Գերմանիոյ մէջ ահաբեկչական արարք Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառի մէջ. Կայ 2 զոհ եւ տասնեակ վիրաւորներ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Գերմանիոյ արեւելեան Մակտեպուրք քաղաքին մէջ Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառի մը ընթացքին մեքենայ մը ներխուժած ու մխրճուած է մարդոց խումբի մը վրայ պատճառելով 2 զոհ եւ տասնեակ վիրաւորներ։ Ըստ սկզբնական տուեալներուն ահաբեկիչը յիսունամեայ սէուտական արաբիոյ քաղաքացի բժիշկ մըն է որ 2006էն ի վեր Գերմանիա կ՛ապրի։
Ահաբեկիչը մութ գոյնով «Bmw» տիպի վարձու առնուած ինքնաշարժով ներխուժած ու 400 մեթր ներթափանցած է տօնավաճառի տարածք խուճապի մատնելով ներկաները։ Զոհերէն մին մանուկ մըն է եւ ըստ որոշ վկաներու ահաբեկիչին միտքն էր իր երթը շարունակել ու հասնիլ մանուկներուն սահմանուած տարածք բայց, բարեբախտաբար, մեքենան կանգ առաւ։
Մեքենայի վարորդը ձերբակալուած է ոստիկանութեան կողմէ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ