Օքամփօ. «Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու վերադարձի կարելիութիւն հաստատօրէն կը տեսնեմ. Ատիկա չի կրնար անտեսուիլ, պէտք է շարունակել պայքարիլ»
Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր, առաջին ընդհանուր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն համոզուած է, որ Արցախի ժողովուրդը իր հայրենիք վերադառնալու բոլոր կարելիութիւնները ունի: Ան այս մասին յայտնած է «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 5-րդ համաշխարհային համախմբումի ծիրին մէջ, «Արմէնփրես»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Լեռնային Ղարաբաղի հայերու վերադարձի կարելիութիւնը հաստատօրէն կը տեսնեմ: Ատիկա չի կրնար անտեսուիլ: Պէտք է շարունակել պայքարիլ: Դուք պէտք է շարունակէք պայքարիլ: Կը պարտուիք այն օրը, երբ կը դադրեցնէք պայքարը: Անհրաժեշտ է օգնել անոնց պայքարին` իրենց վերադարձի իրաւունքին համար», ընդգծած է Օքամփօ` աւելցնելով, որ Ազրպէյճան կը ճանչնայ, որ հայերը Արցախ գտնուելու իրաւունք ունին, հետեւաբար անհրաժեշտ է պայքարիլ Արցախի հայերու իրաւունքներուն համար:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ 2023 թուականին Արցախի մէջ տեղի ունեցածը կարելի՞ է արդեօք որակել իբրեւ ցեղասպանութիւն` Օքամփօ դրական պատասխան տուած է` նկատելով, որ ցեղասպանութիւնը պարզապէս զանգուածային սպանութիւնները չեն, ինչպէս, օրինակ, տեղի ունեցած է 1915 թուականին:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած բոլոր իրադարձութիւնները կը պարունակեն ցեղասպանութեան բոլոր մեթոտներն ու ձեւերը` պայմաններ ստեղծելով մարդոց խումբը ոչնչացնելու համար. ատիկա Լաչինի միջանցքի շրջափակումն էր, Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ բնակչութեան փախուստի դիմելը, ինչպէս նաեւ հայերուն հասցուած հոգեկան լուրջ վնասները, վախը եւ այլն: Այս բոլորը ցեղասպանութեան յատկանիշներ են: Եւ ատիկա նոյնպէս ցեղասպանութիւն է», ըսաւ զրուցակիցը` շեշտելով, որ բոլոր այս դէպքերուն մէջ մարդիկ պէտք է պաշտպանուած ըլլան, եւ անոնց իրաւունքները պէտք է վերականգնուին:
Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին` Օքամփօ նկատեց, որ հայերը նախ եւ առաջ կը պայքարին արդարութեան եւ յիշողութեան համար: «Հայաստանը ցոյց կու տայ, որ յիշողութեան համար պայքարիլը կարեւոր է», ընդգծած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի կը նկատէ՞, որ Թուրքիան երբեւէ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ան շեշտեց. «Մենք ատիկա չենք գիտեր, սակայն մենք պէտք է ներգրաւենք Թուրքիան եւ բացատրենք: Երիտասարդ սերունդը տարբեր է: Կը կարծեմ, որ մենք կրնանք ներգրաւել զանոնք եւ քննարկել այդ հարցը»:
Օքամփոյի բնորոշումով` հիմա կարեւորագոյնը այն է, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է Արցախի մէջ, եւ, մասնաւորաբար այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Պաքուի բանտին մէջ գտնուող 23 հայերուն հետ: «Անոնք պատանդներ են, իսկ զանոնք պատանդ պահելու ուղերձը այն է, որ, եթէ Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնաք, ապա յարձակումի պիտի ենթարկուիք: Մենք պէտք է անոնց համար բան մը ընենք», ընդգծած է Լուիս Մորենօ Օքամփօ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ