Կութիերես կոչ կ՛ուղղէ` անմիջապէս դադրեցնելու Սուրիոյ մէջ կռիւը
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես մտահոգութիւն յայտնեց հիւսիսային Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու մագլցման նկատմամբ եւ կոչ ուղղեց` կռիւը անմիջապէս դադրեցնելու: Այս մասին յայտարարեց անոր բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք:
Տիւժարիք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Բոլոր կողմերը պարտին իրենց կարելին ընել պաշտպանելու համար քաղաքայիններն ու քաղաքային ենթակառոյցները, մասնաւորաբար անվտանգ անցք ապահովելով այն քաղաքայիններուն, որոնք թշնամական արարքներէն փախուստ կու տան»:
«Սուրիացիները շուրջ 14 տարիներէ ի վեր կը տառապին այս տագնապէն, եւ անոնք արժանի են քաղաքական հորիզոնի մը, որ զիրենք կ՛առաջնորդէ խաղաղ ապագայ, եւ ոչ թէ` դէպի յաւելեալ արիւնահեղութիւն», աւելցուց Տիւժարիք:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ