Աշխարհի մէջ աւելի քան 460 միլիոն մանուկներ կ՝ապրին կամ կը փախչին աւերիչ հակամարտութիւններէն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
2023 թուականի վերջին դրութեամբ, աւելի գրեթէ 50 միլիոն մանուկներ տեղահանուած են հակամարտութիւններու, բռնութիւններու եւ բնական աղէտի պատճառով՝ ամբողջ աշխարի մէջ բռնի տեղահանուածներուն 40 առ հարիւրը,
կը կարդանք ԻՒՆԻՍԵՖ.ի ընդհանուր տնօրէն Քաթրին Ռասէլի 2025 թուականին մարդասիրական օգնութիւններուն զեկոյցի մեկնարկի մասին կատարած յայտարարութեան մէջ ուր կը նշուի, որ եղանակային ծայրայեղ պայմանները, ներառեալ ջրհեղեղներ, փոթորիկները, օրական տեղահանումի պատճառ կը դառնան աւելի քան 20000 անչափահասներու։
ԻՒնԻՍԵՖ-ի ընդհանուր տնօրէնի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Կազայի մէջ սպաննուած են գրեթէ 40 հազար Պաղեստինցիներ, որոնց 60 հարիւրը կիներ եւ մանուկներ են ու Կազայի մէջ գրեթէ 1,1 միլոն մանուկներ պահանջը ունին մարդասիրական եւ ողջ մնալու օգնութեան։
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ վերջին պատերազմին ընթացքին զոհուած են աւելի քան 240 մանուկներ եւ վիրաւորուած շուրջ 1400 հոգի ու պատերազմը խաթարած է անթիւ անձերունկեանքը։
Սուտանի մէջ պատերազմին պատճառով, 24 միլիոն երեխաներու գրեթէ կէսը կարիքը ունի հրատապ օգնութեան նշուած է ԻՒնԻՍԵՖ-ի ընդհանուր տնօրէնին յայտարարութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ