«Գիտակ» Արեւմտահայերէն մանկապատանեկան ծրագիրը կը ջանայ արեւմտահայերէնը խաղալով սորվեցնել
Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը ձեռնարկած է «Գիտակ» ծրագիրին։
«Գիտակ»ին նպատակը դպրոցական կեանքին ընթացքին եւ մեր բնաշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող բներեւոյթները հակիրճ արեւմտահայերէնով ներկայացնելն է ։
Իւրաքանչիւր տարիքային խմբաւորումի համար 20 տեսերիզներով կը հանդիպինք պատմական հերոսներու, մարզաշխարհի, բնութեան մէջ հանդիպած անակնկալներու, ցամաքամասերու, ովկիանոսներու, անասուններու եւ այլն։
Մանուկներուն արդէն ծանօթ յղացքները արեւմտահայերէնով ներկայացնելով՝ կը միտինք հայերէնը անոնց կեանքին մէջ դարձնել կայուն մաս մը։
Մանաւանդ արեւմտեան երկիրներու մէջ բնակող հայ ընկերութիւններուն մէջ հայերէնի գործածութիւնը դարձած է սահմանափակ։ Օգտագործուած բառամթերքը խորքային զրոյցներու առիթ չի տար. իսկ այդ զրոյցներուն համար ինքնաբերաբար լեզուն կը փոխուի ապրած երկրի տիրող լեզուին, մեր պարագային, անգլերէնի։
Այս տեսերիզներով դպրոցականները պիտի ծանօթանան հայերէն լայն բառամթերքի մը, ինչ որ պիտի սատարէ անոնց լեզուական հմտութեան։
Տեսերիզները կարելի է օգտագործել դասարաններու մէջ, ուսումնական ծրագիրներու առընթեր՝ առ ի ամբողջացում կամ զարգացում։ Կարելի է նաեւ դիտել տան մէջ՝ իբրեւ ժամանց։
Այս տեսերիզներու փունջին պիտի հանդիպինք նաեւ Ո՞Վ Է ԳԻՏԱԿԸ խաղին ընթացքին։ Ո՞Վ Է ԳԻՏԱԿԸ խաղով մասնակցողները ընկերային եւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ պիտի դիտեն տեսերիզները իրենց խումբերով եւ հարցումներուն պատասխանեն։ Խաղի մթնոլորտով ,մասնակցողները պիտի լսեն հայերէն, նոր բառամթերք եւ գիտելիքներ ամբարեն եւ ծանօթանան նոր ընկերներու՝ տարբեր շրջաններու մէջ։
Այս տարի, տեսերիզները 10էն 12 տարեկաններու համար են։ Յաջորդին կը պատրաստուին նաեւ 7էն9, 13էն 15, եւ 16էն 19 տարիքներու համար։
Հետեւեցէք մեր կայքէջին եւ ընկերային ցանցերու ալիքներուն՝ խաղին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Նայիրի Մկրտիչեանին, որ տեսերիզները բծախնդրութեամբ պատրաստեց։
Տեսերիզնեը կարելի է գտնել Համազգայինի YouTube-ի ալիքին վրայ եւ Արեւելեան Ամերիկայի Համազգայինի կայքին վրայ, ինչպէս նաեւ Հայկաշխարհ-Armlands կայքէջին վրայ։
(Հաղորդագրութիւնը՝ Արեւելեան Ամերիկայի Համազգայինէն)
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ