Յորդանան Քրիստոնէութեան արշալոյս. Տիար Ռոստոմ Մխճեանի վկայութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ` 31 Յունուար 2025ին Հռոմի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Յորդանան Քրիստոնէութեան արշալոյս» խորագիրով ցուցահանդէսին, որ բաց պիտի մնայ մինչեւ 28 Փետրուար 2025, նպատակ ունենալով Հռոմի մէջ տօնախմբել Յորդանանի Քրիստոնէական Ժառանգութիւնը։
Ցուցահանդէսը կը համընկնի Յորդանանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30ամեակի եւ 1964 թուականին Սուրբ Պօղոս Զ Պապի Մերձաւոր Արեւելքի այդ Երկիր կատարած այցի տարեդարձին հետ:
Կազմակերպիչներն են Յորդանանի Զբօսաշրջութեան եւ հնութիւններու նախարարութիւնը եւ Զբօսաշրջութեան վարչութիւնը։
Ցուցահանդէսը կ՛արժեւորէ Երկիրի հինգ սուրբ վայրերը ՝ Մաղթասը, Յիսուսի մկրտութեան վայրը, Նեպօ լեռը, Լեռան Տիրամայր եկեղեցին, Թել Մար Էլիասը եւ Մաքարիոսը, որոնցմէ իւրաքանչիւրն ունի կարեւոր կրօնական եւ պատմական նշանակութիւն։ Նշենք թէ՝ շատերու կողմէ «քրիստոնէութեան օրրան» համարուող Յորդանանի 11 միլիոնանոց բնակչութեան շուրջ 4 առ հարիրը քրիստոնեաներ են։
«Այս ցուցահանդէսով մենք կ՛ուզենք աշխարհին յիշեցնել որ Քրիստոնէութիւնը ծնունդ առաւ ճիշտ մեր տարածաշրջանին մէջ։ Յորդանանի մէջ է որ Յիսուս մկրտուեցաւ Սուրբ Յովհաննէսի կողմէ, սկիզբ տալով Քրիստոնէութեան տարածումին համայն աշխարհին մէջ» ըսաւ Ցուցահանդէսի բացման առիթով Յորդանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Տիկ Լինա Աննապը։
Ան ապա աւելցուց. Մեր պատգամը յստակ է. Քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Յորդանանի մէջ, երկրորդական իրականութիւն մը չէ, այլ էական մաս է մեր ինքնութեան ու մեր ընկերութեան։ Մեզի համար հաճելի է մեր երկիրը ներկայացնել `որպէս խճանկար մը, արուեստի հրաշալի գործ մը, որ կարող է կատարեալ ըլլայ միայն եթէ այդ խճանկարին բոլոր սքանչելի կտորները միացած կը մնան՜
«Այսօր Յորդանանի մէջ քրիստոնեաներն ու իսլամներ կը կիսեն առօրեայի նոյն կեանքը, քով քովի։ Այս է մեր ինքնութիւնը...եւ Յորդանանի քրիստոնեաները յանձնառու են պահպանելու իրենց արաբական քրիստոնէական ժառանգութիւնը, եւ այս մէկը կ՛ուզենք նաեւ ի յայտ դնել այս ցուցահանդէսի միջոցաւ» ըսաւ միշտ Տիկ Աննապը ապա հաստատեց. Յորդանանի մէջ Քրիստոնեաներն ու Իսլամները կը կազմեն ներդաշնակ հասարակութիւն մը որ կը շրջանցէ կրօնական ու մշակութային տարբերութիւնները եւ ահա մենք կ՛ուզենք ընդգծել ու տարածել այս էական ու հիմնարար երեւոյթը»։
Յայտնենք որ Յորդանանի քրիստոնէական ժառանգութեան նուիրուած Հռոմի մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի բացման արարողութիւններուն ներկայ էր նաեւ Յորդանանի մէջ Յիսուսի մկրտութեան աւազանի տնօրէն` Տիար Ռոստոմ Մխճեան, որուն հետ առիթը ունեցանք զրուցելու ու մեզի տուաւ սոյն վկայութիւնը.
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ