Որոնել

FILES-US-ISRAEL-SECURITY-TECH-RIGHTS-SPYWARE

Համացանցի ընկերային ցանցերը հիւանդագին մոլութեան կրնան վերածուիլ

Ընկերային ցանցերէ կախեալութեան դէմ պայքարը կը պահանջէ բազմակողմանի մօտեցում:

Թուայնացած հաղորդակցութեան այս դարաշրջանին, ընկերային ցանցերը միահիւսուած են մեր առօրեային հետ: Facebook-ի, Instagram-ի, X-ի եւ TikTok-ի նման հարթակներ ակնթարթային արագութեամբ մեզ կ՛առաջնորդեն դէպի լուրերու, նորութիւններու աշխարհը, կ՛իրազեկեն, կը զուարճացնեն ու կը ստեղծեն նոր բարեկամութիւններ: Սակայն, ժամանակակից արհեստագիտութեան եւ կապի ճամբով ապահովուած դիւրութիւններուն եւ հասանելիութեան երեւոյթին զուգահեռ կը զարգանայ այլ մտահոգութիւն մը. կախեալութիւն ընկերային ցանցերէ, կապուածութիւն ու մոլութիւն: Այս երեւոյթը, որ կը յատկանշուի նման հարթակներով զբաղած մնալու մնայուն ու ճնշող մղումով, օր ըստ օրէ կը նկատուի հոգեկան առողջութեան ազդող ու վնասող կարեւոր հարց մը, դարմանումի կարօտ ընկերային ախտ մը:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐՈՒ ՄՈԼՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

Ընկերային ցանցերու գրաւչութիւնը կարելի է վերագրել քանի մը հոգեբանական եւ ընկերային ազդակներու:

Առանցքային դերակատարութիւն ունի պարգեւատրուած զգալու ուղեղին համակարգը: Նեարդաբաններու համաձայն, իւրաքանչիւր հաւանում (like), մեկնաբանութիւն (comment) կամ տարածում (share) կը խթանէ dopamine-ի արտադրութիւնը՝ հաճոյք եւ պարգեւատրուած ըլլալու զգացում պատճառող քիմիական փոխանցիչ մը: Dopamine-ի այս յաւելումը պատճառ կը դառնայ կախեալութեան՝ ընկերային ցանցեր գործածողները` օգտատէրերը մղելով բազմիցս վերադառնալու եւ որոնելու այդ like-ը, comment-ը եւ share-ը, անոնց կրկնութիւնը: Տակաւին, ընկերային հարթակները պատրաստուած են այդ նպատակին ծառայելու համար՝ կախեալութիւն յառաջացնելու միտումով:

Յատկութիւններ, ինչպէս՝ անընդհատ վեր-վար որոնումը, ազդարարները (notification) եւ ալկորիթմօրէն մշակուած բովանդակութիւնը, օգտատէրերը երկար ժամանակ ներգրաւուած կը պահեն: Այս տարրերը կը շահագործեն մտային հակումները, կողմանակալութիւնները՝ դժուարացնելով հարթակէն անջատուիլը:

Ընկերութեան կողմէ ընդունելի նկատուելու մղումը եւ անկէ դուրս մնալու վախը նոյնպէս կարեւոր դեր կը խաղան, եւ այդ պատճառով անհատներ ստիպուած կապի մէջ կը մնան, կարեւոր նորութիւններէն անտեղեակ չմնալու կամ ընկերային լուսարձակներէ դուրս չձգուելու համար:

ԿԱԽԵԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱԽՏԱՆՇԱՆՆԵՐԸ

Ամենէն խօսուն ախտանշաններէն մէկը ընկերային ցանցերու մնայուն կապուածութիւնն է, երբ անհատներ շատ երկար ժամանակ կը տրամադրեն հարթակներուն, յաճախ` այլ ընելիքներու հաշւոյն, ինչ որ պատճառ կը դառնայ անձնական, ակադեմական կամ մասնագիտական պարտականութիւններու անտեսումին:

Այլ ախտանշաններ են՝ ընկերային ցանցերէն պարտադրաբար հեռու մնալու հետեւանքով յառաջացող անձկութիւնն (anxiety) ու դիւրագրգռութիւնը:

Բացի այդ, ինչպէս ծխելէ հրաժարելու կամ թեթեւցնելու անյաջող փորձերը, անհատներ կրնան նոյն ճակատագրին ենթարկուիլ ընկերային ցանցերու պարագային, ինչ որ ցուցանիշ է անոնց հանդէպ մոլութեան առկայութեան:

Ընկերային ցանցերէ կախեալութիւնը կրնայ նաեւ պատճառ դառնալ մարդկային յարաբերութիւններու վատթարացման, որովհետեւ անհատներ աւելի առաջնահերթութիւն կու տան իրենց առցանց ներկայութեան, քան դէմ առ դէմ շփումներուն: Աւելին, ուրիշներու ապրելակերպին հետ հետեւողական բաղդատութիւնը կը յառաջացնէ անատակութեան, ընկճախտի եւ ինքնավստահութեան կորուստի:

ԲՈՒԺՄԱՆ ԵՒ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ընկերային ցանցերէ կախեալութեան դէմ պայքարը կը պահանջէ բազմակողմանի մօտեցում:

Մասնագէտներ Ճանաչողական վարքային բուժման եղանակը (CBT) կը նկատեն արդիւնաւէտ միջոց մը օգնելու անհատներուն՝ հասկնալու եւ փոխելու իրենց խնդրայարոյց վարքագիծը:

CBT-ն կը կեդրոնանայ բացասական մտածողութեան օրինաչափութիւններու բացայայտումին եւ ընկերային ցանցերու չափէն աւելի օգտագործման մղումը դիմակալելու աւելի առողջ ուղիներու մշակման վրայ:

Օգտակար այլ ռազմավարութիւն մը կը նկատուի թուային թունազերծումը: Այսինքն՝ սահմաններու ճշդումը ընկերային ցանցերու օգտագործման շուրջ, ինչպէս օրինակ` առցանց եւ անցանց ժամերու յատկացման յստակեցումը եւ յատուկ յաւելուածներու (apps) օգտագործումը, որոնք կը սահմանափակեն ու կը կանոնաւորեն համակարգիչին կամ բջիջայինին յատկացուած ժամանակը:

Այլընտրանքային միջոցառումները, ինչպէս՝ մարզանքը, ընթերցանութիւնը կամ նախասիրուած զբաղումները, նաեւ կրնան օգնել նուազեցնելու ընկերային ցանցերէ կախեալութիւնը:

Անշուշտ միշտ կարելի է դիմել մասնագէտ հոգեբանի մը, որ կրնայ օգնել նաեւ լուծելու մոլութեան առաջնորդող թաքուն պատճառները, ինչպէս` ինքնավստահութեան պակասը կամ ընկերային վախախտը (social anxiety կամ social phobia), որոնք նաեւ կրնան պատճառ դառնալ ընկերային ցանցերէ կախեալութեան:

«ԶԳՈՅՇ»

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2024, 08:30