Որոնել

Դամասկոս Դամասկոս 

Դամասկոսի Հայ Համայնքի իրավիճակը յետ Սուրիոյի իշխանափոխութեան

Հայկական վարժարանները երկու օրէ ի վեր փակ կը մնան` աշակերտութեան ապահովութեան համար, սակայն կը նախատեսուի յառաջիկայ օրերուն դասաւանդութիւնը բնականոն կերպով վերսկսիլ:

8 դեկտեմբեր 2024-ի Սուրիոյ իշխանափոխութեան նոր փուլին,Դամասկոսի հայ համայնքի իրավիճակը, համեմատաբար անցնող օրերուն, աւելի ապահով եւ բնականոն ընթացքի մէջ է:

Յաջորդ օրն իսկ կեանքը բնական կերպով շարունակուեցաւ, կենցաղային կարիքներու, ուտելիքի, ջուրի եւ հացի դժուարութիւնները վերացան:

Հայկական վարժարանները երկու օրէ ի վեր փակ կը մնան` աշակերտութեան ապահովութեան համար, սակայն կը նախատեսուի յառաջիկայ օրերուն դասաւանդութիւնը բնականոն կերպով վերսկսիլ:

Ներկայիս մայրաքաղաքին եւ արուարձաններուն մէջ պարէտային ժամ ճշդուած է երեկոյեան ժամը 5:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00:

«Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութիւնը մօտէն հետաքրքրուեցաւ հայ ընտանիքներու վիճակով, զօրակցութիւն յայտնեց անոնց` թելադրելով, որ մնան իրենց բնակարանները եւ խուճապի չմատնուին:

Անմիջապէս կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը, որուն մաս կազմողներուն անուններն ու հեռաձայնի թիւերը հրապարակուեցան յայտարարութեամբ մը: Յանձնախումբի անդամները պարտականութիւնները բաժնուեցան շրջաններուն համեմատ, որպէսզի անոնք կարելի եղած չափով օգտակար հանդիսանան բոլոր հայ ընտանիքներուն` որեւէ դժուարութեան պարագային:

Յանձնախումբը օգտակար դարձած է Հալէպէն ժամանած շուրջ 14 ընտանիքներու` անոնց կեցութեան վայր եւ բնակարաններ ապահովելով, նաեւ օգտակար դարձած է անոնց, որոնք ուզած են Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հետ կապուիլ կարճ ժամկէտի մէջ Հայաստան մուտքի արտօնութիւն ստանալու:

Ակումբի դռները ամէնօրեայ դրութեամբ բաց կը պահուին` ծառայութիւններ մատուցելու համար ժողովուրդին:

Նախանցեալ օր «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան ներկայացուցիչներ մասնակցեցան Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանին մէջ Գէորգ ծ. վրդ. Պահէեանի հրաւէրով կայացած հանդիպումին, ուր ներկայ եղաւ Փոխանցման ազգային խորհուրդի մէկ պատասխանատուն, որուն բացատրուեցաւ քրիստոնեայ թաղամասերուն մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն մասին եւ պահանջուեցաւ իրմէ կարգադրութեամբ մը հսկել շրջանի ապահովութեան, ինչպէս նաեւ շրջանի բոլոր միութիւններու անդամներուն ու թաղի տղոց հսկողութեան աշխատանքին օժանդակելու պատրաստակամութիւնը յայտնուեցաւ:

Պատասխանատուն խոստացաւ, որ շուտով տհաճ երեւոյթները կը զսպուին եւ երկրորդ հանդիպումին կարելի է այս գծով համաձայնութիւն մը գոյացնել յիշեալ հարցերը լուծելու առնչութեամբ:

Հայ համայնքի զաւակները, իբրեւ Սուրիոյ լիիրաւ քաղաքացիներ, իրենց կառուցողական աշխատանքներով պիտի շարունակեն նպաստել սուրիական հայրենիքի վերականգնումին եւ բարգաւաճման` յանուն յուսատու ապագայի:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2024, 08:11