Որոնել

ՄԱԿ ՄԱԿ  (ANSA)

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը Կազայի մէջ զինադադարին եւ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի աջակցութեան վերաբերեալ բանաձեւեր որդեգրեց

Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման վերաբերեալ բանաձեւը որդեգրուեցաւ 158 թեր, 9 դէմ եւ 13 ձեռնպահ քուէներով, իսկ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին աջակցող բանաձեւը որդեգրուեցաւ 159 թեր, 9 դէմ եւ 11 ձեռնպահ քուէներով:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը որդեգրեց բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ` Կազայի մէջ անմիջական, առանց նախապայմաններու եւ մնայուն զինադադարի հաստատման եւ բոլոր գերիներու անմիջական ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ որդեգրեց այլ բանաձեւ մը, որ կը զօրակցի ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին:

Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման վերաբերեալ բանաձեւը որդեգրուեցաւ 158 թեր, 9 դէմ եւ 13 ձեռնպահ քուէներով, իսկ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին աջակցող բանաձեւը որդեգրուեցաւ 159 թեր, 9 դէմ եւ 11 ձեռնպահ քուէներով:

Միւս կողմէ, իսրայէլացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին, որ Թել Աւիւ անցեալ շաբաթ պաղեստինեան Համաս շարժումին ներկայացուցած է համաձայնութիւն գոյացնելու եւ զինադադարի սկսելու նորացուած առաջարկ մը:

Կ՛առաջարկուի ազատ արձակել Համասի մօտ գտնուող կարգ մը գերիներ, եւ ըստ աղբիւրներուն, մօտ է օգոստոսին բանակցուած առաջարկին եւ կը կեդրոնանայ համաձայնութեան առաջին փուլի գործադրութեան վրայ:

Պաշտօնատարները աւելցուցած են, որ Համաս ճկունութիւն ցուցաբերելու եւ համաձայնութիւնը, թեկուզ մասնակի կերպով, գործադրելու աւելի մեծ պատրաստակամութիւն ցոյց տուած է:

Իսրայէլեան աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեց, որ հաւանական է գերիներու փոխանակման նոր գործարք կնքել նախքան 20 յունուարին Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի երդման արարողութիւնը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2024, 08:30