«Հայերը և Հայաստանները մայր հայրենիքի և սփյուռքի միջեւ». Հայագիտական երրորդ ազգային գիտաժողովը՝ «Լա Սափիենցա» Համալսարանէն ներս
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
19-20 Դեկտեմբեր 2024ին Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանի Հնագիտութեան դահլիճէն ներս, տեղի ունեցաւ «Հայերը և Հայաստանները մայր հայրենիքի և սփիւռքի միջև» խորագիրով Հայագիտական երրորդ ազգային համաժողովը՝ նախաձեռնութեամբ նոյն համաժողովի Գիտական Կոմիտէի անդամներ, հայագիտութեան ասպարէզէն ներս յայտնի փրոֆեսորներ Մարքօ Պայսի, Ալտօ Ֆերրարի, Ալեսսանտրօ Օրենկոյի, Աննա Շիրինեանի, Զարուհի Պօղոսեանի եւ երկու լեզուաբաններ Անտրէա Սքալայի ու Ճանքարլօ Սքիռուի։ Կազմակերպութեան անոնց միացած էր նաեւ Փորֆ․ Մարքօ Ֆաթթորին։
Դեկտեմբեր 19ին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան «Լա Սափիենցա» համալսարանի փոխռեկտոր Մարքօ Մանչինին, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ` Մարիեթա Ստեփանեանը, եւ Հնագիտական գիտութիւններու ամպիոնի նախկին եւ ներկայ տնօրէնները՝ համապատասխանաբար Ճորճօ Փիրասը եւ Ֆրանչեսքա Ռոմանա Սթազոլլան։
Հարցազրոյց Մարքօ Պայսին հետ
Վատիկան Նիուզի Հայկական բաժինը այս մասին զրոյց մը ունեցաւ «Լա Սափիենցա» համալսարանի հայագիտութեան փրոֆեսոր եւ Քահանայապետական Արեւելեան Համալսարանի դասախօս Մարքօ Պայսին հետ, որ ամփոփելով արդիւնքները պատմեց թէ՝ Համաժողովը՝ երրորդն է 2022ին Փիզայի եւ 2023ին Նափոլիի Համաժողովներէն ետք։
Ան շեշտեց, որ ներկայ Համաժողովը առաւել ընդգրկուն էր հայագիտութեան ասպարէզէն ներս գիտական առարկաներու բազմազանութեան տեսանկիւնէ․ հնագիտութիւն, բանասիրութիւն, եկեղեցւոյ պատմութիւն, աստուածաբանութիւն։
Հայագիտութեան զարգացումը նոր փուլ մտած է այսօր
Ակնարկելով իր հայագիտութեամբ զբաղելուն երեսուն տարուայ աշխատանքին, Փրոֆ. Պայսը նկատել տուաւ, որ հայագիտութեան զարգացումը նոր փուլ մտած է այսօր․ Եթէ սկզբնական շրջանին հայկական մշակոյթը գործիք էր այլ մշակոյթներ ճանչնալու համար, օրինակ հայերէն թարգմանութիւններու միջոցաւ հունարէն գիրը հասկնալու համար, այս վերջին տարիներու հայկական ուսումնասիրութիւններու զարգացումներու ուշադրութիւնը միշտ աւելով տեղափոխուեցաւ եւ կենտրոնացաւ ինքնին հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան արժէքի վրայ, բացատրեց Պայսը` նկատել տալով, որ այս Համաժողովը ինչ-որ առումով այս միտումի գագաթնակէտը եղաւ։ Ապագայի նպատակն է զարգացնել հայկական մշակոյթի՝ միւս մշակոյթներու հետ հաւասար արժանապատուութիւն ունեցողի դերը՝ ներգրաւելով այլ գիտական առարկաներ եւս, որոնց առանցքը ըլլայ հայագիտութիւնը, ինչպէս եղաւ այս համաժողովի պարագային։
Սկսնակ հայագէտներու առաջին հետազօտութիւնները կը նպաստեն հայագէտներու ցանցի ընդլայնման
«Լա Սափիենցա»ի Փրոֆեսորը նշեց նաեւ, որ Համաժողովն ուղղուած էր հասարակութեան լայն շրջանակներուն, եւ, որ անոր ընթացքին ելոյթ ունեցան հայագիտական բնագաւառի տարբեր դարաշրջաններուն հայող տարբեր առարկաներու դասախօսներ՝ ներառեալ Գիտական կոմիտէի անդամները եւ անոնց ուսանող հետազօտողները։ Սկսնակ հայագէտներուն խրախուսելով ներկայացնելու իրենց առաջին հետազօտութիւնները այս մէկը կը նպաստէ ընդլայնելու հայագէտներու ցանցը, շեշտեց Պայսը եւ այս շրջագիծէն ներս օրինակ բերաւ Քահանայապետական Արեւելեան Համալսարանի իր ուսանող Նիքոլա Սփինաթոն որ Համաժողովին իր նպաստը բերած է ներկայացնելով իր ուսումնասիրութիւններու արդիւնքը Վատիկանի եւ Հայոց Պատրիարքարաններու յարաբերութիւններու վերաբերեալ՝ Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին։
Համաժողովը կարող է օգնել իտալահայերու երկրորդ եւ երրորդ սերունդներուն, թարմացնելու իմացութիւնները
Միւս կարեւոր փաստը այն է որ, ինչպէս խորագիրը կը յուշէ՝ «Հայերը և Հայաստանները մայր հայրենիքի և սփիւռքի միջև», ներկայացուեցան տարբեր ժամանակաշրջաններու «Հայաստանները»՝ ուրարատական, միջնադարեան, մետաքսի ճանապարհի դարաշրջան, հասնելով մինչեւ վերջին դարաշրջան։ Այս առումով Պայսը նշեց, որ Համաժողովը կարող է օգնել իտալահայերու երկրորդ եւ երրորդ սերունդներուն, թարմացնելու իմացութիւնները եւ գոհունակութիւն յայտնեց համաժողովին մասնակցողներու թիւին ու որակին առումով։
Համաժողովին ներգրաւուած էին հետեւեալ հաստատութիւնները․
ՀՀ Գիտութիւններու Ակադեմիա
Միջին և Հեռաւոր Արևելքի իտալական ինստիտուտ – ISMEO, Հռոմ
Հռոմի Լա Սափիենցա համալսարան
«Roma Tre» համալսարան
Քահանայապետականարեւելեան ինստիտուտ
Ֆիրենցէի համալսարան
Միլանի Ամպրոզեան ակադեմիա
Միլանի «Սուրբ Սիրտ» կաթողիկէ համալսարան
Վենետիկի Քա'Ֆոսքարի համալսարան
Փիզայի համալսարան
Ուտինէի համալսարան
Պոլոնիայի «Alma Mater Studiorum» համալսարան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ