Որոնել

Սուրիա Սուրիա 

Մոհամետ Պաշիրի գլխաւորութեամբ Սուրիական փոխանցման կառավարութիւնը

Փրկութեան կառավարութեան նախարարները պիտի շարունակեն ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան մէջ իրենց աշխատանքները:

Մոհամետ Պաշիրի գլխաւորութեամբ սուրիական փոխանցման կառավարութիւնը պաշտօնապէս ստանձնեց Դամասկոսի մէջ իշխանութիւնը:

Նախքան այդ, Սուրիոյ կառավարութիւնը ժողով մը գումարեց ներկայութեամբ նախկին վարչապետ Մոհամետ Ժալալիի եւ նշանակուած վարչապետ Մոհամետ Պաշիրի:

Սուրիական քաղաքական վարչակազմէն աղբիւրներ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Մոհամետ Պաշիրի ընթացիկ աշխատանքներու փոխանցման կառավարութեան պաշտօնավարումը երեք ամիս պիտի տեւէ` աւելցնելով, որ այդ ընթացքին ապահովական ծառայութիւնները պիտի լուծարուին եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքները չեղեալ պիտի նկատուին:

Աղբիւրները աւելցուցած են, որ պիտի ուսումնասիրուի ներկայ բանակի կացութիւնն ու անոր վերադասաւորումը` նշելով, որ ապահովութեան հաստատումը, ծառայութիւններու մատուցումն ու հեզասահ փոխանցումը ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան առաջնահերթութիւններն են:

Անոնք յայտնեցին, որ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը մնայուն կառավարութեան համար ենթահող պիտի պատրաստէ` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան համար խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին:

Աղբիւրները կը յայտնեն, որ փրկութեան կառավարութեան նախարարները պիտի շարունակեն ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան մէջ իրենց աշխատանքները:

Երկուշաբթի օր Պաշիր վարչապետ նշանակուած էր իշխանութեան փոխանցման դասաւորումներու եւ Սուրիոյ անիշխանութեան մատնուիլը կանխարգիլելու միջոցառումներու քննարկման ժողովէն ետք: Ժողովին մասնակցած էին զինուորական գործողութիւններու ղեկավարման հրամանատար Ահմետ Շարեհը, Մոհամետ Պաշիրը եւ Ժալալին, որուն պարտականութիւն տրուեցաւ կառավարութեան գործերը յառաջ մղել:

Շարեհ յայտնեց, որ փրկութեան կառավարութիւնը փորձառու տարրեր ունի, եւ իր աշխատանքը սկսած է ոչինչէն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2024, 08:23