Որոնել

Լիբանան, Իսրայէլ, պատերազմ Լիբանան, Իսրայէլ, պատերազմ  (AFP or licensors)

Իսրայէլ կը շարունակէ խախտել զինադադարի համաձայնութիւնը

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը հարուածեց հիւսիսային Լիբանանի Հերմել գաւառի Հաուշ Սէյիտ Ալի գիւղին մէջ բանակի մէկ կեդրոնին մօտ դիրքի ամրապնդման աշխատանք տանող քարշակը, այս պատճառով ալ լիբանանեան բանակէն զինուոր մը վիրաւորուեցաւ:

Իսրայէլ երէկ շարունակեց խախտել զինադադարի համաձայնութիւնը` թիրախաւորելով հարաւային Լիբանանի սահմանային գիւղերը, ինչպէս նաեւ Պեքան:

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը հարուածեց հիւսիսային Լիբանանի Հերմել գաւառի Հաուշ Սէյիտ Ալի գիւղին մէջ բանակի մէկ կեդրոնին մօտ դիրքի ամրապնդման աշխատանք տանող քարշակը, այս պատճառով ալ լիբանանեան բանակէն զինուոր մը վիրաւորուեցաւ:

Հարաւային Լիբանանի մէջ Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Նապաթիէի շրջանին մէջ իր ազգային պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին թիրախաւորած է իր անդամներէն մէկը, որ նահատակուած է:

Տնօրէնութիւնը շեշտեց. «Այս յարձակումը վտանգաւոր մագլցում է ու բացայայտ ոտնահարում Լիբանանի գերիշխանութեան եւ կը հաստատէ յարձակողապաշտ բնոյթը բռնագրաւումին, որ չի յարգեր համաձայնութիւնները կամ միջազգային կանոնները»:

Իսրայէլեան ուժերը նաեւ կրակեցին Նաքուրա գիւղին մէջ բնակարաններու ուղղութեամբ, մինչ այդ իսրայէլեան օդուժէն ռմբաձիգներ թռիչքներ կատարեցին Սուր գաւառի գիւղերուն վերեւ:

Խիամի շրջանին մէջ իսրայէլեան հրետանին 4 ռումբ արձակեց, որոնցմէ մէկը հարուածեց Մարժաայունի դաշտին եւ Խիամի միջեւ շալէ մը:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ Խիամի մէջ կատարեց ականահարումներ, որոնց ձայները լսուեցան հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ, եւ Խիամէն իրերայաջորդ կերպով ծուխ բարձրացաւ:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեցին. «Միացեալ Նահանգներ զգուշացուցին Իսրայէլը Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը խախտելէ»:

«Գոյութիւն ունին զինադադարի իսրայէլեան խախտումներ, որոնց ամէնէն ակներեւը անօդաչու թռչող սարքերու Պէյրութի վերեւ վերադարձն է», նշեցին աղբիւրները:

Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն Իսրայէլին իր յղած նամակին մէջ նշեց. «Լիբանանի հետ զինադադարի համաձայնութեան իսրայէլեան խախումներ կան»:

Երէկ երեկոյեան Հըզպալլա յայտարարեց, թէ «նախնական պաշտպանողական հակազդեցութիւն ունեցած է» երկու հրթիռ արձակելով Ռուէյսաթ շրջանին վրայ, այն բանէն ետք, երբ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները դադրեցնելու գծով համապատասխան կողմերուն կատարուած դիմումները ապարդիւն մնացած են:

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նշեց. «Զինադադարի համաձայնութեան գործադրման հսկող յանձնախումբին կոչ կ՛ուղղենք` անմիջապէս իր առաքելութեան սկսելու, Իսրայէլին ստիպելու դադրեցնել իր խախտումները եւ ամէն բանէ առաջ հեռանալ հողերէն, զորս գրաւած է»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2024, 06:30