաշունչին մէջ կ՚օգտագործուի Աստուածային պատկեր եւ Աստուածային նմանութիւն եզրերը։ Մինչ Հայրապետը մանրամասնօրէն պատմած էր Աստուածային պատկերին մասին՝ ըսաւ, որ Աստուածային նմանութիւնը Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու կարելիութիւնն է, որ շեշտուած է մանաւանդ ուղղափառ մտածողութեան մէջ։ Մարդուն անկումով մարդուն մէջ վիրաւորուեցաւ Աստուծոյ պատկերը, սակայն չքանդուեցաւ, որովհետեւ պատկերը կը պատկանի Աստուծոյ եւ, հետեւաբար, զայն քանդել կարելի չէ։ Պատժելով հանդերձ մարդը՝ Աստուած առիթ տուաւ մարդուն։ Յատկապէս ուղղափառ հասկացողութեան մէջ մարդը երկրի ու երկնքի, նիւթականի եւ ոչ-նիւթականի մէկ ամբողջութիւն մըն է, «մայքրոքոզմ», եւ այդ ծիրէն ներս պէտք է դիտել Աստուծոյ կողմէն մարդուն տրուած կոչումը, ընդգծեց Հայրապետը։

Շարունակելով նիւթը՝ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ Աստուած մարդուն տուաւ երկիրը զարգացնելու ու ծաղկեցնելու պարտականութիւն՝ տիեզերքին ներքին կազմաւորումը վերածելով ընթացքի մը, որ իր վախճանին պիտի հասնի Քրիստոսի երկրորդ գալուստով։ Այս հարցը ամէնէն այժմէական հարցերէն մէկն է եւ նրեկայիս կենսոլորտային ահաւոր տագնապներ գոյութիւն ունին մարդուն յանցանքով։ Գոյութիւն ունին բարոյական եւ բնական չարիքներ։ Այն ինչ կը կատարուի մարդուն ձեռքով, ինչպէս օրինակ կենսոլորտի ապականում, բարոյական չարիք է, որովհետեւ հետեւանքն է մարդուն չարաշահութեան։

Վերջապէս, Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսեցաւ մահուան մասին։ Ան ըսաւ, որ ըստ Պօղոս առաքեալին մահը մարդուն յանցանքն է։ Գիտութիւնը կը փաստէ, որ հողէն առնուած մարդը սկիզբ ունի եւ տեղ մը, որպէս ֆիզիքական գոյութիւն, պէտք է կանգ առնէ։ Հին փիլիսոփաներ եւս խօսած են մարդուն մարմինին ու հոգիին մասին՝ տեսաբանելով, որ երբ մարդը մահանայ, մարմինը հողին կը դառնայ, իսկ հոգին կ՚երթայ միանալու հոգիներու աշխարհին։ Ըստ այս փիլիսոփաներուն, հոգին մարմինէն առաջ գոյութիւն ունի։ Ժողովուրդին մէջ հոսկէ յառաջացած է հոգիի անմահութեան գաղափարը, որ քրիստոնէական չէ, այլ յունական փիլիսոփայութենէն կու գայ, սակայն տեղ գտած է քրիստոնէական մտածողութեան ու կեանքին մէջ։ Քրիստոնէութիւնը կը հաւատայ մարմնեղէն յարութեան։ Երբ մարդը մահանայ մարմինը հող կը դառնայ, իսկ հոգին կ՚երթայ իր աղբիւրին քով՝ Աստուծոյ քով։ Քրիստոսի երկրորդ գալուստով բոլոր մեռելները յարութիւն պիտի առնեն փառաւորեալ մարմինով՝ նշեց Վեհափառ Հայրապետը։

Դասախօսութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց՝ յայտնելով. «մարդու ինքնահասկացողութիւնը այսօր դարձած է այնպիսին, որուն կեդրոնը մարդը ինք է։ Մարդը Աստուածակեդրոն գոյութիւն է, ո՛չ մարդակեդրոն։ Աստուած է մարդը ստեղծողը եւ մարդու կեանքին կեդրոնն ու գոյութեան նպատակը։ Նոյն տեսակէտը ունին միաստուածեան միւս երկու կրօնները։ Մարդը ինքզինք կը ճանչնայ միայն Աստուծոյ հետ յարաբերաբար»։

Դասախօսութեան աւարտին ուսանողները ու ուսուցիչները առիթ ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու Վեհափառ Հայրապետին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2024, 13:54