Ամանորեան մտորումներ. Սեւ թէ՞ Սպիտակ Պատեր
«Արթնցիր ով իմ փառքս
Արթնցէք ով տաւիղ ու քնար
Ես կանուխ պիտի արթնամ» (Սաղմոս 57:8)
Գիրկիզդանը կեդրոնական Ասիոյ երկիրներէն մէկն է։ Ան լեռներով շրջապատուած գեղեցիկ երկիր մըն է, որ մաս կը կազմէր Սովետական Միութեան համակարգին։ 1991 թուականին Գիրկիզդան ստացաւ իր անկախութիւնը երբ Սովետական Միութիւնը բուլ եկաւ։ Այս մահմետական երկիր մըն է, որ ունի փոքր թիւով քրիստոնեայ ներկայութիւն՝ երեւի 75,000 հոգի։ Երկիրը շրջապատող լեռները կու տան յատուկ գեղեցկութիւն եւ փայլք այս երկրին։
Պիշքէք, Գիրկիզդան, Նոյեմբեր 2024։
Առաջին անգամն է որ կ՚այցելեմ կեդրոնական Ասիա։ Ինծի համար նոր երկիր մըն է որ չէի գիտեր թէ ինչ պէտք էր որ ակնկալեմ։ Պիտի տեսնէի եւ սորվէի այս երկրին իւրայատկութիւնները։
Գիրկիզդան ստացած է իր անկախութիւնը երբ դուրս եկած էր Սովետական Միութենէն։ Բայց անկախութեան ետք երկիրը իր ներ-քաղաքական համերաշխութիւնը գտնելը այդքան ալ հեզասահ չէ եղած։ Ունեցած է քանի մը յեղաշրջումներ, երբ ժողովուրդը ընդվզած է ղեկավար համակարգէն, եւ երբ կաշառակերութիւնը ու անարդարութիւնը զգլխած անցած է ամէն արժէչափ։
Պիշքէքի կեդրոնական մասի՝ «Ալա Թու» հրապարակին վրայ, զետեղուած է յուշակոթող մը։ Այդ նուիրուած է բոլոր նահատակներուն, որոնք ընբոստացած էին տիրող իշխանութիւններուն դէմ՝ պահանջելով արդարութիւն եւ աւելի բարոյական արժէչափերով պետութիւն։ Այս շարունակուող բողոքները՝ 2002-էն մինչեւ 2010, խլած է բաւական նահատակներ։ Նահատակներուն յիշատակը յարգելու համար զետեղուած է այս յուշակոթողը։
Եթէ բաւական դիտեցի այս յուշակոթողը, բայց նոյնքան մտածեցի անոր միտք բանին վրայով։ Յուշակոթողը ունէր երկու զօրաւոր գոյներով պատեր՝ սեւ եւ սպիտակ։ Յուշակոթողը, որ նոյնքան արուեստի նմուշ մըն է, կը փոխանցէ նաեւ պատգամ մը։ Հոս տեսայ, թէ մարդիկ կը հրէին սեւ քարերը եւ կը հեռացնեն ճերմակէն՝ փորձելով անջատել իրարմէ։ Սպիտակը՝իմա բարին ու արդարը, պիտի հեռանար ու հեռացուէր սեւէն՝ իմա չարէն, անարդարէն ու մեղքէն։ Պայքար եւ մարտնչում, որ սպիտակ պատը փոխարինէ սեւը։
Արդեօք այս յուշակոթողը միայն Գիրկիզդանի համար յատո՞ւկ է։
Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք աշխարհի ներկայ իրավիճակին վրայ, պիտի տեսնենք թէ ինչքան շատ է սեւի ու սպիտակի պայքարը։ Աշխարհ այսօր խափանուած է սեւին ահաւոր ներկայութեան եւ ճնշումին տակ։ Աշխարհ կ՚ուզէ սպիտակը որոնել, որպէսզի մարդկային կեանքերը քիչ մը աւելի խաղաղ ըլլան, արդար ու բարեկեցիկ։
2024-ը եղաւ դժուար տարի մը՝ տարբեր մակարդակներու վրայ։ Պատերազմները տարածուած են աշխարհի տարբեր ցամաքամասերուն մէջ։ Անարդարութիւնը դարձած է կեանքի արժէչափ եւ այդ ալ սանձարձակ առումով։ Ատելութիւնը եւ կաշառակերութիւնը սկսած են կրծել մեր ընկերային կեանքի կարգն ու կանոնը։ Բարոյական եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան ու անոր սկզբունքներու ոտնահարում՝ փորձելով նոր կրօնա-բարոյական հիմքեր ստեղծել մարդկային մեր կեանքերու համար։ Այս բոլորը լեցուցած են տեղեկատուութեան աշխարհը եւ որ զօրաւոր կերպով կը «թխմուի» մեր կեանքերէն ներս՝ փորձելով հաշտեցնել այս բոլորը մարդկութեան համար ու անոր հետ՝ որպէս նոր կենցաղ։
Ո՞ւր կերթայ աշխարհը այսօր։ Երեւի Պիշքէքի յուշակոթողի ստեղծած պատկերին հակառակ ուղղութիւնո՞վ։ Այսօր մարդիկ կը հրէն սպիտակը հեռուն եւ աւելիով տեղ կը բանան սեւին՝ անյայտացնելով սպիտակի ստեղծած արդարը, բարին ու ճշմարիտը։
2024 տարին արդէն հասաւ իր աւարտին եւ շուտով ամանորեան եւ Սուրբ Ծնունդի տօնական օրերուն նախօրեակին պիտի ուզենք շնորհաւորել նորը։ Նոր Տարին։ Ու տակաւին՝ Սուրբ Ծնունդը։
Բայց ո՞ր նորը։ Եւ ի՞նչ պարունակով նորը։
Սեւ թէ՞ սպիտակ նորը։ Ո՞ր մէկը պիտի քշենք հեռու։
Դաւիթ թագաւոր՝ Աստուածաշունչի Սաղմոս գիրքին 57-րդ գլխուն մէջ, կոչ մը կ՚ընէ «արթննալու»՝ «Արթնցիր որ իմ փառքս» (Սաղմոս 57:8)։ Ու տակաւին ան կոչ մը կ՚ընէ, «Արթննալու տաւիղով ու քնարով» (Սաղմոս 57:8)։ Նուագարաններու կոչը պատկերաւոր է, որպէսզի արթննալը նաեւ արթնցնէ՝ նուագարաններու աղմուկով, մարդուն միտքն ու հոգին։ Այս արթննալը ունի մէկ կարեւոր կիզակէտ, որ մարդը պիտի առաջնորդէ պաշտամունքի գիտակցութեան՝ պաշտամունքը Աստուծոյ եւ Անոր հետ։ Դաւիթ կ՚ուզէր արթննալ «կանուխ» (Սաղմոս 57:8), որպէսզի իր օրը սկսէր այդ գիտակցութեամբ։
Կայ պատմական տուեալները այս Սաղմոսին։ Այս Սաղմոսը գրուած էր այն օրերուն երբ Դաւիթ կը փորձէր փախչիլ Սաւուղ Թագաւորէն, երբ վերջինը կ՚ուզէր զինք սպաննել։ Այս իմաստով Դաւիթ միշտ ալ վախի, սարսափի ու մտահոգութեան վիճակի մէջ էր։ Ան կը փորձէր միշտ պահուըտիլ՝ խուսաբելու համար Սաւուղի սպառնալիքներէն։ Եկաւ ժամանակը, ուր Դաւիթ տեսաւ թէ կարելի չէր այս վիճակին մէջ շարունակել ապրիլ։ Կարելի չէր մնալ վախի ու սարսափի մէջ։ Ան որոշեց այս իր դժուար կացութիւնը յաղթահարել, եւ գիտակցեցաւ թէ ընելու համար ճիշդ այդ՝ ան պէտք էր որ զգաստանար։ Իր կեանքի հիմքը դնել այն իրականութեան վրայ որ պիտի տար իրեն ելքը՝ դուրս գալու համար իր փապուղիէն։ Դաւիթ արթնցաւ գիտակցութեամբ մը, թէ իր կեանքի ճամբուն համար պէտք ունէր պաշտելու զԱստուած, որ պիտի առաջնորդէր զինք դէպի կեանք։ Պաշտամունքը Աստուծոյ է, որ տուաւ այս կեանքը Դաւիթին, բայց նաեւ իւրաքանչիւրիս։
Պաշտամունքը Աստուծոյ մատուցուած յարգանք է եւ աղօթք։ Պաշտամունքը իր մէջ ունի խոր սէր եւ երկրպագութիւն։ Բայց պաշտամունքը միայն պատարագ, ժամերգութիւն եւ եկեղեցական արարողութիւն չէ։ Պաշտամունքը կեանք է, ուր քու կեանքիդ հիմը պիտի դնես Աստուծոյ գիտակցութեան վրայ եւ ընդարձակելու զայն կեանքի բոլոր բնագավառներուն վրայ։ Պաշտամունքի բառացի նշանակութիւնը նաեւ ուշադրութիւն է, ուր մարդուն միտքն ու հոգին կը կեդրոնանան եթէ Աստուծոյ վրայ, բայց Անոր միջոցաւ այն որ ճշմարիտ է, արդար, գեղեցիկ եւ ճիշդ՝ իմա սպիտակ։ Այս նոյն ուշադրութիւնը մարդը եւ հաւաքականութիւնը դուրս կը հանէ իր ճգնաժամէն՝ մղելով զինք, որ ձգտի բարիին, գեղեցիկին եւ կեանքի մէջ յառաջխաղացք արձանագրէ ուր լաւը կը շինուի։
Եթէ պիտի ուզենք որ նոր տարին ըլլայ ՆՈՐ, այս պիտի նշանակէ որ պարտինք արթննալ։ Արթննալ որպէս անհատ, ընտանիք, հաւաքականութիւն եւ ազգ։ Պիտի արթննանք եւ մեր ուշադրութիւնը պիտի դնենք սպիտակ պատերը շինելով եւ հեռացնել սեւը մեր կեանքերէն։ Այս ընելու համար, պարտինք մեր ուշադրութիւնը՝ իմա պաշտամունքը, կեդրոնացնել ՀԱՒԱՏՔԻն վրայ, որ Քրիստոսով մեզի կը բերէ ՆՈՐԸ։ Այս այն Նորն է, որ Աստուած կը շնորհէ մեզի։
Նորին պաշտամունքը ազգային է՝ հայկական պրիսմակէն, տակաւին համազգային՝ ընդհանրական։ Ան մեզ պիտի խթանէ, որ տեսնենք Բարին եւ շինենք զայն։ Այս Բարին, որ վեր է ամէն հաշուարկէ, պիտի մղէ մեզ որ սիրենք արդարը, ճշմարիտը, գեղեցիկը ու լաւը։ Այս Բարին ուժ է, որ կրնայ սեւին պատերը փշրել եւ սպիտակ պատերը հիւսել։
Շնորհաւոր Նոր Տարի։ Եթէ գալուստը պիտի ըլլայ Բարի, այս կը նշանակէ թէ Բարին պիտի կերտենք՝ անհատապէս, հաւաքաբար եւ ազգովին։ Կերտելու համար պէտք ունինք մեր ուշադրութիւնը՝ իմա պաշտամունքը, բարձրացնել Աստուծոյ՝ Ան որ Կատարեալ է եւ կը շնորհէ Բարին։ Այս Բարին է, որ պիտի կոփէ մեր կեանքերը սպիտակ պատերով։
Մեր կեանքերը՝ անհատական,հաւաքական եւ ազգային։
Սեւ թէ՞ սպիտակ պատեր։ Պիշքէք թէ այլ։
Պատասխանը նոյնն է եւ ամէն տեղերու համար, եթէ մեր ընտրանքը Նորը շինելն է։
Նորը շինելու համար մենք պէտք ունինք Սպիտակ պատերու։
Դեկտեմբեր, 2024
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ