Որոնել

Համա Համա 

Սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը գրաւեց Համա քաղաքը

Երէկ երեկոյեան սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը Համա քաղաքը առաւ իր վերահսկողութեան տակ:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ հինգշաբթի արշալոյսին ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու Համայի հիւսիսային գիւղական շրջանի Զէյն Ապիտին լերան վրայ մեծ յարձակումը ձախողութեան մատնուած է, երբ անոնց մասնայատուկ ուժերը` ուզպեք Ապու Ռաֆիքի հիմնած, եգիպտացի Ապու Եաքթանի ղեկավարած եւ Սուրիոյ մէջ Քայիտայի թեւը եղող Ասայէպ Համրան ինկած է սուրիական բանակի լարած թակարդը:

Գիշերուընէ մինչեւ արշալոյս տեւած բուռն բախումներուն հիմամբ սուրիական բանակը յաջողած էր լեռը առնել իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ:

Զէյն Ապիտին լեռը ռազմավարական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ կը վերահսկէ Համա քաղաքին:

Համա քաղաքին շուրջ կռիւներուն վերաբերեալ հաղորդուեցան հակասական տեղեկութիւններ: Մինչ սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը պնդեց, որ սկսած է մուտք գործել քաղաք, իշխանամէտ աղբիւրներ պնդեցին, որ սուրիական բանակի դիրքերը անխախտ կը մնան:

Ըստ «Մայատին»-ի, սուրիական բանակը Համա քաղաքի շրջանին մէջ Սըլմիէ քաղաքէն 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ բախում կ՛ունենայ զինեալներուն հետ եւ քաղաքի հիւսիսարեւմտեան կողմէն 4 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ դէմ կը դնէ անոնց յարձակումներուն: Բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան նաեւ քաղաքի հիւսիսային կողմը գտնուող Քամհանէ գիւղին մերձակայքին մէջ:

Սակայն սուրիական զինեալ ընդդիմութեան զինուորական գործողութիւններու հրամանատար Ապու Մուհամետ Ժուլանի աւելի ուշ յայտարարեց, որ զինեալ խմբաւորումները սկսած են մուտք գործել Համա քաղաք` նշելով. «Համայի ներխուժումը վրիժառութիւն չի պարունակեր»:

Սուրիական զինեալ ընդդիմութեան զինուորական գործողութիւններու ղեկավարման բաժինէն հրամանատար մը «Արապի» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Համայի մէջ սուրիական վարչակարգի ամրութիւններու տապալումէն ետք այլեւս դէպի Սուրիոյ բոլոր քաղաքներ ճամբաները բաց են:

Երէկ երեկոյեան սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը Համա քաղաքը առաւ իր վերահսկողութեան տակ: Ըստ «Հատաս»-ի, «Թահրիր Շամ եւ զինեալ խմբաւորումները յայտնած են, որ Համայի բանտէն լիբանանցիներ ազատ արձակած են: «Արապիա» հաղորդեց, որ Հոմսի կարգ մը թաղամասերէն Թարթուսի ուղղութեամբ մեծաթիւ գաղթ սկսած է:

«Մայատին»-ի համաձայն, Հալէպի գիւղական շրջաններէն տեղահանուածներուն թիւը աւելի քան 2 միլիոն է, ինչ որ բնակչութեան 80 առ հարիւրն է: Հալէպի մէջ գտնուող դեղորայքի կարիքներուն աւելի քան 70 առ հարիւրը բաւարարող գործարաններէն շատերը դադրած են գործելէ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2024, 07:00