Որոնել

Ռուբէն Վարդանեան Ռուբէն Վարդանեան 

Միացեալ Նահանգները Ռուբէն Վարդանեանի եւ միւս Հայ գերիներուն գծով քայլերու կը ձեռնարկէ

Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ հետեւողականօրէն կոչ ուղղել Ատրպէյճանին` յարգելու մարդու իրաւունքները, որոնց կարգին՝ բանտարկեալներու հիմնարար իրաւունքները եւ ազատութիւնները, եւ պիտի շարունակէ այդ ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկել:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր, պատասխանելով  լրագրող Հայկարամ Նահապետեանի հարցումին՝ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ պահուող հայ բանտարկեալներու ճակատագիրին, մասնաւորապէս` անոնց հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ ամերիկեան վարչակազմին ձեռնարկած գործողութիւններուն մասին՝ ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ հետեւողականօրէն կոչ ուղղել Ատրպէյճանին` յարգելու մարդու իրաւունքները, որոնց կարգին՝ բանտարկեալներու հիմնարար իրաւունքները եւ ազատութիւնները, եւ պիտի շարունակէ այդ ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկել:

«Երբ խօսքը կը վերաբերի Ատրպէյճանի մէջ պահուող բանտարկեալներու կարգավիճակին, առանց որեւէ յստակ դէպքի մասին խօսելու, դուք տեսած էք, որ մենք հետեւողականօրէն կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանին` յարգելու իր երկրին մէջ գտնուող բոլոր անձերուն մարդու իրաւունքները եւ հիմնարար ազատութիւնները, որոնց կարգին բանտարկեալներու: Դուք տեսած էք, որ մենք քայլերու կը ձեռնարկենք, երբ տեսնենք, որ Ատրպէյճան չի յարգեր իր երկրին մէջ բոլոր անձերուն մարդու հիմնարար իրաւունքները, եւ մենք պիտի շարունակենք վարել այդ քաղաքականութիւնը», ըսաւ Միլըր։

Նահապետեան  մասնաւորապէս օրինակ բերաւ Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար բանտարկուած Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբանը` Ճերետ Կենսըրը, որուն Ատրպէյճան չ՛արտօներ մտնել երկիրը, ինչ որ անկարելի կը դարձնէ Վարդանեանի պաշտպանութիւնը եւ կը խախտէ անոր հիմնարար իրաւունքները:  

Նահապետեան նաեւ հարցուց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին՝  նախորդ շաբաթ Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին արդեօք քննարկուա՞ծ են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող գործընթացը։ Միլըր` առանց մանրամասնութիւններ տալու դիւանագիտական զրոյցներուն մասին՝ ըսաւ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն շուրջ Միացեալ Նահանգները կանոնաւոր կերպով կապի մէջ է երկու երկիրներուն պաշտօնատարներուն հետ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2024, 08:10