Միքաթի. «Յանձնառու ենք թիւ 1701 որոշումին գործադրութեան, եւ զինադադարի համաձայնութիւնը ճամբան կը յարթէ Դիւանագիտական ուղիին»
Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շաբաթ գիշեր Հռոմի մէջ Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնիի կազմակերպած քաղաքական տարեկան համախմբումին մասնակցելով Լիբանանի մէջ տագնապներու, Լիբանանի հիմնադրութենէն մինչեւ Թաէֆի համաձայնութիւն պատմութեան մասին զեկուցում մը ներկայացուց:
Միքաթի լիբանանցի առաջին պաշտօնատարն է, որ իբրեւ պատուոյ հիւր կը հրաւիրուի Իտալիոյ վարչապետին կազմակերպած այս ամէնամեայ քաղաքական համախմբումին:
«Մենք համոզուած ենք, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի առաջարկած ու հովանաւորած զինադադարի փոխըմբռնումը պիտի վերացնէ հարաւային ճակատի երկայնքին լարուածութիւնները, ինչպէս նաեւ տեւական ու երկարատեւ կայունութեան հիմքը կը կազմէ», շեշտեց ան:
«Զինադադարի այս համաձայնութիւնը ճամբան կը հարթէ դիւանագիտական ուղիին, որուն լիովին կը զօրակցի մեր կառավարութիւնը: Այս ուղղուածութեան նպատակը հարաւային սահմանի երկայնքին ապահովական խնդիրները լուծելն է եւ Իսրայէլի ամբողջական հեռացումը իր բռնագրաւած հողերէն, ինչպէս նաեւ Կապոյտ գիծին վրայ տագնապները լուծելը` գործադրելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը», նշեց Միքաթի:
«Այս որոշումի ամբողջական գործադրութիւնն ու իսրայէլեան ոտնձգութիւններու դադրեցումը Լիբանանի գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան պաշտպանման համար եւ տեղահանուածներուն անվտանգ տունդարձին համար չափազանց կարեւոր են, եւ ատիկա ուղղակի պատասխանատուութիւն է երկու պետութիւններուն` Միացեալ Նահանգներուն եւ Ֆրանսային, որոնք հովանաւորեցին փոխըմբռնումը», ըսաւ ան:
Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատարը նշեց, որ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով յառաջացած վնասները միջազգային ընտանիքին կողմէ անմիջական հետաքրքրութեան ու աջակցութեան կը կարօտին, եւ ըստ Միջազգային դրամատան գնահատականին, Լիբանան վերակառուցման հոլովոյթին համար առնուազն հինգ միլիառ տոլարի պիտի կարօտի:
Անդրադառնալով սուրիական թղթածրարին` Միքաթի նշեց. «Քանի մը օր առաջ Սուրիոյ մէջ տեսանք մեծ շրջադարձ մը, որ կը նախատեսուի, որ յանգեցնէ յառաջիկայ տարիներու ընթացքին քաղաքական տեսադաշտի վերաձեւաւորման: Այս թղթածրարին մէջ մեզ հետաքրքրողը սուրիացի տեղահանուածներուն իրենց երկիր վերադարձն է»:
«Միջազգային ընտանիքը եւ մասնաւորաբար Եւրոպան պէտք է օգնեն այս տագնապի լուծման` Սուրիոյ անվտանգ շրջաններուն մէջ կանխահաս վերականգնման ջանքերուն նպաստելով: Սուրիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները պէտք է հիմնուած ըլլան գերիշխանութեան յարգման ու բարի դրացնութեան վրայ», ըսաւ Միքաթի:
Իտալիոյ վարչապետ Մելոնի գնահատեց Լիբանանն ու Իտալիան իրարու կապող երկկողմանի ու պատմական յարաբերութիւնները եւ ողջունեց Միքաթին` Լիբանանը եւ անոր կայունութիւնը պաշտպանելու ջանքերուն համար:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ