Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Piano Concerto for The left hand
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
2025.02.04 Premio Al Zayed Abu Dhabi

Զայետ մրցանակի 2025ի դափնեկիրները՝ խաղաղութեան նոր պատուիրակներ եւ յոյս ստեղծողներ

Այսօր՝ 4 Փետրուարին՝ Եղբայրութեան Միջազգային Օրը, Ապու Տապիի կը կայանայ «Մարդկային եղբայրութեան Զայետ մրցանակ»ի դափնեկիրներուն տուչութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ Պարպատոսի վարչապետ Միա Մոթլիին, 15ամեայ գիւտարար Հեման Պեքելեին եւ «World Central Kitchen» մարդասիրական կազմակերպութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

2025 թուականի 4 Փետրուարին, Միացեալ Ազգերու կողմէ ճանչցուած Մարդկային Եղբայրութեան Միջազգային Օրը, Ապու Տապիի մէջ «Zayed Award for Human Fraternity - Մարդկային եղբայրութեան Զայետ մրցանակ»ի վեցերորդ հրատարակութեան ծիրէն ներս, կը կայանայ մրցանակի տուչութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը։

2025 թուականի դափնեկիրները

Դափնեկիրներն են՝ Պարպատոսի վարչապետ Միա Մոթլին, 15ամեայ եթովպացի ամերիկացի գիւտարար Հեման Պեքելէն եւ «World Central Kitchen» կազմակերպութիւնը՝ կլիմայական փոփոխութիւններու վնասը սահմանափակելու, քաղցկեղի կանխարգելման ոլորտէն ներս գիտափորձերու, Կազայի բնակչութեանը մարդասիրական օգնութեան համար:

Միա Մոթլի

Միա Մոթլին մրցանակի արժանացած է որպէս Պարպատոսի վարչապետ կլիմայի փոփոխութեան ծիրէն ներս իր վճռական գործողութիւններու համար: 2022 թուականին անոր՝ «Bridgetown» նախաձեռնութիւնը, «հրատապ եւ վճռական գործողութիւններ իրականացնելու» կոչ էր։ Բացի այդ, ան պարտաւորութիւն ստանձնած է մինչեւ 2030 թուականը Երկիրը ամբողջութեամբ վերականգնուող ուժանիւթի հասցնելու։

«World Central Kitchen»

«World Central Kitchen» մարդասիրական կազմակերպութիւնը ճանչցուած է մարդասիրական ճգնաժամերէն տուժած համայնքներուն պարենային օգնութիւն տրամադրելու իր աշխատանքի համար: 2010 թուականին իր հիմնադրումէն ի վեր՝ կազմակերպութիւնը տրամադրած է աւելի քան 300 միլիոն սնունդ աշխարհի 30 երկիրներու մէջ, ներառեալ՝ 100 միլիոն սնունդ Կազայի պաղեստինցիներուն՝ 2023ի հոկտեմբերէն ի վեր։

Հեման Պեքելէ

Մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ 15ամեայ եթովպացի ամերիկացի Հեման Պեքելէի կերպարը։ Երիտասարդ գիւտարարը մշակած է էժան օճառ՝ վաղ փուլերու ատեն մաշկի քաղցկեղը կանխելու եւ բուժելու համար: Ներկայիս արտադրանքը փորձարկման փուլի մէջ է ԱՄՆ Ճոնս Հոփքինս Պլումպերկի հանրային առողջութեան դպրոցին մէջ:

Խաղաղութեան պատուիրակներ եւ յոյս ստեղծողներ

Մարդկային եղբայրութեան մրցանակը անկախ եւ ամէնամեայ միջազգային մրցանակ է, որուն Քննիչ յանձնաժողովի կազմը տարեցտարի կը փոփոխուի։ Անոր ընդհանուր քարտուղար Մոհամմատ Ապտելսալամի խօսքերով այս տարուայ դափնեկիրները «մարդկային եղբայրութեան նոր դեսպաններ» չեն միայն, այլեւ «խաղաղութեան նոր պատուիրակներ եւ յոյս ստեղծողներ, որոնց կարիքը մենք շատ ունինք»։

Նշենք թէ՝ ըլլայ Զայետ մրցանակի (Փետրուար 2019), ըլլայ Մարդկային եղբայրութեան Միջազգային Օրուայ (21 Դեկտեմբեր 2020) հիմնադրման համար հիմք հանդիսացած է Ապու Տապիի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհարի աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպի միջեւ պատմական հանդիպումը եւ անոնց միջեւ ստորագրուած «Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթ»ը (Փետրուար 2019), որուն գլխաւոր նպատակն է մեղմացնել անհաւասարութիւնները եւ խթանել մարդկանց միջեւ իրական կապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2025, 12:14
Prev
March 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031     
Next
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930